Քահանայապետին Վարդարանի աղօթքը վիրաւոր մարդկութեան համար։

Ֆրանչիսկոս Պապը սկիզբ տուաւ մայիս ամսուայ Վարդարանի աղօթքի մարաթոնին համաճարակի աւարտին համար։
Ունկնդրէ Լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Համայն Եկեղեցիէն անդադար աղօթք կը բարձրանայ առ Աստուած» այս է բնաբանը այս տարուայ մայիս ամսուայ՝ Տիրամօր նուիրուած ամսուայ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքի ցանցին, որ սկիզբ առաւ մէկ մայիսին ու վերջ պիտի գտնէ 31 մայիսին, որուն առթիւ ամսուայ ամէն մէկ օր աշխարհի Մարեմեան Սրբավայրէն ուղիղ եթերով պիտի սփռուի Սուրբ Վարդարանի աղօթքը, որուն սկիզբ տուաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մէկ մայիսի երեկոյեան 6-ին Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայէն գլխաւորելով ուղիղ եթերով սփռուած Սուրբ Վարդարանի աղօթքը զոր Քահանայապետը նուիրուեց  յատկապէս անոնց որոնք թիրախ եղան համաճարակին։

Աղօթքի դիտաւորութիւնները

«Տիրամօր նուիրուած ամսուայ սկիզբը կը միանանք աղօթքով աշխարհի բոլոր սրբավայրերուն հետ, բարի կամք ունեցող  մարդոց ու հաւատացեալներուն հետ, մեր սուրբ Մօրը հովանիին յանձնելու համար համայն մարդկութիւնը, որ ծանրապէս վիրաւոր է այս համաճարակի շրջանին» ըսաւ Սրբազան Պապը Վարդարանի աղօթքին սկիզբը Սուրբ Կոյս Մարիամին յանձնելով  բազմաթիւ անձերը, որոնք տակաւին կը տառապին  ժահրին հետեւանքներէն ինչպէս նաեւ մահացած եղբայրներն ու քոյրերը ու անոնց ընտանիքները, որոնք կ՛ապրին տառապանքի մէջ ու նաեւ անոնք՝ որոնք կ՛ապրին ապագայի անորոշութեան մէջ։

Սրբազան Պապը հուսկ աղօթքը յատկացուց նաեւ բոլոր բժշկական ասպարէզէն ներս գործող անձանց ու մասնագէտներուն, որոնք ըսաւ ան «այս պայքարի ընթացքին կը գտնուին առաջնագիծի վրայ», ապա մատնանշեց նաեւ կամաւորներուն, որոնք իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն ուրիշներուն՝ վեհանձնութեամբ։

Մեր սրտերուն մէջ վարէ ապագայի յոյսին կանթեղը

«Մայր Օգնութեան, մեզ ընկալէ քու հովանիիդ տակ ու պաշտպանէ մեզ, թիկունք կանգնիր մեզի փորձութեան ժամանակ եւ մեր սրտերուն մէջ վարէ ապագայի յոյսին կանթեղը» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը  սկիզբ տալով Վարդարանի աղօթքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Հռոմի եւ Լացիօ նահանգի ժողովրդապետութիւններէն ժամանած հաւատացեալներ։

Եզրափակիչ աղերսական աղօթքը

Սուրբ Վարդարանի աղօթքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը այլ աղերսական աղօթք մը ուղղեց Աստուածամօր Անորմէ հայցելով, որ մխիթարէ անոնք, որոնք մոլորած են ու կ՛ողբան իրենց մեռեալները, «որոնք շատ անգամ թաղուեցան հոգին վիրաւորող ձեւերով», ապա հայցեց Անոր օգնութիւնը անոնց համար, որոնք մղձաւանջի մէջ  են ու կը տառապին հիւանդ անձերուն համար, որոնց կարող չեն մօտիկ գտնուիլ։

 «Յոյս ներշնչէ անոնց որոնք մտահոգ են անորոշ ապագային համար ու համաճարակին հետեւանքներուն համար տնտեսութեան եւ աշխատանքին վրայ» յարեց  հուսկ Սրբազան Պապը խնդրելով նաեւ, որ Սուրբ Կոյսը թիկունք կանգնի անոնց,  որոնք առաջնագիծի վրայ տարբեր ձեւերով կը փորձեն կեանքեր փրկել ապա յատուկ աղերս մը ի նպաստ գիտնականներուն, որպէսզի կարողանան գտնել ուղիղ լուծումներ յաղթահարելու համար աս վիրուսի հիւանդութիւնը։ 

«Աջակից եղիր Պետութիւններու պատասխանատուներուն, որպէսզի գործեն իմաստութեամբ, հոգատարութեամբ եւ վեհանձնութեամբ, օգնելով անոնց որոնց կը պակսի ապրելու համար անհրաժեշտը, ու ծրագրեն ընկերային եւ տնտեսական լուծումներ հեռատեսութեամբ եւ զօրակցական հոգիով» աւելցուց Ֆրանչիսկոս Պապը ապա Սուրբ Կոյսէն խնդրեց նաեւ որ «դպչի խիղճերուն»,  որպէսզի այդ անհամար ծախսերը, որոնք կ՛օգտագործուին աճեցնելու համար զինամթերքը յատկացուին խթանելու համար պատշաճ ուսումնասիրութիւններ, որպէսզի ապագային կանխարգելուին այսպիսի աղէտները։

30 վարդարաններու օրհնութիւնը

«Սիրեցեալ Մայր, աճեցուր աշխարհին մէջ միակ ու մեծ ընտանիքի պատկանելիութեան իմաստը, գիտակցութիւնը ունենալով մեզ միացնող կապին, որպէսզի եղբայրական եւ զօրակից հոգիով օգնութեան հասնինք բազմաթիւ աղքատութիւններուն եւ թշուառութեան պարագաներուն։ Քաջալերէ հաւատքին հաստատութիւնը, ծառայութեան հետեւողականութիւնը եւ աղօթքին յարատեւութիւնը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը աղերսական աղօթքի աւարտին որմէ ետք որպէս աղօթքի միութեան նշան  օրհնեց 30 վարդարաններ, որոնք պիտի ուղարկուին այն երեսուն սրբավայրերուն որոնք կը մասնակցին աղօթքի այս ցանցին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/05/2021, 08:00