«Laudato si» հարթակի մեկնարկի առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամը։

«Կայ յոյս։ Բոլորս կարող ենք համագործակցիլ, իւրաքանչիւրը իր սեփական մշակոյթով ու փորձութիւններով, ամէն մին իր կարողութիւններով եւ ձեռնարկներով, որպէսզի մեր Մայր հողը վերադառնայ իր նախնական գեղեցկութեան ու արարչութիւնը կրկին սկսի փայլիլ Աստուծոյ ծրագրի համաձայն»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 25 Մայիսի առաւօտեան ժամը 11.30-ին Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակի ժողովասրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս նուիրուած Քահանայապետի «Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականի հինգերորդ տարեդարձին առթիւ անցեալ տարի հռչակուած Յատուկ Տարուան եզրափակումին եւ «Գովեալ Ըլլաս»ի ձեռնարկներու նուիրուած նոր հարթակի մը մեկնարկին։

Մամլոյ Ասուլիսի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ ի մէջ այլոց Կարդինալ «Փիթըր Թուրքսըն» Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան Ժողովին կառավարիչը։

Հոգ տանիլ Մայր հողին

Վերոնշեալ նոր հարթակի մեկնարկին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը հանդէս եկաւ լսատեսողական պատգամով մը, որուն սկիզբը Ան բացատրեց թէ «2015-ին հրապարակուած «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականով ինք բոլոր բարի կամք ունեցող մարդիկը հրաւիրած էր «հոգ տանելու Մայր հողին` որ մեր հասարակաց տունն է»։

«Երկար ժամանակէ ի վեր մեզ հիւրընկալող այս տունը կը տառապի բազմաթիւ վէրքերուն համար, զոր պատճառեցինք գիշատիչ մեր վերաբերմունքով, որ մեզ զգալ կու տայ մոլորակի ու անոր կենսամիջոցներուն տէրը ու մեզ կը լիազօրէ անպատասխանատու կերպով օգտագործելու այն բարիքները, զոր Աստուած մեզի պարգեւեց» նշեց ապա Քահանայապետը դիտել տալով, որ «այսօր այս վէրքերը ողբերգական կերպով կը յայտնուին աննախադէպ բնապահպանական ճգնաժամի մէջ, որ կը հայի հողին, օդին, ջուրին, եւ ընդհանրապէս բնապահպանական համակարգին, որուն մէջ կ՛ապրին մարդ արարածները»։

Կարիքը կայ նոր բնապահպանական մօտեցումի 

«Ներկայի համաճարակը աւելի զօրեղ կերպով ի յայտ դրաւ բնութեան ու աղքատներուն ճիչը, որոնք աւելիով կը կրեն այդ ողբերգութեան հետեւանքները, եւ այս մէկը ի յայտ դրաւ նաեւ թէ ամէն բան իրար կապուած է ու իրարմէ կախուած է, ու թէ մեր առողջութիւնը բաժնուած չէ բնութեան առողջութենէն» շարունակեց Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ «Մենք կարիքը ունինք նոր բնապահպանական մօտեցումի մը, որ բարեփոխէ մեր աշխարհ բնակելու կերպը, մեր կեանքի ձեւերը, մեր երկրին կենսամիջոցներուն հետ փոխյարաբերութիւնը եւ աւելի ընդհանուր կերպով մարդուն նայելու ու մեր կեանքը ապրելու ձեւերը»։

Ի՞նչ տեսակ աշխարհ կ՛ուզենք թողուլ մեր զաւակներուն

«Մարդկային համապարփակ բնապահպանութիւն մը, որ ներգրաւէ ոչ միայն բնութեան հարցեր այլեւ մարդը իր ամբողջութեամբ, որպէսզի կարող դառնայ ունկնդրելու աղքատներուն ճիչը ու դառնալու թթխմոր նոր ընկերութեան մը համար» աւելցուց Սրբազան Պապը նկատել տալով որ «Մենք ունինք մեծ պատասխանատուութիւն մը, յատկապէս ապագայի սերունդներուն համար։ Ի՞նչ տեսակ աշխարհ կ՛ուզենք թողուլ մեր զաւակներուն։ Մեր եսասիրութիւնը,մեր անտարբերութիւնը ու մեր անպատասխանատու ապրելակերպը կը սպառնայ մեր զաւակներու ապագային» ըսաւ Ան։

