Ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամը Ֆիլիփինի մէջ աւետարանումի 5-րդ դարադարձին առիթով։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը կեդրոնացուց երեք բառերու վրայ Նազարէթ, խաչ եւ Պենտեկոստէ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆիլիփինի մէջ աւետարանումի 5-րդ դարադարձին առիթով ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամը մը յղեց, որուն մէջ իր խօսքը կեդրոնացուց Ֆիլիփինի ժողովուրդի քրիստոնէական արմատները բնորոշող հաւատքի երեք խորհուրդներուն վրայ Նազարէթ, խաչ եւ Պենտեկոստէ։

Սուրբ Նինոն Նազարէթի սուրբ ընտանիքին քնքշութիւնը յիշեցնող սուրբն է։

Նազարէթ։ Նորին Սրբութիւնը յիշեց Սուրբ Նինոն նկատել տալով, որ սուրբին քնքշութիւնը կը յիշեցնէ Նազարէթի մէջ Սուրբ Ընտանիքին կեանքը։ Սուրբ Կոյս Մարիամն ու Սուրբ Յովսէփը սիրով դաստիարակեցին Յիսուս մանուկը։ ըսաւ սրբազան հայրը հրաւիրելով Ֆիլիփինի ընտանիքները, որ իրենց դռները բանան Սուրբ Նինոյին, որպէսզի կարենան իրենց հարազատներէն ստացած հաւատքը փոխանցել իրենց ընտանիքներուն։ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց թէ Ֆիլիփինի ժողովուրդը՝ հովիւներն ու հաւատացեալները ժողովուրդ մըն է ,որ գիտէ Նազարէթի Յիսուսին ընկերանալ խաչին երկար ճամբուն վրայ։

Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն Ֆիլիփինի ժողովուրդը միշտ քաջ եղած է 

Խաչը։ Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Ֆիլիփինի մէջ տեղի ունեցող բոլոր դժուարութիւնները, երկրաշարժները, ջրհեղեղները, հրաբուխի կապուած խնդիրները ու վերջապէս քովիտ 19 համաճարակը նշելով որ հակառակ բոլոր ցաւերուն ֆիլիփինցիները կարողացան շարունակել իրեցն ուղին, անոնք տառապեցան, սակայն վերականգնեցան, շարունակեցին աշխատիլ, վերակառուցել, մէկը միւսին օգնելով, վստահելով միշտ Աստուծոյ վրայ ։

Աստուածածինը բոլորին հետն է

Պենտեկոստէ։ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ Սուրբ Կոյս Մարիամը, առաքեալներու կողքին գտնուելով պահուն աղօթեցին ու  սպասեցին Սուրբ Հոգիին գալուստը։ Երբ առաքեալները ընդունեցան Սուրբ Հոգին, դուրս ելան առանց վախի հռչակելու  համար Աւետարանը աշխարհի ամէն անկիւնի մէջ։ ըսաւ Նորին Սրբութիւն աւելցնելով որ Աստուածածինը բոլորին հետն է, Մայրն է որ երբեք չլքեր,հայցելով Սուրբ կոյս մարիամի բարեխօսութիւնը Փիլիփինի մէջ նոր Պենտեկոստէի համար։

Յոբելենական տարուան համար ֆրանչիսկոս Պապ մաղթեց, որ Յիսուսի խօսքերը ընկերանան Ֆիլիփինի հաւատացեալներուն։ «ձրի առիք, ձրի տուէք »։ (Մատթէ 10,8)։ Հրաւիրեց Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնել այն անձերուն համար որոնք կրցան հաւատք սփռել, վերանորոգելով աւետարանելու փափաքը, ուրիշներու հասնելու՝  աւետարանի յոյս ու ուրախութիւն փոխանցելու համար։

Անվախ շարունակել առաքելութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Ֆիլիփին կատարած այցելութիւնը, քաջալերելով ֆիլիփինցիները միշտ քաջ ըլլայ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն։ Հրաւիրեց առանց վախի շարունակել առաքելութիւնը դիտել տալով որ անոնք մինակ չեն այլ իրենց կ՝ընկերանայ քահանայապաետը ու երկու սուրբերը ՝ Սուրբ Փետրօ Քալունկսոտ եւ Սուրբ Լորենցօ Ռուիզը, որոնք սուրբ կրօնուսոյցներ են որոնք ձրի կրցան տալ այն ինչ որ ձրի ստացան՝ հաւատք եւ յոյս Յիսուսի մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց պատկերասփռուած պատգամը քաջալերելով յառաջ ընթանալ, հայցելով Յիսուսի օրհնութիւնը համայն Ֆիլիփինի ժողովուրդին համար ապա հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի պաշտպանութիւնը խնդրեց, որ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/04/2021, 02:00