«Դադրեցուցէք զէնքերու ժխորը» Քահանայապետին կոչը Իսրայէլացիներուն եւ Պաղեստինցիներուն։

«Աստուծոյ անունով, որ բոլոր մարդ էակները ստեղծեց հաւասար իրենց իրաւունքներու, իրենց պարտաւորութիւններու ու իրենց արժանապատուութեան մէջ, ու զանոնք կոչեց միասին ապրելու իրար միջեւ որպէս եղբայրներ (Մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթ) կոչ կ՛ընեմ զսպուածութեան եւ անոնց որոնք պատասխանատուութիւն ունին կոչ կ՛ընեմ կասեցնելու զէնքերու ժխորը եւ քալելու խաղաղութեան ճանապարհէն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւիմ Սուրբ Երկրի անցուդարձներուն։ Վտանգ կայ, որ այս օրերուն տեղի ունեցող զինեալ բռնի բախումները Կազայի եւ Իսրայէլի միջեւ,  վատասերին մահուան ու կործանումի պարոյրի մէջ»։ Այս խօսքերով որ Սրբազան Պապը ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակ ժամանած ուխտաւորները կիրակի 16 մայիսի Մարեմեան Աղօթքի աւարտին, անդրադառնալով Իսրայէլա-պաղեստինեան հարցին ու այդ ուղղութեամբ դիտել տալով նաեւ, թէ «բազմաթիւ անձեր վիրաւորուած են ու շատ մը անմեղներ մահացան։ Եւ անոնց միջեւ կան նաեւ մանուկներ։ Այս մէկը սարսափելի եւ անընդունելի է։ Անոնց մահը նշան է թէ կամք չկայ ապագան կերտերու այլ կ՛ուզեն ոչնչացնել զայն» ըսաւ Սրբազան Պապը։

«Միւս կողմէ բռնութեան եւ ատելութեան աճը որ կը ներգրաւէ Իսրայէլի զանազան քաղաքները, ծանր վէրք մըն է եղբայրութեան եւ քաղաքացիներու միջեւ խաղաղ համակեցութեան, որ դժուար պիտի ըլլայ  դարմանել եթէ շուտով չի բացուին երկխօսութեան» աւելցուց  Քահանայապետը հարց տալով «Ատելութիւնն ու ոխը ու՞ր կարող են  տանիլ» եւ «Յիրաւի՞ կը մտածենք խաղաղութիւն կառուցել կործանելով միւսը»։

Կոչ Աստուծոյ անունով դադրեցնելու բռնութիւնները

«Աստուծոյ անունով, որ բոլոր մարդ էակները ստեղծեց հաւասար իրենց իրաւունքներու, իրենց պարտաւորութիւններու ու իրենց արժանապատուութեան մէջ, ու զանոնք կոչեց միասին ապրելու իրար միջեւ որպէս եղբայրներ (Մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթ) կոչ կ՛ընեմ զսպուածութեան եւ անոնց որոնք պատասխանատուութիւն ունին կոչ կ՛ընեմ կասեցնելու զէնքերու ժխորը եւ քալելու խաղաղութեան ճանապարհէն, նաեւ Միջազգային Հասարակութեան օգնութեամբ», ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւէր ուղղեց անխոնջ կերպով աղօթելու որպէսզի իսրայէլացիներն ու պաղեստինցիները  կարողանան գտնել երկխօսութեան ու ներումի ուղին, որպէսզի ըլլան խաղաղութեան եւ արդարութեան համբերատար կառուցողները, քայլ առ քայլ բացուելով միասնական յոյսի մը եւ եղբայրներու միջեւ համակեցութեան։

«Աղօթենք բոլոր զոհերուն համար ու մանկաւորապէս մանուկներուն համար։  Աղօթենք Խաղաղութեան Թագուհիին` խաղաղութեան համար» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու հրապարակի հաւատացեալներուն մասնակցութեամբ  արտասանեց «Ողջոյն քեզ Մարիամ» աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2021, 13:30