Սուրբ Երկիր Սուրբ Երկիր 

Սուրբ Երկիր, Ֆրանչիսկոս Պապ համայն եկեղեցիէն խնդրեց որ աղօթեն խաղաղութեան համար։

«Իմ միտքս կ՝երթայ, այս օրերուն այն ինչ որ կը պատահի սուրբ երկրին մէջ։»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 21 մայիսին, ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սուրբ Աթոռի մէջ հաւատարմագրուած նոր դեսպանները, որոնց ուղղած պատգամի աւարտին կոչ ուղղեց հրաւիրելով աշխարհի բոլոր եկեղեցիները աղօթելու եւ խաղաղութիւն հայցելու Սուրբ երկրի համար, մինալաով Սուրբ երկրի կաթողիկէ կղերներուն նախաձեռնած աղօթքի արարողութեան։

«Իմ միտքս կ՝երթայ, այս օրերուն այն ինչ որ կը պատահի սուրբ երկրին մէջ։ Աստուծոյ գոհութիւն կը յայտնեմ զինուած բախումներուն դադրեցման համար եւ կը մաղթեմ որ երկխօսութեան եւ խաղաղութեան ուղիները ընթանան։»

Վաղը երեկոյեան Սուրբ Երկրի կաթողիկէ հաստատութիւնները, հաւատացեալներու մասնակցութեամբ միասնաբար պիտի նշեն Պենտեկոստէի տօնը Երուսաղեմի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ հայցելով խաղաղութեան պարգեւը։

Առիթէն կ՝օգտուիմ, խնդրելու համար կաթողիկէ եկեղեցւոյ բոլոր հովիւներէն եւ հաւատացեալներէն միանալու այս աղօթքին։ Թող ամէն հասարակութեան մէջ աղօթք բարձրացուի սուրբ Հոգիին, որպէսզի Իսրայէլցիները ու Պաղեստինցիները կարենան գտնել երկխօսութեան եւ ներողամտութեան ուղին եւ որպէսզի խաղաղութեան եւ արդարադատութեան համբերատար կառուցողները դառնան ,բացուելով քայլ առ քայլ , ընդհանուր յոյսի , եւ եղբայրներու միջեւ համակեցութեան։»ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2021, 10:09