Քահանայապետը ընդունեց Արժանթինի նախագահը։ Քահանայապետը ընդունեց Արժանթինի նախագահը։  

Քահանայապետը ընդունեց Արժանթինի նախագահը։

Կողմերը անդրադարձան տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցերու մասին եւ գնահատանք արտայայտուեցաւ երկու երկիրներու միջեւ տիրող բարի կապերու մասին։

Վատիկան Նիուզ

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին տրամադրած տեղեկութիւններուն համաձայն հինգշաբթի 13 մայիս 2021-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց Արժանթինի նախագահ Տիար Ալպերթօ Ֆերնանտէզին, որ ապա հանդիպում ունեցաւ նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի եւ Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Կալլակէրի հետ։

Հանդիպումներու ընթացքին շօշափուած նիւթերու շարքին էին «Համաճարակի տագնապը ղեկավարելու հարցը, տնտեսա-ֆինանսական ճգնաժամը եւ աղքատութեան դէմ պայքարը»  ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Արժանթինի մէջ ներդրումները զոր կը շարունակէ երաշխաւորե։

Կողմերը ապա անդրադարձան տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցերու մասին եւ գնահատանք արտայայտուեցաւ երկու երկիրներու միջեւ տիրող բարի կապերու մասին։

Քահանայապետը Արժանթինի նախագահին նուիրեց խճանկար մը, որուն վրայ փորագրուած է «Հողին ու մարդուն աշխատանքին պտուղը մեզի համար դառնայ յաւիտենական կեանքի սնունդ» ապա Խաղաղութեան համաշխարհային օրուան պատգամը եւ այլ գիրքեր։ Մինչ նախագահը Սրբազան Պապին նուիրեց Սուրբ Յովսէփին արձան մը ինչպէս նաեւ Արժանթինի մէջ արտադրուած նշխարներ, մեղր, ուրար մը եւ գիրքեր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/05/2021, 16:52