Որոնել

 Ֆրանչիսկոս Պապը եւ Մարիօ Տրակին Ֆրանչիսկոս Պապը եւ Մարիօ Տրակին 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Ընկերութիւն մը որ չի ընկալեր կեանքը կը դադրի ապրելէ»

Ֆրանչիսկոս Պապը Իտալիոյ Վարչապետ Մարիօ Տրակիի հետ միասին բացումը կատարեց Ընտանիքներու Ընկերակցութիւններու Ֆորումի ձեռնարկով կազմակերպուած «ծնելիութեան» հայող վերնախաւերու Ընդհանուր Հաւաքին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 14 Մայիս 2021-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը բացումը կատարեց «ծնելիութեան» հայող Վերնախաւերու Ընդհանուր Հաւաքին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին մօտ գտնուող Քոնչիլիացիոնէ պողոտայի «Auditorium»ի սրահին մէջ ի ներկայութեան Իտալիոյ վարչապետ` Մարիօ Տրակիին, ինչպէս նաեւ դրամատուներու, ընկերութիւններու, ապահովագրական ընկերութիւններու, լրատուամիջոցներու, մարզանքի ներկայացուցիչներուն, որոնք հաւաքուած էին միասնաբար քննարկելու և խմբային կերպով դիմագրաւելու ծնելիութեան նիւթին հարցը, երկրի մը մէջ, որ, 2020-ին, ունեցաւ 30 տոկոսով ծնունդներու կրճատում։

Ունկնդրէ լուրը

Իտալիոյ ժողովրդագրական ձմեռը

Մէկ կողմէն ՝ «աշխատանքի անորոշութեան պատճառով տարակուսանքը», միւս կողմէն ՝ «երեխաներու դաստիարակման համար աճող ծախսերու համար վախերը» և «տխրութիւնը» այն կիներուն` որոնք «աշխատանքի ընթացքին ապաքաջալերուած են երեխաներ ունենալու եւ ստիպուած են թաքուն պահել իրենց յղիութիւնը»: Այս բոլորը «սահուն աւազներ են, որոնք կարող են խորտակել հասարակութիւն մը» և կը նպաստեն միշտ աւելիով «ցուրտ եւ մութ» դարձնելու «ժողովրդագրական ձմեռը» որ միշտ աւելիով արմատացած է Իտալիոյ մէջ։

Ասոնք եղան Ֆրանչիսկոս Պապին զեկոյցին կեդրոնական կէտերը։

Երիտասարդներուն խորտակուած երազները

Ան արդարեւ հաստատեց թէ պէտք է դարձեալ շարժումի մէջ դնել Իտալիան սկսեալ մարդ արարածէն, սկսեալ կեանքէն, մատնանշելով յատկապէս երիտասարդներուն խորտակուած երազներուն եւ անոնց յուսահատութեան ի տես այն իրողութեան թէ չեն հաւատար կարողանալ շատ զաւակներ ունենալ ի տես տնտեսական եւ ընկերային հարցերուն։

«Իտալիան, ըսաւ Սրբազան Պապը, Եւրոպայի մէջ ամենավերջին տեղը կը գրաւէ որպէս «ծննդաբերութիւն», ցամաքամասի մը մէջ որ կը կոչոււի «հին» ոչ թէ իր փառաւոր պատմութեան համար այլ իր յառաջացած տարիքին համար» աւելցուց Նորին Սրբութիւնը դարձեալ ակնարկելով «ժողովրդագրական ձմռան», եւ իր հայեացքը ուղղելով բազմաթիւ ընտանիքներու իրականութեան վրայ, որոնք այս վերջին տարուայ ընթացքին, համաճարակին պատճառաւ «ստիպուած եղան յաւելեալ աշխատանք տանիլ, իրենց օրը բաժնելով ընդմէջ աշխատանքի, տունի եւ դպրոցի, ծնողներ` որոնք դարձան «ուսուցիչներ, բանուորներ, հոգեբաններ»։ Առանց մոռնալու մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը, որոնք «ընտանիքներուն համար իրական փրկարարական նաւեր են» ինչպէս նաեւ «յիշողութիւն` որ մեզ կը բանան ապագային»։

Հոգ տանիլ ընտանիքներուն եւ երիտասարդներուն

Որպէսզի այս ապագան ըլլայ բարի հարկաւոր է հոգ տանիլ ընտանիքներուն ու յատկապէս երիտասարդներուն, «որոնք միշտ աւերով մխրճուած են մտահոգութիւններու մէջ եւ կ՛ապրին իրենց կեանքի ծրագիրները չեղեալ նկատելու վախը» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը խօսելով նաեւ այն կիներու մասին, որոնք իրենց աշխատանքը կորսնցնելու մտավախութեան պատճառաւ շատ անգամ ստիպուած են թաքուն պահել իրենց յղիութիւնը։

«Կինը չէ այլ ընկերութիւնն է, որ պէտք է ամչնայ, որովհետեւ ընկերութիւն մը` որ չի ընկալեր կեանքը կը դադրի ապրելէ» ընդգծեց Քահանայապետը հաստատելով, որ «կինը չի կարող ամչնալ ամենագեղեցիկ պարգեւին համար զոր ինք կարող է նուիրել, որ է կեանքը» ու թէ «զաւակները յոյսն են, որ կարող են ազգ մը վերակենդանացնել»։

Քաջալերանք Իտալիոյ կառավարութեան քաղաքականութեան

Քահանայապետը հուսկ ակնարկեց եւ գնահատեց Իտալիոյ կառավարութեան որոշումը թիկունք կանգնելու ընտանիքներուն անոնց տրամադրելով ամէն մէկ զաւկի համար դրամական օգնութիւն, այս ուղղութեամբ հաստատելով, թէ «եթէ ընտանիքները ներկայի կեդրոնը չի հանդիսանան կարելի չէ ապագայ ունենալ»։

