Երանելի Շարլ Տէ Քուքօ Երանելի Շարլ Տէ Քուքօ 

Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ կարգ մը երանելիներու սրբադասման դատի հայող կարդինալական ժողով։

Սուրբ պիտի հռչակուին վեց երանելիներ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, մայիս 3-ին, Վատիկանի առաքելական պալատին Քոնչիսթիրօ դահլիճին մէջ ֆրանչիսկիս Պապ նախագահեց երրորդ ժամու ժամասացութեան եւ կարգ մը երանելիներու սրբադասման դատի հայող կարդինալան ժողովին։ Երանելիներու շարքին են.

Երանելի Լածարօ Տեվասահայամ, ան եղած է աշխարհական մարտիրոս մը։

երանելի Սէսար Տէ Պուս։ Ան եղած է քահանայ ու հիմնած է քրիստոնէական վարդապետութեան հայրերու ժողովը։

երանելի հայր Լուիճի Մարիա Փալացոլօ։ ան հիմնած է աղքատ քոյերու միաբանութիւնը,

Երանելի հայր Ճուսթինօ Մարիա Ռուսոլիլօ։ Ան հիմնած է Աստուածային կոչումներուն ընկերակցութիւնը եւ աստուածային կոչումներու մայրապետներուն ժողովը։

Երանելի հայր Շարլ Տէ Քուքօ։

Երանելի Մարիա Ֆրանչէսքօ Տի Ժէզու։ Ան հիմնած է Լուանոյի Քափուչիններուն երրորդ միաբանութիւնը։

Երանելի Մարիա Տոմէնիքա Մանթովանի, ան համահինադիրնէ, Սուրբ Ըտանիքի փոքրիկ քոյերու միաբանութեան։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2021, 11:44