Դպիրներու դասընթացք Դպիրներու դասընթացք 

Ֆրանչիսկոս Պապ դպիրներէն խնդրեց, որ սուրբ ըլլան հեռանալով միջակ կեանքէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց չհետեւիլ բացասական անձերու օրինակին, այլ շարունակել լոյս, ու յոյս սփռել որոնք կը յառաջանան Աստուծմէ ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆաթիմայի սրբավայրին դպիրներու ազգային ուխտագնացութեան 25րդ ամեակի առիթով ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը մը յղեց Պրականքա Միրանտա թեմի եպիսկոպոս գերապայծառ Խօսէ Կարսիա Քորտէյրոյին։

Ունկնդրէ լուրը

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը քաջալերեց դպիրները նայելու Սուրբ Յովսէփին, որ պաշտպանն է Յիսուսի եւ Սուրբ ընտանիքին՝ տիրոջ հասնելու համար։

Քաջալերեց դպիրները որ ամէն ջանք թափեն Յիսուսի հետ հանդիպելու համար, Յիսուսի իրենց մտածումներն ու ժամանակը նուիրելու համար որովհտեւ տէրը երբեք պիտի չհրաժարի իրենց վարձատրելէ տալով իսկական ուրախութիւն ու զգացնելով լիակատար երջանկութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ խրախուսեց չ՝յինալ միջակութեան մէջ, որ կեանքը կը ներկէ մոխրագոյն գոյնով, այլ պէտք է կեանքի նուիրել կեդրոնական իտէալներուն։

Ան յորդորեց չհետեւիլ բացասական անձերու օրինակին, այլ շարունակել լոյս, ու յոյս սփռել որոնք կը յառաջանան Աստուծմէ ։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ այդ յոյսը երբեք յուսահատութեան չմատներ,։ Աստուծոյ հետ ոչ մէկ բան կը կորսուի, սակայն առանց Աստուծոյ ամէն բան կորսուած է ։

ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց հրաւիրելով դպիրները սուրբ Յովսէփի Բարեխօսութեան հայցեն ու ժողովրդապետները դառնան հայրեր, վարդապետներ ,վկաներ սուրբ հաղորդութեան ողորմածութեան եւ կեանքի սրբութեան։ 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2021, 12:46