Սրբազան Պապը հուսկ ներկայացուց երեք «մտածումներ» որոնցմէ առաջինը «պարգեւի» մտածումն էր։

Պարգեւը

«Իւրաքանչիւր պարգեւ, եւ կեանքը այդ պարգեւներու առաջինն է» ըսաւ Սրբազան Պապը պէտք է փոխանցուի։ Եւ զաւակ մը ամենամեծ պարգեւն է բոլորիս համար։ Զաւակներու պակասը կը յառաջացնէ բնակչութեան ծերութիւնը ու կը հաստատէ թէ ամէն բան վերջ կը գտնէ մեր հետ, մոռնալով «պարգեւին առաջնութիւնը» յարեց Սրբազան Պապը։

Երկրորդ մտածում` «սեռնդային կայութիւնինը»։

Ակնարկելով երկրորդ նիւթին Քահանայապետը խօսեցաւ կայունութեան մասին։ «Տնտեսական, արուեստագիտական եւ բնապահպանական» կայունութիւն ինչպէս նաեւ «սեռնդային կայունութիւն», ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով, թէ եթէ «ընտանիքին ու զաւակներուն ուշադրութիւն չի դարձնենք կարող պիտի չըլլանք սնուցելու արտադրութիւնը եւ պահպանելու շրջակայ միջավայրը», հրաւիրելով այս ուղղութեամբ պատասխանատուութեան եւ ընթացքը փոխելու հարկաւորութեան։

Սրբազան Պապը հուսկ ակնարկեց դպրոցին, որ պէտք է միշտ աւելիով ըլլայ վայր հանդիպումի եւ մարդկային աճումին։ «Դպրոցին մէջ ոչ միայն նիշերն են, որոնք պէտք է հասունցնեն այլ նաեւ դէմքերը», որովհետեւ «երիտասարդներուն համար հիմնական է շփում ունենալ բարձր տիպարներու հետ, որոնք կը կազմաւորեն բացի մտքերէն նաեւ սրտերը»։

«Երիտասարդները չեն աճիր միայն արտաքին տեսքի հրավառութեան միջոցաւ անոնք կը հասուննան եթէ հրապուրուած են անորմով որ քաջութիւնը ունի հետապնդելու մեծ Երազներ, ինքզինք զոհելու ուրիշներն համար, ու բարիք գործելու մեր ապրած աշխարհին մէջ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ դիել տալով թէ յաճախ կը համարուի թէ մենք մեզ իրականացնելը կը նշանակէ դրամ եւ յաջողութիւններ դիզել մինչ զաւակները պարզապէս շեղում կը նկատուին, որոնք պէտք չէ արգելք ըլլան անձնական ձգտումներուն»։ Այս մտածելակերպը ըստ Ֆրանչիսկոս Պապին «փտախտ մըն է ընկերութեան համար եւ անկայուն կը դարձնէ ապագան»։

Զօրակցութիւնը

Քահանայապետին երրորդ բառը եղաւ «զօրակցութիւնը»։ Կառուցուածքային զօրակցութիւն մը, որ կապուած չըլլայ միայն տագնապին, այլ ըլլայ կայուն ու նպաստէ այն կառոյցներուն, «որոնք թիկունք կը կանգնին ընտանիքին եւ ծնունդներուն» յարեց Սրբազան Պապը մատնանշելով թէ «հրատապ է երիտասարդներուն երաշխաւորել բաւականին կայուն աշխատանք, տունի ապահովութիւն, եւ երկիրը չի թողելու համար առինքնող բաներ», այս ուղղութեամբ նշելով թէ այս պարտականութիւնը կը հայի նաեւ տնտեսութեան ու դիտել տալով թէ «գեղեցիկ պիտի ըլլար ականատես ըլլալ գործարարներու եւ ընկերութիւններու, որոնք շահ արտադրելէ անդին խթանեն կեանքը եւ ուշադիր ըլլան չի շահագործելու անհատները ու կարողանան նաեւ շահերէն բաժին հանել աշխատաւորներուն համար նպատակ ունենալով նպաստել ընտանիքներու զարգացումին։

Զօրակցութիւնը հոլովել հաղորդակցութեան մարզէն ներս

Սրբազան Պապը հուսկ նշեց թէ զօրակցութիւնը պէտք է հոլովուի նաեւ հաղորդակցութեան մարզէն ներս ու թէ հարկաւոր է «ընտանիքին նուիրուած տեղեկատուութիւն մը» ուր ուրիշներու մասին խօսուի յարգանքով ու զգուշութեամբ, կարծես թէ հարազատներ ըլլային» ու միեւնոյն ատեն լուսարձակի տակ դնել «այն շահերը եւ հանգոյցները», որոնք վնաս կը հասցնեն հասարակաց բարքին ու դրամին շուրջ պտտուող զօրավարժութիւնները, որոնք զոհաբերեն ընտանիքներն ու անհատները»։

Առանց ծնելիութեան ապագայ չկայ

Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը եզրափակեց պարզ եւ անկեղծ բառով մը. «Շնորհակալութիւն»։

«Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց որոնք կը հաւատան մարդկային կեանքին ու ապագային։ Յաճախ կը թուի թէ կ՛աղաղակէք անապատին մէջ ու թէ կը պայքարիք հողմաղացներու դէմ։ Բայ յառաջ ընթացէք, մի յանձնուիք, որովհետեւ գեղեցիկ է երազել բարին եւ կառուցել ապագան։ Եւ առանց ծնելիութեան ապագայ չկայ» ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով իր խօսքը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/05/2021, 10:00