Ֆրանչիսկոս Պապին պատարագը Եանկոնի առաջնորդարանի մէջ 2017-ի առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապին պատարագը Եանկոնի առաջնորդարանի մէջ 2017-ի առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին 

Յառաջիկայ 16 Մայիսին Քահանայապետական Պատարագ Հռոմ գտնուող Միանմարի հաւատացեալներուն համար։

Ֆրանչիսկոս Պապը 16 Մայիսի առաւօտեան 10-ին պատարագ պիտի մատուցէ Սուրբ Պետրոսի մէջ ի նպաստ Միանմարի Հռոմ բնակող Միանմարի հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քահանայապետական Տան հոգաբարձութիւնը երկուշաբթի 3 մայիսի յետմիջօրէին յայտարարեց թէ Սրբազան Քահանայապետը 16 մայիսին, Համբարձման տօնին օրը, առաւօտեան ժամը 10-ին  Սուրբ Պետրոսի մէջ պիտի մատուցէ Սուրբ Պատարագ Հռոմ գտնուող Միանմարի հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։

Քահանայապետին կոչերը ի նպաստ Միանմարի մէջ խաղաղութեան

Անցեալ կիրակի օր Սրբազան Պապը խօսելով Սուրբ Վարդարանի աղօթքի մարաթոնի մասին, որ տեղի պիտի ունենայ մայիս ամսուայ ընթացքին աշխարհի տարբեր Մարեմեան Սրբավայրերէն ներս, յիշած էր նաեւ Պիրմանիայի Եկեղեցւոյ ձեռնարկը որ հրաւէր ուղղած է Վարդարանի մէկ  «Ողջոյն քեզ Մարիամը» նուիրելու Միանմարի խաղաղութեան համար։

Քահանայապետը հաստատած էր թէ այս ձեռնարկը «իր սրտին կը խօսի» ու հրաւէր ուղղած էր մայիս ամսուայ ընթացքին դիմելու մեր Երկնաւոր Մօր, որպէսզի Ան «խօսի Միանմարի պատասխանատուներու սրտին, որպէսզի կարենան քաջութիւնը գտնել հետեւելու հանդիպումի, հաշտութեան ու խաղաղութեան ճանապարհին»։

Ֆրանչիսկոս Պապը, այն օրէն երբ Միանմարի մէջ զինուորական յեղաշրջում իրականացաւ,  քանիցս կոչեր ուղղեց ի սպաս խաղաղութեան զգուշացնելով բռնութեան արարքներէն։

Թող գերակշռէ երկխօսութիւնը

«Թող գերակշռէ երկխօսութիւնը» կոչ ուղղած էր Քահանայապետը անցեալ 17 մարտին միջազգային հասարակութիւնէն պահանջելով որ մատուցէ պէտք եղած օգնութիւնը՝ «որպէսզի Միանմարի բնակչութեան ձգտումները չի սանձուին բռնութեան արարքներով»

«Ես ալ կը ծնկադրեմ Միանմարի ճամբաներուն վրայ եւ կ'ըսեմ. Թող դադրի բռնութիւնը։ Ես ալ բազուկներս կը տարածեմ եւ կ'ըսեմ թող գերակշռէ երկխօսութիւնը։ Արիւնը ոչ մէկ հարց կը լուծէ։ Թող գերակշռէ երկխօսութիւնը» պնդած էր Ֆրանչիսկոս Պապը 3 մարտին ուղղած այլ կոչի մը մէջ։

Կոչ քաղաքական պատասխանատուներուն

Կիրակի` 7 Փետրուարին եւս Սրբազան Պապը  քաղաքական պատասխանատուութիւններէն խնդրած էր, որ իրենք զիրենք դնեն ի սպաս հասարակաց բարիքին, «խթանելով ընկերային արդարութիւնը եւ ազգային կայունութիւնը, ի նպաստ ժողովրդավարական ներդաշնակ համակեցութեան»։

 Այս տարուայ Սուրբ Զատկուայ տօնի «Ուրպի Էթ Օրպի» իր պատգամին մէջ Քահանայապետը մօտիկութիւն արտայայտելով աշխարհի բոլոր երիտասարդներուն, յիշած էր մասնաւորապէս «Միանմարի երիտասարդները, որոնք յանձնառու են ի նպաստ ժողովրդավարութեան եւ խաղաղ կերպով լսելի կը դարձնեն իրենց ձայնը, այն գիտակցութեամբ, որ ատելութիւնը կարող է ցիր ու ցան ըլլալ միայն սիրոյ միջոցաւ» ըսած էր Ֆրանչիսկոս Պապը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2021, 08:39