Քահնայապետին կոչը

«Այսուհետեւ կը նորոգեմ կոչս. Հոգ տանինք մեր Մայր հողին, յաղթենք եսասիրութեան փորձութիւնը, որ մեզ կենսամիջոցներու յօշոտողներ կը դարձնէ, մշակենք Երկրին պարգեւներուն եւ արարչագործութեան նկատմամբ յարգանքը, զարկ տանք ընկերութեան մը ու ապրելաձեւի մը` որոնք ըլլան բնապահպանօրէն կայուն. Մենք հնարաւորութիւնն ունինք պատրաստելու բոլորի համար աւելի լաւ ապագայ մը։ Աստուծոյ ձեռքերէն ընդունեցանք պարտէզ մը, չենք կարող մեր զաւակներուն թողուլ անապատ մը։

Այս ուղղութեամբ անցեալ 24 մայիս 2020-ին հռչակած էի Գովեալ Ըլլասի տարին, որուն կազմակերպութիւնը վստահուած էր Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան Ժողովին։ Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք բազմաթիւ ձեռնարկներ կազմակերպեցին այդ ուղղութեամբ։

Եօթը տարի տեւողութեամբ ուղեւորութիւն

Այսօր ուրախութիւնն ունիմ յայտարարելու, որ Գովեալ Ըլլասի տարին պիտի հանգի շօշափելի գործունէութեան այն է «Laudato si’ Action Platform», որ եօթը տարի տեւողութեամբ ուղեւորութիւն մըն է, որուն ընթացքին մեր հասարակութիւնները տարբեր ձեւերով պիտի գործեն, որպէսզի դառնան ամբողջութեամբ կայուն, կայուն բնապահպանութեան հոգիով։

Կ՛ուզեմ ուրեմն հրաւիրել բոլորդ միասին դիմագրաւելու համար այս ուղեւորութիւնը մասնաւորապէս կը դիմեմ այս իրականութիւններուն. Ընտանիքները, ժողովրդապետութիւններ ու թեմեր, դպրոցներ եւ համալսարաններ, հիւանդանոցներ, ընկերութիւններուն ու գիւղատնտեսական գործառնութիւններ, կազմակերպութիւններ ու շարժումներ եւ կրօնական հաստատութիւններ։

Աշխատիլ միասին

Աշխատինք միասին։ Միայն այսպէս է, որ կարող ենք ստեղծել մեր ուզած ապագան. Աւելի նեռարող աշխարհ մը, եղբայրական, խաղաղ ու կայուն։

Եօթը տարիներ տեւող ուղեւորութեան մը ընթացքին թոյլ պիտի տանք առաջնորդուիլ «Գովեալ Ըլլաս եօթը նպատակներով, որոնք մեզի ցոյց պիտի տան ուղղութիւնը, մինչ պիտի շարունակենք համապարփակ բնապահպանութեան տեսութիւնը. Հողին ճիչին պատասխան, աղքատներու ճիչին պատասխան, համապարփակ բնապահպանութիւն, պարզ կեանքի մը որդեգրումը, բնապահպանական կրթութիւն, բնապահպանական հոգեւորականութիւն ու հասարակական յանձնառում։

Մայր հողը վերադարձնել իր նախնական գեղեցկութեան

«Կայ յոյս։ Բոլորս կարող ենք համագործակցիլ, իւրաքանչիւրը իր սեփական մշակոյթով ու փորձութիւններով, ամէն մին իր կարողութիւններով եւ ձեռնարկներով, որպէսզի մեր Մայր հողը վերադառնայ իր նախնական գեղեցկութեան ու արարչութիւնը կրկին սկսի փայլիլ Աստուծոյ ծրագրի համաձայն» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը պատգամի աւարտին իւրաքանչիւրի վրայ հայցելով Աստուծոյ օրհնութիւնը ու նաեւ օրհնութիւն «համար հասարակաց տունը կառուցելու մեր առաքելութեան վրայ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2021, 11:45