«Առողջապահական համակարգերու ձեւերը բաց բոլոր հիւանդներուն՝ առանց որևէ անհաւասարութիւն» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Քահանայապետին լսատեսողական պատգամը “Exploring the Mind, Body and Soul”, առցանց համագումարին, կազմակերպուած Քահանայապետական Մշակոյթի Խորհուրդին «Cura Foundation» ,«Science and Faith Foundation» եւ «Stem for Life» կազմակերպութիւններու կողմէ:
Ունկնդրէ Լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 08 մայիս 2021-ի երեկոյեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամով մը եզրափակումը կատարեց “Exploring the Mind, Body and Soul - Unite to Prevent and Unite to Cure” բնաբանով առցանց համագումարին որ  կազմակերպուած էր Քահանայապետական Մշակոյթի Խորհուրդին,  «Cura Foundation» ,«Science and Faith Foundation» եւ «Stem for Life» կազմակերպութիւններու կողմէ եւ որ սկիզբ առած էր անցեալ 6 մայիսին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բժիշկներ, գիտնականներ, բարոյականութեան ուսումնասէրներ, կրօնական ղեկավարներ, ու քաղաքականութիւն մշակողներ եւ բարերարներ քննարկելով բժշկութեան, առողջապահութեան և կանխարգելման ոլորտներէն ներս վերջին յայտնագործութիւնները, ինչպէս նաև արուեստագիտական նուաճումներու մշակութային ազդեցութիւնը, ուսումնասիրելով նաեւ մտքի, մարմնի և հոգիի փոխյարաբերութիւնը:

Պատգամին սկիզբը Սրբազան Քահանայապետը  նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, որոնք որպէս «անձնական եւ մասնագիտական յանձնառում ընտրեցին հիւանդները խնամել եւ աջակցիլ կարիքաւորներուն» յատկապէս անոնց որոնք անխոնջ կը նուիրուին պայքարելու համար համաճարակին դէմ, որ «չի դադրիր զոհեր խլելէ» միեւնոյն ժամանակ  ստուգելով մեր եղբայրութեան եւ զօրակցութեան իմաստը։

Խորհրդածել առողջապահական համակարգերու ձեւերու մասին։

Մեկնելով «միտք, մարմին եւ հոգի» գաղափարէն Ֆրանչիսկոս Պապը իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց այժմէականութեան վրայ. «Մարդ անհատը կեդրոն ընտրելը կը պահանջէ նաեւ խորհրդածել առողջապահական համակարգերու ձեւերու մասին, որ բաց ըլլալու են բոլորին առանց որեւէ անհաւասարութիւն» նշեց Սրբազան Քահանայապետը գնահատելով բժշկական արդի գիտութիւնները, որոնք անկասկած «մեր առջեւ բացին գիտելիքներու եւ փոխազդեցութեան հորիզոն մը, որոնք մի քանի դար առաջ կարելի չէր նոյնիսկ պատկերացնել»։

«Գիտելիքներու Իրական առաջընթաց մը», ընդգծեց Քահանայապետը, որ կը  թարգմանուի «աւելի հարուստ կենսափորձ ունեցող հետազօտութիւններու և միշտ աւելի պատշաճ և ճշգրիտ դարմանումի» աւելցուց Ան ակնարկելով  «սերնդաբանութեան մարզէն ներս հետազօտութիւններու հսկայական դաշտին ՝ որ ուղղուած է յաղթահարելու տարբեր հիւանդութիւնները», այդ ուղղութեամբ հարցականի տան դնելով սակայն բարոյական գետնի վրայ «մարդու «ճենոմա»ն շահարկելու հարցը, «վերահսկելու կամ նոյնիսկ յաղթահարելու ծերութեան գործընթացը, կամ հասնելու համար մարդ արարածի փոփոխուած կատարելագործման» նշեց Նորին Սրբութիւնը:

«Մարմին, միտք, հոգի». Խոր և անբաժան միահիւսում

«Պէտք չէ մոռնալ որ մարդ արարածը կազմուած է մարմնէ, մտքէ եւ հոգիէ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, նշելով թէ անոնք երեք դասակարգեր են, որոնք չեն համապատասխաներ քրիստոնէական դասական տեսութեան, ուր մարդ արարածը ճանչցուած է որպէս «մարմնոյ եւ հոգիի անքակտելի միասնութիւն, որ իր կարգին օժտուած է խելքով եւ կամքով»։ Քահանայապետը առ այդ խորհրդածութիւնը ծաւալեց մխրճուելով մինչեւ մարդ արարածի գոյութեան հիմքերուն մէջ, սկսեալ անոր «կենսաբանական շերտէն» որ «կ՛արտայայտուի մեր մարմնաւորութեան միջոցաւ»։

«Քրիստոնէական հաւատքը մեզի կ՛ըսէ թէ մենք մէկ մարմին ենք ու թէ այս պիտի ըլլանք նաեւ յարութեան պահուն» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը։

Մարդկային երեւոյթները ՝ մարմնական նիւթականութենէն վեր

Խօսելով մտքի մասին Ան հաստատեց թէ «մարդ արարածը չի կարող ունենալ միտք առանց ուղեղի նախանիւթ, բայց, միևնոյն ժամանակ, անոր միտքը չի կարող սահմանուիլ միայն անոր ուղեղի նիւթականութեամբ:

«Միտք բառով սովորաբար կը մատնանշուի մարդկային ունակութիւններու բարդութիւնը, յատկապէս կապուած մտքի ձևաւորման հետ»: Հետևաբար, արդիական կը մնայ հարցը՝ հայող մարդկային կարողութիւններու «ծագման», ինչպիսին են `« անձի բարոյական զգայունութիւնը, կարեկցանքը, զօրակցական սէրը, որ կը թարգմանուի բարեգործական ժեստերու և անձնուէր նուիրումի ուրիշներուն, կամ գեղագիտական իմաստը, չխօսելու համար անվերջութեան կամ վերացականի փնտռտուքի մասին» ըսաւ Քահանայապետը։

Հոգին պատուհան դէպի հորիզոն մը։

Ան ապա ակնարկելով հոգիին մատնանշեց թէ այս մէկն ալ տարբեր իմաստ ունեցաւ զանազան մշակոյթներու եւ կրօններու մէջ։

Աստուածաշունչը և, առաջին հերթին, փիլիսոփայական-աստուածաբանական արտացոլումը հոգիի գաղափարով , կը սահմանեն «մարդկային եզակիութիւնը, անձի անկրկնելի առանձնայատկութիւնը, ներառեալ անոր բացուածքը գերբնականին, հետևաբար Աստուծոյ։

Այս գերբնականին նկատմամբ բացուածքը  «սահմանադրական է և կը վկայէ իւրաքանչիւր մարդ արարածի անսահման արժէքը։ Այս իմաստով հոգի նման է «պատուհանին», ոիր կարելի է դուրս գալ  դիտել ու երթալ դէպի հորիզոն մը» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը որ լսատեսողական պատգամը աւարտեց քաջալերելով մասնակիցները յառաջ ընթանալու իրենց հետազօտական աշխատանքին մէջ այդ աշխատանքը յանձնելով Աստուծոյ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2021, 17:56