Ֆրանչիսկոս Պապ Ղազար ընկերակցութեան անդամներու հետ։ Դիւանէն առնուած լուսանկար։ Ֆրանչիսկոս Պապ Ղազար ընկերակցութեան անդամներու հետ։ Դիւանէն առնուած լուսանկար։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Ղազար» ընկերակցութեան անդամները։

Ծառայելով ուրիշներուն, ՝Տիրոջ ծառայած կ՝ըլլանք։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 21 մայիսին, ֆրանչիսկոս Պապ, Վատիկանի մէջ ընդունեց “Lazare” ընկերակցութեան անդամները, ընկերակցութեան հիմնադրութեան տասներորդ ամեակի առիթով։
Այս առթիւ ներկաներուն փոխանցած գրաւոր պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւն նշեց, որ վերոնշեալ ընկերակցութիւնը հիմնուած է պարզ սկզբունքներուն վրայ, ինչպէս , « սիրուած անձեր ու ուրիշներուն հետ ապրիլ պարզութեան մէջ։»

Ունկնդրէ լուրը

«Հանդիպելով ուրիշներուն ու կազմելով նոր ընտանիք մը ուր համերաշխութիւն եւ ուրախութիւն կը տիրէ՝ մասնակցած կ՝ըլլաք եկեղեցւոյ առաքելութեան՝ երթալու դէպի ընկերութեան արուարձանները։
Գոյութենական արուարձանները Աստուծոյ սիրտին կեդրոնն է։ Յիսուս ուզեց հասնիլ մեր գոյութենական արուարձանները։ ըսաւ Սրբազան Հայրը մատնանշելով, որ ծառայելով ուրիշներու ՝Տիրոջ ծառայած կ՝ըլլանք։

Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց սփռել յոյսի եւ սիրոյ ճրագը։ Ըլլալ Աստուծոյ քնքշութեան վկաները, եսասիրութեան ու աղքատները արհամարհող մշակոյթէն ներս։ Ան նկատել տուաւ որ Աստուծոյ աչքերու դիմաց բոլորս պարգեւներ ենք, մեր դէմքերուն վրայ կայ Քրիստոսի տառապող դէմքը, որ կը հրաւիրէ ունենալ բաց եւ սիրով լեցուն սիրտ մը։
Խրախուսեց դառնալ այդ մարդիկ ու կիներ կարող մխիթարելու եւ ամոքելու վէրքերը, տալու լաւագոյնը կեանքի ու որեւէ պահ ապրիլ իբրեւ շնորհք։Յորդորեց ընկերակցութեան անդամները հաւատարիմ մնալու իրենց նպատակներուն ընդգծելով, որ կարիքը կայ կառուցելու աշխարհ մը , եղբայրական յարաբերութիւններով ընկերութիւն մը, որ լի է կեանքով։

Սրբազան Հայրը ճառը աւարտեց ընկերակցութեան անդամներն ու անոնց հարազատները յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի եւ Սուրբ Ղազարի բարեխօսութեան, շնորհելով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնը ու խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2021, 11:54