Որոնել

«Laudato si’ –Գովեալ Ըլլաս»ի շաբաթ «Laudato si’ –Գովեալ Ըլլաս»ի շաբաթ 

Սրբազան Քահանայապետը բացումը կատարեց «Laudato si’ –Գովեալ Ըլլաս»ի շաբաթուան։

Քահանայապետը յիշեց ապա երէկ՝ Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի Մայր տաճարին մէջ Երանելի հռչակուած Ֆրանչսեքօ Մարիա Տէլլա Քրոչէն
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

16 Մայիսի Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ներկաներուն ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ Սուրբ Երկրին ի նպաստ ուղղած կոչէն ետք նշեց թէ «Այսօր սկիզբ կ՛առնէ «Laudato si’ –Գովեալ Ըլլաս»ի շաբաթը, որպէսզի միշտ աւելիով դաստիարակուինք,  ունկնդրելու համար Երկրին ու աղքատներու աղաղակը»։  Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Մարդկային Համապարփակ զարգացումի ծառայութեան գերատեսչութեան ու Կլիմայի Կաթողիկէ համաշխարհային շարժումին ինչպէս նաեւ Միջազգային Քարիթասին ու ներգրաւուած բազմաթիւ կազմակերպութիւններուն, հրաւէր ուղղելով բոլորին մասնակցելու  այդ շաբաթուան ձեռնարկներուն։

Քահանայապետը յիշեց ապա երէկ՝ Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի Մայր տաճարին մէջ Երանելի հռչակուած Ֆրանչսեքօ Մարիա Տէլլա Քրոչէն որ եղաւ Աւետարանի անխոնջ հռչակողը, գործածելով բոլոր այն միջոցները զոր իրեն ներշնչեց Քրիստոսին բարեսիրութիւնը» ըսաւ Քահանայապետը հրաւիրելով  ներկաները ծափողջոյնով դիմաւորելու լուրը։

Սրբազան Պապը ողջունեց ապա հրատարակ ժամանած ուխտաւորներու  տարբեր խումբերը հուսկ բոլորին մաղթեց բարի կիրակի եւ խնդրեց որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2021, 13:42