Եպիսկոպոսական սիւնհոդոս Եպիսկոպոսական սիւնհոդոս 

Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսին համար նորութիւններ։

Յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսոյն ընթացքին Քահանայապետը սկիզբ պիտի տայ երեք տարիներ տեւող երկար ուղեւորութեան մը, որ պիտի կատարուի երեք հանգրուաններով (թեմական, ցամաքային եւ տիեզերական), բաղկացած խորհրդակցութիւններէ և խորաթափանցութիւններէ, որոնք պիտի եզրափակուին Հռոմի մէջ 2023-ի հոկտեմբերի համագումարով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մէկը միւսը ունկնդրելով, եւ բոլորը Սուրբ Հոգիի ունկնդրութեամբ»։ Աւելի շօշափելի եւ տեսանելի դարձնելու համար Ֆրանչիսկոս Պապին փափաքած սիւնհոդոսականութիւնը անոր Քահանաաետութեան սկիզբէն ի վեր: Եպիսկոոսներու յաջորդ Սիւնհոդոսը, որ պիտի գումարուի 2023 հոկտեմբերին պիտի չի կատարուի միայն Վատիկանի մէջ այլ հինգ ցամաքամասերու իւրաքանչիւր Յատուկ Եկեղեցիներու մէջ, հետեւելով երեք տարիներ տեւող երկար ուղեւորութեան մը, որ պիտի ունենայ երեք հանգրուաններ. թեմական, տարածաշրջանային եւ տիեզերական։

Սիւնհոդոսական համապարփակ գործընթացք։

Քահանայապետին կողմէ վաւերացուած սիւնհոդոսական գործընթացի յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Սիւնհոդոսի Կողմէ հրապարակուած մէկ փաստաթուղթով մը, որուն մէջ կը կարդանք «Սիւնհոդոսական համապարփակ գործընթացք մը իսկական կերպով կ՛իրականանայ միայն եթէ ներգրաւէ Յատուկ Եկեղեցիները։ Եւ Յատուկ Եկեղեցիներու ներգրաւումը կարող է իրականանալ միայն եթէ անոր մաս կազմեն սիւնհոդոսականութեան միջանկեալ մարմինները, այսինքն Արեւելեան կաթողիկէ Եկեղեցիներու սիւնհոդոսները, Եկեղեցական Ինքնիրաւ հաւաքները եւ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերը իրենց ազգային, տարածաշրջանային եւ ցամաքային արտայայտութիւններով»։

Առաջին անգամ ըլլալով ապակեդրոնացուած սիւնհոդոս մը։

Պօղոս Զ Քահանայապետի կողմէ հիմնադրուած այս հաստատութիւնը առաջին անգամուան համար պիտի գումարուի ապակեդրոնացուած ձեւով եւ որուն բնաբանը պիտի ըլլայ «հաղորդութիւն, մասնակցութիւն եւ առաքելութիւն»։ Արդարեւ Սիւնհոդոսի հաստատման 50րդ ամեակին առթիւ 2015-ին Ֆրանչիսկոս Պապը կամք արտայայտած էր` «աշխարհականներու, հովիւներու եւ Հռոմի Եպիսկոպոսին» միասնական ուղեւորութեան մը։

Պաշտօնական բացումը Վատիկանի մէջ

Սիւնհոդոսական ուղեւորութեան բացումը պիտի կատարուի Վատիկանի մէջ Քահանայապետի ներկայութեամբ, 9 եւ 10 հոկտեմբեր 2021-ին խորհրդակցութիւններու ու հանդիպումի պահով մը որուն պիտի յաջորդէ աղօթք եւ Սուրբ պատարագ։

Թեմական հանգրուանը։

Յատուկ Եկեղեցիները իրենց ուղեւորութիւնը պիտի սկսին կիրակի 17 հոկտեմբերին թեմական եպիսկոպոսին նախագահութեամբ։ Այս առաջին հանգրուանի նպատակն է Աստուծոյ Ժողովուրդին հետ խորհրդակցութիւնը, որուն համար Սիւնհոդոսի Քարտուղարութիւնը պիտի պատրաստէ եւ ուղարկէ նախապատրաստական փաստաթուղթ մը ու հարցարան մը, ինչպէս նաեւ ուղեցոյց մը իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ մէջ իրականացնելու համար խորհրդակցութիւնները։ Նոյն փաստաթուղթը պիտի ուղարկուի Հռոմի Քուրիայի, Միաբանութիւններու մեծաւորներուն, Կրօնական կեանքի միութիւններուն, աշխարհական միջազգային շարժումներուն, համալսարաններուն եւ Աստուածաբանական մասնաճիւղերուն.

Ամէն մէկ եպիսկոպոս 2021-ի հոկտեմբերէն առաջ պէտք է անուանէ թեմական պատասխանատու մը, որ պիտի հանդիսանայ կապը ընդմէջ թեմական եկեղեցւոյ եւ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասին, որ իր կարգին պէտք է անուանէ պատասխանատու մը, որ կապ պիտի հաստատէ Սիւնհոդոսի ընդհանուր Քարտուղարութեան հետ։

Թեմական զատորոշումը իր գագաթնակէտին պիտի հասնի «նախա-սիւնհոդոսական ժողովի» մը ընթացքին, որուն արդիւնքները պիտի ուղարկուին Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասին։ Եպիսկոպոսները ապա իրենց կարգին այդ արդիւնքներու եզրակացութիւնները պիտի ուղարկեն Սիւնհոդոսի քարտուղարութեան 2022-ի ապրիլէն առաջ, որուն հիման վրայ պիտի շարադրուի Աշխատանքային Թղթածրարը, որ ի լոյս պիտի ընծայուի սեպտեմբերի 2022-ին ու պիտի ուղարկուի Յատուկ Եկեղեցիներուն։

Տարածաշրջանային հանգրուանը. Երկխօսութիւն եւ զատորոշում։

2022-ի սեպտեմբերէն մինչեւ մարտ 2023 տեղի կ՛ունենայ Ուղեւորութեան երկրորդ հանգրուանը, որուն նպատակն է քննարկել աշխատանքային թղթածրարը։ Անոր աւարտին կը հրատարակուի աւարտական փաստաթուղթ մը, որ Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարութեան պէտք է ուղարկուի մինչեւ Մարտ 2023-ին, որ իր կարգին պիտի շարադրէ Աշխատանքային երկրորդ թղթածրար մը, որուն հրատարակութիւնը նախատեսուած է 2023-ի Յունիսին։

Տիեզերական հանգրուանը. Աշխարհի Եպիսկոպոսները Հռոմի մէջ:

Սիւնհոդոսական ուղեւորութիւնը իր գագաթնակէտը պիտի գտնէ 2023-ին Հռոմի մէջ գումարուելիք Եպիսկոպոսական հաւաքին, որպէս հիմք ունենալով «Episcopalis Communio» սահմանադրութիւնը։

 

Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսին հանգրուանները
Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսին հանգրուանները

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2021, 12:00