խաչ խաչ 

Մօտիկ ապագային երանելի պիտի հռչակուի Քոյր Ակուքիդա

Նորին Սրբութիւնը արտօնութիւն տուաւ հրապարակելու սուրբերու դատի ժողովի նոր մարտիրոսներու եւ Աստուծոյ ծառաներու մարտիրոսական առաքինութիւններու հայող հրամանագիրերը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 22 մայիսին, ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ կարդինալ Մարչելօ Սեմերարոն, որուն արտօնութիւն տուաւ հրապարակելու սուրբերու դատի ժողովի Աստուծոյ աղախաին քոյր Աքուկիդայի  երանացման ու այլ Աստուծոյ ծառաներու մարտիրոսական առաքինութիւններու հայող հրամանագիրերը։

Մօտիկ ապագային երանելի պիտի հռակուի Աստուծոյ աղախին Մարիա Ակոսթինա Ռիվասին Աւազանի անունով քոյր Ակուկիթա, որ եղած է կրօնաւորուհին ու կը պատկանէր Բարի Հովիւին սիրոյ տիրամօր միաբանութեան։ Ան ծնած է Փերու, 13 յունիս 1920ին, եւ մահացած է 27 սեպտեմբեր 1990ին։

Ֆրանչիսկոս Պապ արտօնութիւն շնորհեց հրապարակելու հետեւեալ Աստուծոյ ծառաներու եւ աղախիններու մարտիրոսական առաքինութիւններու հայող հրամանագիրերը։
Աստուծոյ ծառայ Ֆէլիչէ Քաննելի, Աստուծոյ ծառա Պերնարտօ Տէլլա Մատրէ, Աստուծոյ ծառայ Մարիանօ Կազփիօ Էզքուրա, Ասուծոյ աղախին, Քոլոմպա Տի Ժէզու Օսթիա, Աստուծոյ աղախին Անթոնիա Լեզինօ եւ Աստուծոյ աղախին Ալեսանտրա Պալինթ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2021, 11:01