Նորածինի ոտքերը Նորածինի ոտքերը 

Ֆրանչիսկոս Պապ բացումը պիտի կատարէ Իտալիոյ մէջ ժողովրդագրութեան ապագայի նուիրուած համագումարին ։

Համագումարի իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ազգային ընտանիքի հայող ընկերակցութիւններ, մշակութային, լրատուական ու գործարարական աշխարհի հայող ընկերացութիններ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 3 մայիսին, սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը տեղեկացնելով որ յառաջիկայ 14 մայիսին, Հռոմի ’Auditorium սրահէն ներս ֆրանչիսկոս Պապ բացումը պիտի կատարէ Իտալիոյ մէջ ժողովրդագրութեան ապագային նուիրած համաժողովին, որ կոչ մըն է համապատասխանուութեան երկիրի վերսկսման համար սկսելով ծննդաբերութենէն։

Ունկնդրէ լուրը

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է որ Ֆրանչիսկոս Պապ վերոյիշեալ սրահը պիտի ժամանէ առաւօտեան ժամը 9,15,ին, համագումարին բացումը կատարելու համար, որուն նիւթը այժմէականէ համաճարակի հետեւանքով որ պատճառեց երկրի մէջ աւելի քան մէկ միլիոն աղքատ ընտանիքները։

Համագումարի իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ազգային ընտանիքի հայող ընկերակցութիւններ, մշակութային, լրատուական ու գործարարական աշխարհի հայող ընկերացութիններ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին բացման արարողութեան առթիւ արտասանած խօսէն ետք, նախատեսուած է որ ելոյթ ունենան ընտանիքի նախարարութեան նախարարուհի Ելէնա Պոնեթի, կրթութեան նախարարութեան նախարար Փաթրիցիօ Պիանքի եւ Լացիօ մարզի նախագահ Նիքոլա Զինկարեթի։

Համագումարին կազմակերպուած են երեք նիւթ ունեցող կլոր սեղաններ, գործակալական , դրամատան եւ լրատուական աշխարհի հարող նիւթերով։

 

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2021, 12:10