Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Զուիցերիոյ համադաշնութեան նախագահը ապա Փերույի Հուարի թեմի օգնական եպիսկոպոսը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 6 մայիսին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ տեղեկացուց թէ այսօր Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Զուիցերիոյ համադաշնութեան նախագահ տիար Կայ Փարմելինը, նախագահը ապա հանդիպեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիերթրօ Փարոլինի հետ, ընկերակցութեամբ պետութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղար գերապայծառ Փոլ Կալլակերին։

Հանիպումի ընթացքին քննարկումի նիւթ եղան ,Քահանայապետական զուիցերական պահակագունդի նոր անդամներու երդման արարողութեան ծիրէն ներս քահանայապետական պահակագունդի վեհանձն ծառայութիւնն ինչպէս նաեւ Սուրբ Աթոռի եւ Զուիցերական համադաշնութեան միջեւ երկկողմանի բարի յարաբերութիւններն ու պտղաբեր գործակցութիւնը։

Փերույի Հուարին թեմի օգնական եպիսկոպոս` գերապայծառ Ճորճօ Պարպեթանը Քահանայապետին մօտ

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ որ այսօր առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Փերույի Հուարին թեմի օգնական եպիսկոպոս գերապայծառ Ճորճօ Պարպեթան որ Հռոմ ժամանած է ընկերակցութեամբ թեմի կարգ մը քահանաներուն, ներկայ գտնուելու համար Միսիոնարուհի Նատիա Մունարիին յուղարկաւորութեան արարողութեան որ տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 5 մայիսին։

Միսիոնարուհի Նատիա Մունարին սպաննուեցաւ ապրիլ ամսոյն վերջաւորութեան աղքատներու ու կարիքաւորներու ծառայութիւն մատուցանելու ժամանակ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2021, 14:22