«S. Spirito in Sassia» Եկեղեցին «S. Spirito in Sassia» Եկեղեցին 

Աստուածային ողորմութեան կիրակի օրուայ սուրբ պատարագ «S. Spirito in Sassia» Եկեղեցւոյ մէջ Քահանայապետի գլխաւորութեամբ։

Սուրբ Զոհի աւարտին Նորին Սրբութիւնը նոյն վայրէն պիտի արտասանէ «Ողջ լեր թագուհի» կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկրորդ տարին ըլլալով Ֆրանչիսկոս Պապը` Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կողմէ 21 տարիներ առաջ հաստատուած Աստուածային Ողորմութեան կիրակիին առթիւ կիրակնօրեայ պատարագը պիտի մատուցէ հռոմի «S. Spirito in Sassia» եկեղեցւոյ մէջ, որ Աստուածային Ողորմութեան նուիրուած սրբավայր է եւ կը գտնուի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին մօտակայքը։ Սուրբ Զոհի աւարտին Նորին Սրբութիւնը նոյն վայրէն պիտի արտասանէ «Ողջ լեր թագուհի» կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։

Արդարեւ անցեալ տարի եւս Քահանայապետը «առանձնական» հանգամանքով եւ առանց հաւատացեալներու մասնակցութեամբ պատարագը մատուցած էր վերոնշեալ Եկեղեցւոյ մէջ ի տես համաճարակի կանխարգիլման ուղղութեամբ որդեգրուած սահմանափակումներուն։

Ողորմութեան տօնին պատարագին կը մասնակցին կալանաւորներ, բուժքոյրերը և փախստականներ

Նոր Աւետարանութեան խթանման Քահանայապետական խորհուրդի հրապարակած մէկ հաղորդագրութեամբ կը նշուի թէ «Սրբազան Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն սահմանափակ թիւով հաւատացեալներ, որոնց շարքին Սուրիային, Նիճերիայէն եւ Եգիպտոսէն գաղթական երիտասարդներ։ Ղպտի եկեղեցիէն երկու երիտասարդներ, Սուրիական քարիթիասի կամաւոր մը ու Ասորի եկեղեցիէն երիտասարդ մը։ Պատարագին կը մասնակցին նաեւ Հռոմի Ռեճինա Չելի, Քազալ Տէլ Մարմօ եւ Ռեպիպիա բանտերէն կալանաւորներ ինչպէս նեաւ Ողորմութեան Հիւանդապահ Քոյրերու միաբանութեան անդամներն ու «Santo Spirito in Sassia» հիւանդանոցէն հիւանդապահներու պատուիրակութիւն մը։

Քահանայապետին հետ կը համապատարագեն Ողորմութեան Միսիոնարներէն մի քանի քահանաներ, ներկայացնելով աւելի քան հազար քահանաները որոնց Սրբազան Քահանայապետը Ողորմութեան Արտակարգ Յոբելենական տարւոյն ընթացքին յանձնած էր յատուկ առաքելութիւն մը, հայող հաշտութեան, խոստովանանքի խորհուրդին եւ աստուածային ողորմութեան խորհուրդի քարոզութեան»։

«Կը փափաքիմ որ ողորմութեան տօնը ըլլայ ապաստան ու պատսպարան բոլոր հոգիներուն»

Աստուածային Ողորմութեան կիրակին ինչպէս նշեցինք հաստատուած էր երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին կողմէ, Քոյր Ֆաուսթինա Քովալսքայի սրբադասումին օրը՝ 30 ապրիլ 2000ին։ Նոյնինքն Յիսուսն է որ Քոյր Ֆաուսթինայէն խնդրած է յիշատակել այդ օրը. «Կը փափաքիմ որ ողորմութեան տօնը ըլլայ ապաստան ու պատսպարան բոլոր հոգիներուն։ Մարդկութիւնը խաղաղութիւն պիտի չգտնէ մինչեւ որ չդիմէ իմ ողորմութեանս ակնաղբիւրին (Օրագիր 699)»։

«S. Spirito in Sassia» կեղեցին կառուցած է Լեւոն Դ Քահանայապետի կողմէ 9-րդ դարու կէսին ապա վերակառուցուած 1538ին, Պօղոս Գ քահանայապետի օրով։ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ եւս՝ 23 ապրիլ 1995ին այնտեղ մատուցած էր սուրբ պատարագը, որուն աւարտին օրհնած է եկեղեցւոյ մէջ զետեղուած «Ողորմած Յիսուսին» սրբապատկերը։

11 ապրիլի Քահանայապետական սուրբ պատարագը եւ Մարեմեան աղօթքը պիտի սփռուին ուղիղ եթերով Վատիկան Մետիա կայանի միջոցաւ եւ Վատիկան Նիուզի կայքի միջոցաւ, իտալերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, գերմաներէն , սպաներէն, փորթուկալներէն եւ արաբերէն մեկնաբանութիւններով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/04/2021, 08:59