«La civiltà cattolica» պարբերաթերթին սպաներէն հատորը «La civiltà cattolica» պարբերաթերթին սպաներէն հատորը 

Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհաւորական գիրը La Civiltà Cattolica պարբերաթերթին սպաներէն լեզուով վերահրատարակման առիթով։

Շնորհաւորական նամակին մէջ Նորին Սրբութիւն նշեց թէ յիշեալ պարբերաթերթը իւրայատուկ պարբերաթերթ է, ոչ միայն որովհետեւ 170 տարեկան է

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Լա Չիվիլթա Քաթթոլիքա պարբերաթերթի սպաներէն լեզուով վերահրտարակման առիթով, հինգշաբթի, 20 մայիսին, ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորական նամակ գրեց Լա Չիվիլթա Քաթթոլիքա պարբերաթերթին սպաներէն լեզուի բաժանմունքին, պարբերաթերթի սպաներէն լեզուով հրատարակման առթիւ։

Ունկնդրէ լուրը

Շնորհաւորական նամակին մէջ Նորին Սրբութիւն նշեց թէ յիշեալ պարբերաթերթը իւրայատուկ պարբերաթերթ է, ոչ միայն որովհետեւ 170 տարեկան է ։

Ան հոգեւորական իսկական փորձառութիւն է ինչպէս նաեւ հասարակական եւ մտաւորական որ կը կեդրոնանայ Յիսուսեաններուն հասարակութեան վրայ, ու պարբերաթերթի գրողներու շարքը կը զատորոշէ ու կ՝ընտրէ քննարկելիք նիւթեր։

Նորին Սրբութիւնը նամակին մէջ նշեց, որ պարբերաթերթին Իտալերէն, Անգլերէն, Ֆրանսերէն, Ռուսական , Չինական, Քորէական ու Ճափոնական լեզուով հատորները արդեն կը հասնին լայն հասարակութեան։ Այժմ Սպաներէն լեզուով պարբերաթերթը պիտի ընդարձակէ ընթերցողներուն թիւը ու պիտի բացուի նոր մարտահրաւէրներուն։
Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ որ Սպաներէն լեզուով պարբերաթերթը հասանելի պիտի դառնայ սպանախօս 21 երկիրներուն ընթերցողներուն։
Ան հրաւիրեց, թիավարել համոզումով ու գորովով սուրբ Պետրոսի նաւուն մէջ՝ իբրեւ բարի Յիսուսեաններ։ Քաջալերեց թիավարել գրիչով բանակցելով բոլորին հետ, դիմելով դէպի բաց ծով։

Ֆրանչիսկոս Պապ խրախուսեց Աստուած փնտռել յատուկէն ճշմարտութեան անօթի ու ծարաւի անձերուն մէջ, որ թարգմանուի արդարադատութեան եւ ողորմածութեան գործերով։ Աստուած փնտռել Սպանացի, Լատին Ամերիկայի ու Քարայիպի կղզիներու ժողովուրդներուն իմաստասիրական ու Աստուածաբանական խորհրդածութիւններու մէջ, անոնց մշակոյթներուն, գիտական, արուեստական, բաժանմունքներու մէջ ինչպէս նաեւ ընկերային ու քաղաքական յանձնառումին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորական նամակը աւարտեց նկատել տալով որ ճգնաժամի այս ժամանակներուն Յիսուսեանները իրենց արտացոլացումով համայն մարդկութեան տրամադրութեան տակ կը դնեն Աստուծոյ Արքայութեան աւետարանը՝ որպէսի փրկութեան աղբիւր մեր ժամանակուան համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2021, 17:24