Զուիցեարական պահակագունդի անդամներ Զուիցեարական պահակագունդի անդամներ 

Սրբազան Պապին շնորհակալութիւնն ու շնորհաւորութիւնները Զուիցերական պահակագունդի անդամներուն։

Զուիցերական պահակագունդի գործառոյթը «թէեւ ունի ռազմական բնոյթ, սակայն նկատուած է յատուկ ծառայութիւն Քահանայապետին, առաքելական աթոռին եւ ի շահ համայն եկեղեցւոյ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Նորակոչիկներու երդման արարողութեան առթիւ ուրախ եմ ձեզ ընկալելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդի տան մէջ»։ Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատէն ներս ընկալեց Զուիցերական պահակագունդի անդամները ու անոնց հարազատները, 34 նոր անդամներու այսօր կատարուող երդման արարողութեան առթիւ։

Վատիկանը պատմութեամբ լի վայր

Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց ապա այն վայրերուն ուր նորակոչ պահակները պիտի մատուցեն իրենց ծառայութիւնը այդ վայրերը նկատելով «պատմութեամբ լի վայրեր» ու ակնարկեց Զուիցերական պահակագունդին այդ վայրերուն մէջ մատուցած «յանձնառու եւ հաւատարիմ առաքելութեան», ինչպէս նաեւ անոնցմէ ոմանց կեանքի զոհաբերումին` ի պաշտպանութիւն Քահանայապետին։

Զուիցերական պահակագունդի գործառոյթը  յատուկ ծառայութիւն 

Սրբազան Պապը ընդգծեց ապա թէ Զուիցերական պահակագունդի գործառոյթը «թէեւ ունի ռազմական բնոյթ, սակայն նկատուած է յատուկ ծառայութիւն Քահանայապետին, առաքելական աթոռին եւ ի շահ համայն եկեղեցւոյ», եւ ասկէ մեկնելով գնահատեց երիտասարդներուն ընտրանքը իրենց կեանքին մի քանի տարիները նուիրելու այդ ծառայութեան, Տիրոջ աղօթելով որպէսզի անոնք լիապէս համապատասխանեն Քրիստոսի կոչին, Անոր հետեւելով հաւատարիմ վեհանձնութեամբ։

Շնորհակալութիւն

Սրբազան Պապը առ այդ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Զուիցերական պահակագունդին գնահատելով անոնց կարողութիւնը միասնաբար հոլովելու հոգեւոր ու մասնագիտական ոլորտները, մինչ Հռոմ ժամանող զբօսաշրջիկները կարելիութիւնն ունին փորձարկելու պահակագունդի անդամներուն տրամադրութիւնն ու քաղաքավարութիւնը Վատիկան քաղաքի մուտքերուն։

Ապրիլ մարդկային եւ հոգեւոր փորձառութիւն

Քահանայապետը հուսկ իր յատուկ շնորհաւորութիւնները փոխանցեց նորակոչ անդամներուն մաղթելով, որ անոնք կարողանան մարդկային եւ հոգեւոր պտղաբեր փորձառութիւն մը ապրիլ, ըլլայ Վատիկանի ըլլայ Հռոմ քաղաքին մէջ եւ «այս տարիները ըլլան առիթ խորացնելու համար հաւատքը ու Եկեղեցւոյ նկատմամբ աւելի զօրեղ սէրը», ըսաւ Սրբազան Պապը հաւաստիացնելով իր աղօթքները ու դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց` որոնք իրենց կեանքի մի քանի տարիները ուզեցին դնել ի սպաս Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Սրբազան Պապը հուսկ խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար ապա մաղթեց բարի տօն ու Զուիցերական Պահակագունդի բոլոր անդամներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2021, 11:40