Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իրաքի արտաքին գործոց նախարարը։

Ֆրանչիսկոս Պապ երախտագիտութեամբ յիշեց Իրաքի մէջ արժանացած ջերմ ընդունելութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, մայիս 3ին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Ֆուատ Մոհամետ Հուսէյնը։ Այս մասին լուրը հաղորդեց սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն տիար Մաթէօ Պրունին հաստատելով որ այսօր առաւօտեան ֆրանչիսկոս Պապ ունկնրութիւն շնորհեց Իրաքի արտաքին գործոց նախարարին։

Շուրջ 30 վայրկեան տեւող հանդիպումին ֆրանչիսկոս Պապ երախտագիտութեամբ յիշեց Իրաք կատարած այցելութեան ծիրէն ներս արժանացած ջերմ ընդունելութիւնը, ապա իր սիրալիր ողջոյնները փոխանցեց Իրաքի ու բոլոր խաւերուն, վերանորոգելով իր մաղթանքը, որ իւրաքանչիւր անձ կարենայ աճիլ զօրակցութեան ու ուրիշին տկարութիւնը ճանչնալու կարողութեան մէջ։ նշեց Տիար Մաթէօ Պրունին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2021, 13:00