Հրապարակային ունկդնրութիւն Հրապարակային ունկդնրութիւն

Քահանայապետը դարձեալ հրաւիրեց աղօթելու Վարդարանը, ապա Հայցելու Ս. Հոգւոյն գալուստը։

Սուրբ Հոգիէն, հայցենք որ իր սիրով լեցնէ մարդոց սրտերը, աշխարհին մէջ դարձեալ ցոլացնէ իր լոյսը եւ բոլորին մէջ հրահրէ խաղաղութեան դիտաւորութիւններ եւ գործեր
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 19 մայիս 2021-ին Վատիկանի Սան Տամազօ հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին զանազան լեզուներով ուղղած իր ողջոյնի խօսքերուն մէջ Սրբազան Քահանայապետը արաբական աշխարհի հաւատացեալներուն յիշեցուց, թէ Սուրբ Կոյս Մարիամի նուիրուած ամսուայ մէջ կը կատարուի Վարդարանի աղօթքը եւ ասկէ մեկնելով հաստատեց, որ «Սուրբ Վարդարանը զօրեղ զէնք մէն է չարին դէմ, ան արդիւնաւէտ միջոց է մեր սրտերուն մէջ ընկալելու համար իսկական խաղաղութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հայցելով որ Տէրը օրհնէ զիրենք ու պահպանէ միշտ ամէն չարիքէ։

29 մայիսին Սուրբ Վարդարանի աղօթքը  Հարիսայի Տիրամօր սրբավայրէն

Յիշեցնենք որ Մայիս ամսուայ ընթացքին Նոր Աւետարանումի ժողովին նախաձեռնութեամբ եւ Վատիկանի Հաղորդակցութեան Ժողովի համագործակցութեամբ ամէն օր կարելի է միանալ Սուրբ Վարդարանի աղօթքին որ ուղիղ եթերով կը սփռուի, Վատիկանեան հաղորդամիջոցներուն միջոցաւ, աշխարհի զանազան սրբավայրերէն, որպէս դիտաւորութիւն ունենալով հայցել «համաճարակին աւարտը եւ ընկերային ու աշխատանքային գործունէութեան վերսկսումը» ինչպէս յայտնած էր նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապը, անցեալ 5 մայիսի հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին։ Յառաջիկայ 29 մայիսին Սուրբ Վարդարանի աղօթքը պիտի կատարուի Լիբանանի Հարիսայի Տիրամօր սրբավայրէն։

Հայցել Սուրբ Հոգիին գալուստը

19 մայիսի հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը ողջունելով իտալացի ուխտաւորները յիշեց թէ մօտ օրէն պիտի տօնախմբենք Պենտեկոստէի տօնը եւ «այս մէկը, ըսաւ Ան, ինծի առիթ կ՛ընծայէ ձեզ քաջալերելու թախանձագին հայցելու Սուրբ Հոգին, որպէսզի իր սիրով լեցնէ մարդոց սրտերը, աշխարհին մէջ դարձեալ ցոլացնէ իր լոյսը եւ բոլորին մէջ հրահրէ խաղաղութեան դիտաւորութիւններ եւ գործեր»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2021, 09:58