Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալիոյ մէջ համաճարակը ծնունդ առած Քոտոնիօ շրջանի. «Ամպրոսոլի» անուան դպրոցի պատասխանատուներն ու աշակերտները

Ոչ մէկ ժահր կրնայ դադրեցնել աշակերտներու եւ ուսուցիչներու միջեւ բարի կապերը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 22 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ, Վատիկանի մէջ ընդունեց Իտալիոյ Քոտոնիօ շրջանի «Ամպրոսոլի» անուան դպրոցի պատասխանատուներն ու աշակերտները։

Ունկնդրէ լուրը

Հանդիպումի ընթացին արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց այցելութեան համար, նշելով որ սոյն հանդիպումը տեղի պիտի ունենար անցեալ տարի Փետրուար ամիսը, սակայն՝ համաճարակի պատճառաւ, որ սկիզբ առաւ Իտալիոյ Քոտոնիօ շրջանէն յետաձգուեցաւ ։

Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց, որ սոյն դպրոցի անդամներու հետ հանդիպումը կարեւոր է, որովհետեւ համաճարակի մարզէն ներս կը ներկայացնեն յոյսի նշան մը, նախ եւ առաջ որովհետեւ դպրոց մըն է՝ կրթական վայր մը երկրորդ յատուկէն հաստատութիւն մը, որ անմիջականօրէն երիտասարդները կը պատրաստէ գործի, որ զոհ դարձաւ այս համաճարակին ։

Ֆրանչիսկոս Պապ դարձեալ շեշտեց որ յիշեալ դպրոցի անդամները յոյսին նշան են որովհետեւ երբեք չկորսնցուցին իրենց քաջ հոգին։ Ան ապա անդրադառնալով ուսուցիչներու եւ աշակերտներու միջեւ յարաբերութեան,  փորձառութիւններուն, որոնք փաստեն, թէ երբ ուսուցիչները կը կապուին աշակերտներուն երազներու հետ, ոչ մէկ ժահր կրնայ դադրեցնել զանոնք։

«Դուք երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ, ձեր մէջ ունիք ուժ մը, փափաք մը որ երբ կը խրախուսուի եւ կ՝առաջնորդուի իմաստութեամբ եւ սիրով չափահասներու կողմէ , անակընկալ պտուղ կու տան։ ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց համաճարակի ժամանակահատուածին, աշակերտներու միջեւ ու աշակերտներու եւ ուսուցիչներուն միջեւ յարաբերական հարթակին նշելով ,որ անիկա անկում արձանագրեց, հեռաւոր ուսուցման հետեւանքով, մաղթելով որ արագօրէն այդ յարաբերութիւնները վերահաստատուին։
Հրաւիրեց որ այդ բացասական փորձառութենէն սորվին բան մը, իսկական միջ անձնական յարաբերութեան կարեւորութիւնը եւ ոչ թէ թուային կապը։ «Դուք երիտասարդներ ու երիտասարդուհիները, թուայնային ընկերութեան զաւակներ էք, որ բացիք ճանաչողութեան եւ հաղորդակցութեան նոր ուղիներ, սակայն լաւ գիտենք որ կայ վտանգ մը՝ ինքնափակումի եւ իրականութիւնը տեսնելու զտիչի միջոցաւ ,որ միայն յայտնապէս կ՝աճեցնէ մեր ազատութիւնը»։ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, մաղթելով որ համաճարակի փորձառութիւնը դաս ըլլայ թուայնաին միջոցները, մեր կամքի եւ իմաստութեան ենթակաները դարձնելու։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց մաղթելով այս տարուան բարի դպրոցական աւարտ, ոչ միայն նիշերու գետնի վրայ այլեւ դէմքերու գետնի վրայ։ մաղթելով որ իւրաքանչիւր աշակերտ Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնէ դպրոցի հնարաւորութեան համար ։ Նորին Սրբութիւնը ապա շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւն խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2021, 12:00