Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապը ստորագրած է մաֆիայի զոհ Ռոզարիօ Անճելօ Լիվաթինոյի մասին հրատարակուած նոր գրքին նախաբանը։

Սրբազան Պապը կը դրուատէ Լիվաթինոյի կերպարը իբր օրինակ բոլոր անոնց որոնք կը գործեն արդարադատութեան բնագաւառէն ներս։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ռոզարիօ Անճելօ Լիվաթինօ ծնած է 1952 թուականի հոկտեմբեր 3ին։ Ան իբր դատաւոր իր կոչումը կատարած է քրիստոնէական սկզբունքներու համաձայն հետեւողական կեցուածք ցուցաբերելով։ Լիվաթինօ սպանուած է 21 սեպտեմբեր 1990ին, Սիկիլիայի մաֆիայի ձեռքով։

Ունկնդրէ լուրը

Փամփուշտներէն այլակերպած դէմքով, «մանուկ Յիսուսի» նման՝ ինչպէս բարեկամ մը կը նկարագրէր, մահացող դատաւորին վերջին խօսքերն էին. «Փիչոթթի, ես քեզի ի՞նչ ըրած եմ»։ Ֆրանչիսկոս Պապ կը գրէ. «Ասոնք խօսքերն էին մահացող մարգարէի մը, որ կ՚արտայայտէր արդարի մը գանգատը, որ գիտակից էր թէ արժանի չէր այդ անարդար մահուան։» Խօսքեր, որոնք կ՚աղաղակէին մեր ժամանակներու Հերովդէսներուն դէմ, անոնց դէմ, որոնք չեն քաշուիր նոյնիսկ պատանիներ շահիլ զանոնք պատրաստելու իբր մարդասպաններ։

Այդ խօսքերը աղաղակ էին ցաւի եւ միաժամանակ աղաղակ ճշմարտութեան, որ իր զօրութեամբ կը ոչնչացնէ մաֆիյաի բանակները, բացայայտելով մաֆիայի կողմէ Աւետարանի ժխտումը, հակառակ սրբապատկերներու եւ սրբազան արձաններու դարաւոր ցուցադրութեան։

Սրբազան Պապը կը դրուատէ Լիվաթինոյի կերպարը իբր օրինակ բոլոր անոնց որոնք կը գործեն արդարադատութեան բնագաւառէն ներս։

Ապա ան կը յիշէ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի 1993 Սիկիլիա կատարած այցելութեան առիթով ըսած խօսքերը. «Այս ձեր հողին վրայ թող համերաշխութիւն ըլլայ։ Համերաշխութիւն՝ առանց մահացեալներու, առանց մարդասպաններու, առանց վախի, առանց սպառնալիքի, առանց զոհերու։ Թող ըլլայ համերաշխութիւն։ Այս համերաշխութիւնը, այս խաղաղութիւնը որուն կը ձգտի ամէն ժողովուրդ եւ մարդկային իւրաքանչիւր անձ եւ իւրաքանչիւր ընտանիք։ Տառապանքի երկար ժամանակներէ ետք վերջապէս իրաւուքն ունիք ապրելու խաղաղութեան մէջ։ Եւ անոնք, որոնք յանցաւոր են այս խաղաղութիւնը խաթարելով, անոնք, որոնք իրենց խղճին վրայ ունին մարդկային շատ մը զոհեր, պէտք է հասկնան, որ թոյլատրելի չէ սպանել անմեղներ։ Աստուած ըսած է ՚մի՛ սպաներ՚. մարդ արարածը կամ որեւէ մարդկային համախմբում, ինչպէս մաֆիան, չի կրնար փոխել եւ ոտնակոխ ընել Աստուծոյ այս ամենասուրբ իրաւունքը։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2021, 13:56