Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Տոմենիքոյին դամբարանին մօտ։ Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Տոմենիքոյին դամբարանին մօտ։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Սուրբ Տոմենիքոյին գերեզմանին մօտ աղօթեցի քահանայական կոչումներուն համար։»

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը Սուրբ Տոմենիքօ Տի Քարլերուէկային մահուան 8-րդ դարադարձին առիթով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 24 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ նամակ մը գրեց եղբայր Ժէրարտ Ֆրանչիսքօ Թիմոնէի, որ աւագ վարդապետն է, Սուրբ Տոմենիքօ Տի Քարլերուէկայի մահուան 8-րդ դարադարձին քարոզիչներու ուխտին ։

Նամակին սկիզբը Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Սուրբ Տոմենիքոյին շնորհուած տիտղոսներուն որոնցմէ «Շնորհքի քարոզիչը» ։Ապա յայտնեց որ պիտի միանայ Քարոզիչ եղբայրներուն գոհութիւն յայտնելու համար Տոմենիքեան միաբանութեան առաքելութեան ու խարիզմին համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յիշեց «ուրախացիր եւ երջանկացիր» իր առաքելական յորդորագիրէն հատուած մը, «Ամէն սուրբ առաքելութիւն մըն է , Հօր ծրագիր մըն է խոկալու եւ մարմնանալու համար պատմութեան մէջ Աւետարանին մաս մը։

Սուրբ Տոմենիքոյին կոչումը քարոզել սիրոյ Աւետարանը։

Սուրբ Տոմենիքոյին ամենէն մեծ կոչումն է քարոզել սիրոյ, ողորմածութեան Աւետարանը։ Անոր Քրիստոսի ողորմածութեան վկայութիւնն ու փափաքն է օգնել աղքատներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ուզեց յիշել նաեւ Տոմեմինիքեան ընտանիքի անդամները մարտիրոսացած քարոզչութեան համար։ Յիշեց նաեւ Տոմենիքեան միաբանութեան աշխարական անդամները որոնք նուիրուած են քարոզչութեան առաքելութեան։ Շնորհակալութիւն յայտնեց քարոզիչներուն ուխտին անդամներուն աւետարանի քարոզչութեան նպաստի համար։

Նամակի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց նաեւ հինգ տարի առաջ Պոլոնիա քաղաք այցելութիւնը, ուր այցելեց Սուրբ Տոմենիքոյին դամբարանը եւ աղօթեց Քարոզիչներու ուխտին անդամներուն համար, հայցելով Սուրբին բարեխօսութիւնը որպէսի քարոզիչները հաւատարիմ մնան իրենց ժառանգած աւանդութեան։

Սուրբ Տոմենիքոն թող պարգեւէ քահանայական կոչումներ

Գոհութիւն յայտնեց սուրբ Տոմենիքոյի՝ իր զաւակներու եւ դուստրերուն եկեղեցւոյ մէջ կատարած բարքիններուն համար, ու խնդրեց որ յատուկէն պարգեւէ քահանայական կոչումներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթեց, որ Սուրբ Տոմենիքոյի յոբելինական տարին, արատ շնորհքներ պարգեւէ Քարոզի եղբայրներու եւ համայն Տոմենիքեան ընտանիքին, եւ շնորհէ նոր աւետարանի գարուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ Վարդարանին Տիրամօր հովանիին յանձնեց յոբելինական հանդիսութեան մասնակիցները, շնորհելովիր առաքելական օրհնութիւնները

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2021, 11:44