Սալեզեանները Վատիկանի մէջ Սալեզեանները Վատիկանի մէջ 

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը հրապարակեց "Antiquum ministerium" («Վաղեմի պաշտօնատարութիւն») տիտղոսով ինքնաբուխ գիր մը։

Քրիստոնէականի ուսուցիչի աշխարհական ծառայութիւնը կոչում է, եւ հարկաւոր է որ ընտրութեան մէջ եպիսկոպոսը կատարէ պահանջուած զատորոշումը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը երեքշաբթի 11 մայիսին հրապարակեց "Antiquum ministerium" (Վաղեմի պաշտօնատարութիւնը) տիտղոսով ինքնաբուխ գիր մը, որով կը հաստատէ քրիստոնէականի ուսուցիչներուն շնորհուած պաշտօնի տուչութիւնը եկեղեցական իշխանութեան կողմէ։

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Պապը կարեւոր կը նկատէ կրօնուսոյցներունծառայութիւնը, նկատի առնելով ներկայ ժամանակի աւետարանացման հրատապ խնդիրը։ Ան ուշադրութեան կը յանձնէ, թէ ի տես համաշխարհայնացած մշակոյթի մը, հարկաւոր է ճանչնալ աշխարհական այրերու եւ կիներու ներգրաւումը, որոնք իրենց մկրտութեան զօրութեամբ կոչուած կը զգան համագործակցելու քրիստոնէականի ուսուցման ծառայութեան մէջ։ Սրբազան Պապը կ՚ընդգծէ հարկաւորութիւնը «երիտասարդ սերունդի հետ վաւերական հանդիպումի մը», ինչպէս նաեւ կարիքը ստեղծագործ մեթոտներու եւ միջոցներու, որոնք համաշունչ Աւետարանի հռչակումին՝ ընթացք կու տան Եկեղցեւոյ հաւատքի աւանդումին առաքելութեան։

Ինքնաբուխ գիրը բովանդակութիւնը հին արմատներ ունի։

«Նոր ծառայութիւնը» շատ հին արմատներ ունի։ Արդէն Ղուկասի Աւետարանին եւ Պօղոս Առաքեալի Կորնթացիներու եւ Գաղատացիներու ուղղած նամակներուն մէջ կը տեսնենք վկայութիւններ այդ մասին։ Ապա Վատիկանեան Բ. Տիեզերական ժողովէն վերջ աւելցած է գիտակցութիւնը այն իրականութեան, թէ «քրիստոնէականի ուսուցիչի պարտականութիւնը գերագոյն կարեւորութիւն ունի, եւ հարկաւոր է քրիստոնէական հասարակութեան զարգացումին համար»։ Այսօր ալ շատ մը կարող եւ ժրաջան ուսուցիչներ կը կատարեն անփոխարինելի առաքելութիւն մը՝ հաւատքի աւանդման եւ խորացման աշխատանքին մէջ։ Անոնք կը ջամբեն քրիստոնէական հաւատքի գեղեցկութիւնը, բարիքը եւ ճշմարտութիւնը։

Քրիստոնէականի ուսուցիչը՝ իբր վկայ հաւատքի, դաստիարակ եւ ընկերակցող՝ կոչուած է տրամադրուելու հաւատքի աւանդման հովուական ծառայութեան, սկսեալ մկրտութեան, դրոշմի եւ հաղորդութեան Սուրբ Խորհուրդներու համար տուած պատրաստութեամբ մինչեւ մնայուն կազմաւորում։ Աշխարհականներու ծառայութիւնը այս մարզէն ներս կը շեշտաւորէ իւրաքանչիւր մկրտեալի միսիոնարական պարտականութիւնը, եւ պէտք է կատարուի ամբողջապէս աշխարհական մակարդակի վրայ, առանց իյնալու կղերակենդրոն դրսեւորումներու մէջ։

Քրիստոնէականի ուսուցիչի աշխարհական ծառայութեան կոչումը

Քրիստոնէականի ուսուցիչի աշխարհական ծառայութիւնը կոչում է, եւ հարկաւոր է որ ընտրութեան մէջ եպիսկոպոսը կատարէ պահանջուած զատորոշումը։ Քրիստոնէականի ուսուցիչի անուանումը կը կատարուի պատշաճ արարողութեամբ մը, զոր մօտ օրէն պիտի հրապարակէ Աստուածային Պաշտամունքի եւ Սուրբ Խորհուրդներու Ժողովը։ Ֆրանչիսկոս Պապ կը նկատէ, թէ քրիստոնէականի ուսուցիչները պէտք է ըլլան հաւատքի այր մարդիկ եւ կիներ՝ օժտուած մարդկային հասունութեամբ. պէտք է գործունեայ կերպով մասնակցին քրիստոնէական հասարակութեան կեանքին. ըլլան հիւրընկալ եւ առատաձեռն եւ ունենան կարողութիւն եղբայրական հասարակաց կեանք վարելու. ըլլան կազմաւորուած աստուածաշնչական, աստուածաբանական, հովուական եւ դաստիարակչական մարզերէն ներս. ունենան հաստուն փորձառութիւն քրիստոնէական վարդապետութեան մէջ. հաւատարմութեամբ համագործակցին քահանաներու եւ սարկաւագներու հետ, եւ վերջապէս ըլլան ոգեւորուած առաքելական խանդավառութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա կը հրաւիրէ եպիսկոպոսական ժողովները որ իրականացնեն քրիստոնէականի ուսուցչի ծառայութիւնը, հաստատելով կազմաւորման ծրագիր մը եւ իրագործումի անհրաժեշտ սկզբունքները՝ համաձայն ինքնաբուխ գիրին, որ կարելի է իրականացնել ըստ սեփական օրէնքի, նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու կողմէ։


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2021, 08:35