Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը Միանմարի ի նպաստ եւ շնորհաւորութիւնները Օրթոտոքս Եկեղեցիներուն Սուրբ Զատկուայ տօնին առթիւ։

Նորին Սրբութիւնը յիշեց նաեւ Իսրայէլի Մերոն լերան վրայ պատահած աղէտը մօտիկութիւն արտայայտելով զոհերուն ու անոնց ընտանիքներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 2 մայիս 2021-ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած «Ուրախ Լեր Թագուհի» կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոսի  հրապարակ ժամանած իտալացի եւ օտարազգի պատկան ուխտաւորներուն յիշեց անցեալ ուրբաթ օր Քարաքասի մէջ երանելի հռչակուած  աշխարհական հաւատացեալ Խօսէ  Կրէկորիօ Հերնանտէսը, որ, ըսաւ Սրբազան Պապը, «հաւատքով եւ գիտութեամբ լի բժիշկ մըն էր, որ գիտցաւ հիւանդներուն մէջ ճանչնալ Քրիստոսին դէմքը  ու բարի սամարացիի նման գիտցաւ զանոնք խնամել Աւետարանական սիրով»։

Երանելի  Խօսէ  Կրէկորիօ Հերնանտէս

«Թող անոր օրինակը օգնէ մեզի, որպէսզի հոգ տանինք անոնց որոնք կը տառապին մարմնով ու Հոգւով»  ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հրաւիրելով ծափահարութեամբ ընկալել սոյն լուրը։

Օրթոտոքս Եկեղեցիներու Սուրբ Զատկուայ տօնը

Ան հուսկ յիշեց թէ այսօր Օրթոտոքս Եկեղեցիները կը յիշատակեն Սուրբ Զատկուայ տօնը ու մաղթեց որ Յարուցեալ Տէրը լոյսով ու խաղաղութեամբ լիացնէ հասարակութիւնները որոնք կ՛ապրին դժուար կացութեան մէջ, շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ մաղթելով բոլորին։

Մարեմեան ամիսը եւ աղօթքի մարաթոնը

Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց ապա թէ մուտք գործած ենք Մայիս ամիս, որուն ընթացքին ժողովրդական ջերմեռանդութիւնը տարբեր ձեւերով իր յարգանքը կը մատուցէ Սուրբ Կոյսին։

«Այս տարի ան յատկանշուած է  աղօթքի մարաթոնով, որ պիտի կատարուի մարեմեան սրբավայրերու միջոցաւ հայցելու համար համաճարակին աւարտը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը յայտնելով թէ երէկ երեկոյեան կատարուեցաւ առաջին հանգրուանը Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ։

Միանմարի համար աղօթք

Ան ապա նշեց թէ այս ուղղութեամբ իր սրտին խօսուն է յատուկ մէկ ձեռնարկ մը զոր առաջարկուած է Պիրմանիայի եկեղեցւոյ կողմէ, որ կը հրաւիրէ աղօթել խաղաղութեան համար Միանմարին յատկացնելով Վարդարանի առօրեայ աղօթքէն մէկ «Ողջոյն քեզ Մարիամը»։

«Իւրաքանչիւրս երբ կարիքի մէջ է կը դիմէ իր մօր ու մենք այս ամսուայ ընթացքին մեր Երկնային Մօրմէն կը խնդրենք որ խօսի Միանմարի պատասխանատուներու բոլորին սրտին, որպէսզի անոնք քաջութիւն գտնեն հետեւելու հանդիպումի, խաղաղութեան ու հաշտութեան ճանապարհին»ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը իր աղօթքներն ու մօտիկութիւնը արտայայտելով նաեւ Իսրայէլի Մերոն լերան վրայ անցեալ օր տեղի ունեցած աղէտի զոհերուն  ու Իսրայէլի բնակչութեան։

Ողջոյնի խօսքեր

Քահանայապետը յիշեց նաեւ Մեթեր ընկերակցութիւնը ու քաջալերեց որ ան շարունակէ իր յանձնառումը ի նպաստ բռնութեան ու չարաշահուի զոհ մանուկներուն։

Սրբազան Պապը ի վերջոյ ողջունեց հրապարակ ժամանած հաւատացեալները ու մասնաւորապէս Ֆոքոլարինի շարժումի անդամները՝ 25 տարիներ առաջ Քիարա Լուպիքի կողմէ հիմնադրուած միասնութեան համար քաղաքական շարժումին առիթով։

Ան ապա բոլորին մաղթեց բարի կիրակի եւ խորհրդածութիւնը եզրափակեց խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/05/2021, 12:40