Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյեն  Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյեն  

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյեն 

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 22 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, Վատիկանի Առաքելական պալատէն ներս ընդունեց Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյեն , նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ, ընկերակցութեամբ Պետութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար գերապայծառ Փոլ Կալլակերին, լուրը հաղորդեց Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ կը նշուի թէ յիշեալ հանդիպումները տեղի ունեցած են սիրալիր մթնոլորտի մէջ որոնց ընթացքին գնահատուած է երկողմանի բարի յարաբերութիւնները՝ յատուկէն երկու կողմերու միջեւ կառուցուածքային երկխօսութեան զարգացումի շնորհիւ, ինչպէս նաեւ ընթացքի մէջ գտնուող սուրբ Աթոռի եւ Եւրոպական միութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններուն հաստատման 50 ամեակի լոյսի ներքոյ։

Քննարկումի նիւթ եղած է Եւրոպայի մէջ մարդկային եւ ընկերային զարգացումի նիւթը, երկու կողմերը յուզող հարցերը ինչպէս համաճարակի, ընկերային, գաղթականութեան, կլիմայի փոփոխութեան ինչպէս նաեւ միջին արեւելքի հայող խնդիրներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2021, 12:35