Կրօնուսուցում Կրօնուսուցում 

Կրօնուսուցումը եկեղեցական կարգ պիտի դառնայ. Ֆրանչիսկոս Պապ

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը յայտարարեց թէ յառաջիկայ 11 Մայիսին ներկայացումը պիտի կատարուի Քահանայապետի “Antiquum ministerium” ինքնագիր նամակին որ կը հայի կրօնուսոյցներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սրբազան Քահանայապետը 2018 թուականի մէկ լսատեսողական պատգամի մը մէջ ուղղուած կրօնուսոյցներու մէկ միջազգային հաւաքի մասնակիցներուն հաստատած էր թէ «կրօնուսուցումը կոչում է»։

«Կրօնուսոյց ըլլալը կոչում է ոչ թէ կրօնուսուցումի աշխատանք» ըսած էր Սրբազան  Պապը աւելցնելով, որ «քրիստոնէական հասարակութեան մէջ մատուցուած այս ծառայութիւնը պէտք է ճանչցուի որպէս Եկեղեցւոյ իսկական ու հարազատ կարգ մը»։

Ինքնագիր նամակի պաշտօնական ներկայացումը

Ահա այժմ այդ համոզումի հիման վրայ է, որ Սրբազան Քահանայապետը կը հրապարակէ  “Antiquum ministerium”  ինքնագիր նամակը, որուն ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ երեքշաբթի 11 Մայիսին, Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահ՝ Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլայի եւ Խորհուրդի կրօնուսուցումիը բաժանմունքի պատասխանատու գերապայծառ Ֆրանս-Փիթըր Թեպարդս-Վան էլսթի ներկայութեամբ։

Խթնաել  հաւատացեալներու աւետարանող ոլորտը

Ինքնագիր նամակով պաշտօնապէս պիտի հաստատուի կրօնուսոյցի կարգը, խթանելով հաւատացեալներու աւետարանող ոլորտը, որ իղձը եղած է Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովին։

 «Պաշտօն մը որուն սահմանուած է «առաջին աւետիսին» պատասխանատուութիւնը» ըսած էր Սրբազան Պապը վերոնշեալ պատգամին մէջ դիտել տալով, որ «կրօնական անտարբերութեամբ» յատկանշուած մէկ իրականութեան մէջ «ձեր խօսքը պիտի ըլլայ առաջին աւետիսը, որ կը հասնի ու կը դպչի սրտին ու հոգիին բազմաթիւ անձերուն, որոնք սպասումի մէջ են հանդիպելու համար Քրիստոսին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2021, 08:19