Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք 

«Աւետարանի գեղեցկութիւնը կը պահանջէ ապրիլ ու վկայել մեր միջեւ միութիւնը» Ֆրանչիսկոս Պապ

Սուրբ Երրորդութեան տօնը մեզի խոկալ կու տայ այդ սիրոյ եւ լոյսի սքանչելի խորհուրդին մասին, որմէ մենք կու գանք եւ ուր ուղղուած է մեր երկրային ուղեւորութիւնը։
Ունկնդրէ Լուրը

Կիրակի 30 մայիս 2021-ին տօնն է Սուրբ Երրորդութեան։ Սրբազան Քահանայապետը Մարեմեան կիրակնօրեայ աւանդական աղօթքին առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Երրորդութեան խորհուրդին վրայ։

Աստուած սէր է

«Այսօրուայ տօնին մէջ մենք կը տօնախմբենք Աստուած, մէկ եւ երրեակ Աստուծոյ խորհուրդը, Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի, երեք անձեր բայց երեք Աստուածներ չեն այլ մէկ Աստուած է, խորհուրդ  զոր մեզի յայտնեց նոյնինքն Յիսուս Քրիստոսը եւ այս խորհուրդը կը խօսի մեր սրտին որովհետեւ զայն կը գտնենք ներփակուած Սուրբ Յովհաննէսի արտայայտութեան մէջ, որ իր կարգին կը կ՛ամփոփէ համայն յայտնութիւնը «Աստուած սէր է»։ Հայրը սէր է, Որդին սէր է, Սուրբ Հոգին սէր է (Յովհ. Ա 4, 8.16) հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը աւելցնելով որ «Աստուած սէր ըլլալով առանձնութիւն չէ այլ հաղորդութիւն է։ Ան հիմնականօրէն անձնուիրում է եւ իր սկզբնական ու անվերջ իրականութեան մէջ Հայր է, որ ինքզինք կը նուիրէ Որդիին մէջ, որ իր կարգին կը նուիրուի Հօր ու անոնց փոխադարձ սէրը Սուրբ Հոգին է, միութեան երաշխիքը։

Երրորդութեան խորհուրդի յայտնութիւնը

Երրորդութեան այս խորհուրդը մեզի յայտնուեցաւ նոյնինքն Յիսուսին կողմէ։ Ան մեզի ճանչցնել տուաւ հօր Աստուծոյ դիմագիծը, որպէս ողորմած Հայր։ Ինքզինք ներկայացուց, իսկական մարդ, որպէս Աստուծոյ Որդի եւ Հօր Բանը, խօսեցաւ Սուրբ Հոգիի մասին, որ կը Բխի Հօրմէն եւ Որդիէն, Հոգի ճշմարտութեան, Մխիթարիչ Հոգի, մեր փաստաբանը»։

Երբ Յարութենէն ետք Յիսուս յայտնուեցաւ աշակերտներուն զանոնք ուղարկեց աւետարանելու բոլոր ազգերը, զանոնք մկրտելով յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ (Մատթ 28, 19)։

«Այսօրուան տօնը մեզի խոկալ կու տայ այդ սիրոյ եւ լոյսի սքանչելի խորհուրդին մասին, որմէ մենք կու գանք եւ ուր ուղղուած է մեր երկրային ուղեւորութիւնը»։

Ապրիլ եւ վկայել միութիւնը 

«Աւետարանի գեղեցկութիւնը կը պահանջէ ապրիլ ու վկայել մեր միջեւ միութիւնը» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը նշելով որ  այս միութիւնը հիմնական է քրիստոնեային համար, որովհետեւ միութիւնը կը ծնի սէրէն, Աստուծոյ ողորմութենէն, Յիսուսին արդարացումէն ու մեր սրտերուն մէջ Սուրբ Հոգիի ներկայութենէն։

Սրբազան Պապը եւ խորհրդածութիւնը աւարտեց հայցելով Սուրբ Կոյսին բարեխօսութիւնը, որպէսզի թիկունք կանգնի մեր հաւատքին ու մեզ դարձնէ Աստուած պաշտողներ եւ եղբայրներու ծառայողներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2021, 12:34

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >