Գաղթականներու եւ փախստականներու միջազգային օր Գաղթականներու եւ փախստականներու միջազգային օր 

«Դէպի միշտ աւելի մեծ մենք մը». Քահանայապետի գաղթականներու եւ փախստականներու միջազգային 107-րդ օրուան պատգամի ներկայացումը։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պիտի ներկայացուի նաեւ Սրբազան Քահանայապետին անտիպ մէջ տեսերիզ մը հայող Գաղթականներու եւ փախստականներու միջազգային 107-րդ օրուան նախապատրաստութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց թէ յառաջիկայ 6 մայիս 2021-ի ժամը 11.30-ին ուղիղ եթերով կատարուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացումը պիտի կատարուի Ֆրանչիսկոս Պապին «Գաղթականներու եւ փախստականներու միջազգային 107-րդ օրուան» պատգամին որուն բնաբանն է «Դէպի միշտ աւելի մեծ մենք մը»։

Օրը կը յիշատակուի 26 սեպտեմբեր 2021-ին։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պիտի ներկայացուի նաեւ Սրբազան Քահանայապետին անտիպ մէկ տեսերիզ մը հայող Գաղթականներու եւ փախստականներու միջազգային 107-րդ օրուան նախապատրաստութեան։

Պատգամին ներկայացումը պիտի կատարեն Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան ի սպաս գերատեսչութեան գաղթականներու եւ փախստականներու բաժանմունքի ենթաքարտուղար Կարդինալ Միքայէլ Շեռնի,

Գերատեսչութեան Գաղթականներու եւ փախստականներու բաժանմունքի ենթաքարտուղար Հայր Ֆապիօ Պաճճօ, Գերատեսչութեան ենթաքարտուղար Քոյր Ալեսսանտրա Սմերիլլի, Ուեսթմինսթերի օգնական եպիսկոպոս գերապայծառ Փոլ մըք Ալէնան եւ Տոքթ. Սարա Թիթըր, Յիսուսեաններու գաղթականներու ծառայութեան Անգլիոյ գրասենեկային տնօրէնուհին.

Մամլոյ Ասուլիսին կարելի է հետեւիլ Վատիկան Նիուզի «Youtube» հետեւեալ կայքի միջոցաւ https://www.youtube.com/c/VaticanNews.

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2021, 12:34