Ֆրանչիսկոս Պապին մայիս ամսուան աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը խնդէ, որ աղօթենք որպէսզի ֆինանսական կազմակերպութիւնները գործակցին պետութիւններու հետ, արդար, կայուն տնտեսութիւն կարգաւորելու համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Քահանայապետին աղօթքի համաշխարհային ցանց» կազմակերպութիւնը հրապարակեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին մայիս ամսուան առաքելական աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը։

Ունկնդրէ լուրը

Մայիս ամսուան աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը կ՝ընդգրկէ ֆրանչիսկոս պապին ֆրանչիկոս Պապին աղօթքը, որ այս ամիս կեդրոնացած է տնտեսականի, ելեւմուտքի վրայ։ Նորին Սրբութիւնը մտահոգ է այն գծով, որ երբ տնտեսութիւնը չէ կարգաւորուած, շահադիտութեան գործիք կը դառնայ բացառելով ու չպաշտպանելով մարդիկ։

Ասոր համար տագնապի մէջ գտնուող շատ մը տնտեսութիւններ եւ գործազուրկ անձեր այս աղօթքի դիտաւորութեան միջոցաւ կը հայցեն որ ելեւմուտքի ու տնտեսութեան պատասխանատուները գործակցին կառավարութիւններուն հետ ֆինասական շուկաները կարգաւորելու ու քաղաքացիները պաշտպանելու համար։

Այս հրատարակութիւնը կը վստահի մարդկային համապարփակ զարգացումի խորհուրդին վրայ ու Federcasse ընկերակցութեան զօրակցութեան վրայ։

Մէկ տարուան մէջ համաճարակի սկիզբէն ի վեր, զգալի դարձան համաշխարհային արդիւնքները, որոնց շարքին տնտեսականութիւնը եւ ֆինանսը։

Համաշխարհային համախառն ներքին արդիւնքը իր ամենամեծ փլուզումը ապրեցաւ 2020 թուականին՝ երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք։ Միլիոններով անձեր անգործ մնացին ու պետութիւնները միլիարտ տոլարներ ներարկեցին իրենց տնտեսութիւններուն մէջ աւելի մեծ վնասներէ խուսափելու համար։ «Նշուած է Քահանայապետին աղօթքի ցանց» կազմակերպութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ մայիս ամսուան տեսերիզն մէջ ըսաւ.

«Մինչ իսկական տնտեսութիւնը, այն որ աշխատանք կը ստեղծէ տագնապի մէջ է, որքան մարդ առանց աշխատանք մնացած է։ Տնտեսական շուկաները երբեք այսքան տագնապի չեն մատնուած, որքան հիմա։

Ինչքան հեռու է տնտեսական աշխարհը մարդկութեան կեանքէն։

Տնտեսութիւնը, եթէ չկարգաւորուի, կը դառնայ յստակ շահադիտութիւն՝ հրահրուած քաղաքական դրամական քաղաքականութենէն։ Այս իրավիճակը անկայուն է։ Վտանգաւոր է։

Որպէսզի աղքատները չվերադառնան վճարելու հետեւանքները, ֆինասնական շահարկումները պէտք են խստօրէն կարգաւորուին։

Շահադիտութիւն։ Կ՝ուզեմ ընդգծել այս բառը։

Տնտեսութիւնը ծառայութեան գործիք թող դառնայ, միջոց մը՝ անձերը ձառայելու եւ հասարակաց տան խնամք տանելու համար։

Մենք դեռ ժամանակ ունինք սկսելու համաշխարհային փոփոխութիւններու գործընթացը՝կիրարկելու համար աւելի արդար, ներառական, կայուն տնտեսութիւն, որ ոչ մէկը ետին կը թողու։

Կատարենք այս, ու աղօթենք որպէսզի տնտեսութեան պատասխանատուները համագործակցին պետութիւններուն հետ, կարգաւորելու համար տնտեսական շուկաները ու պաշտպանելու վտանգի մէջ գտնուող քաղաքացիները։» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ տեսերիզին մէջ։

 


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2021, 16:00