“Urbi et Orbi”. Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը՝ ազատ արձակելու Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի գերիները։

«Հակամարտութիւններու պատճառաւ գերութեան մէջ գտնուող անձերուն, ու յատկապէս Արեւելեան Ուկրանիայի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, Տէրը թոյլ տայ, որ անոնք ողջ առողջ վերադառնան իրենց ընտանիքներուն մօտ եւ ոգեշնչէ աշխարհի ղեկավարները `սանձելու նոր զէնքերու մրցավազքը» կոչ ուղղեց Սրբազան Պապը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 4 ապրիլ 2021-ին Քրիստոնեայ կաթողիկէ Եկեղեցին կը տօնէ Յիսուսի հրաշափառ Յարութեան տօնը, որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, առաւօտեան ժամը 10ին, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարէն ներս մատոյց Սուրբ Զատկուան նուիրուած հանդիսաւոր սուրբ Պատարագը, որուն, համաճարակի պատճառաւ, իրենց մասնակցութիւնը բերին շատ փոքր թիւով հաւատացեալներ եւ որուն աւարտին Սրբազան Քահանայապետը նոյն վայրէն փոխանցեց Հռոմ քաղաքին ու համայն աշխարհին ուղղուած «Ուրպի էթ Օրպի» աւանդական պատգամը, որուն սկիզբը Ան հաստատեց` թէ «այսօր աշխարհի բոլոր վայրերուն մէջ կ՛արձագանգէ Եկեղեցւոյ Աւետիսը. «Յիսուս, խաչեալը, յարութիւն առաւ, ինչպէս ըսած էր։ Ալէլուիա»։

«Յիսուս, խաչեալը յարութիւն առաւ»

«Համաճարակը տակաւին ընթացքի մէջ է, ընկերային եւ տնտեսական ճգնաժամը շատ ծանր է, մասնաւորապէս աւելիով աղքատներուն համար եւ հակառակ ասոր – եւ այս մէկը գայթակղեցուցիչ է - զինեալ ընդհարումները չեն դադրիր, մինչ կ’ուժեղանան ռազմական զինանոցները» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը նշելով, որ ի տես այս բարդ իրականութեան Զատկական պատգամը մի քանի բառերու մէջ կ՛ամփոփէ իրադարձութիւն մը, որ յոյս կը ներշնչէ եւ յուսախաբ չի թողուր. «Յիսուս խաչեալը յարութիւն առաւ»։

«Յիսուս մեր Տէրը»

Խաչեալը, ոչ թէ ուրիշ մը, յարութիւն առաւ։ Հայր Աստուած Յարութիւն տուաւ իր Որդոյն Յիսուսին, որպէսզի կատարուի իր փրկութեան կամքը։ Ան իր վրայ առաւ մեր տկարութիւնները, մեր հիւանդութիւնները, մեր մահը, տառապեցաւ մեր ցաւերով, իր վրայ վերցուց մեր անօրինութիւններուն բեռը։ Ասոր համար Հայր Աստուած զինք բարձրացուց եւ այժմ Յիսուս Քրիստոս կ’ապրի առ յաւէտ, Տէրն է Ան։

«Վկաները կը փոխանցեն կարեւոր մանրամասնութիւն մը. Յարուցեալ Յիսուսը ձեռքերուն, ոտքերուն ու կողին վրայ կը կրէ վէրքեր, որոնք կնիքն են Անոր մեզի հանդէպ յաւիտենական սիրոյն», ըսաւ ապա Քահանայապետը դիտել տալով, որ «բոլոր անոնք, որոնք կը տառապին կարող են այդ վէրքերուն մէջ գտնել ապաստան ու անոնց միջոցաւ ընդունիլ յոյսին շնորհքը»։

Պատուաստը հիմնական գործիք պայքարելու համար Համաճարակին դէմ

«Յարուցեալ Քրիստոսը յոյս է անոնց, որոնք տակաւին կը տառապին համաճարակին պատճառաւ, հիւանդներուն ու անոնց, որոնք հարազատ անձ մը կորսնցուցին։ Տէրը անոնց թող շնորհէ մխիթարութիւն եւ թիկունք կանգնի բժիշկներուն եւ հիւանդապահներու ջանքերուն», մաղթեց Սրբազան Պապը հաստատելով, որ «բոլոր մարդիկը իրաւունք ունին ընդունելու պատշաճ դարմանում», եւ նկատել տալով, որ այս մէկը աւելիով ակնառու է այս շրջանին «երբ կը պայքարինք համաճարակին դէմ» եւ «պատուաստը հիմնական գործիք մըն է այդ պայքարը մղելու համար»։

Ֆրանչիսկոս Պապը խրախուսեց առ այդ միջազգային հասարակութիւնը, որպէսզի միասնական յանձնառումով յաղթահարուին պատուաստի բաշխումին ուշացումները, խթանուի անոր բաժնեկցութիւնը, յատկապէս աղքատ երկիրներուն հետ։

Տնտեսական ճգնաժամը

«Յարուցեալ Խաչեալը սփոփանք է անոնց, որոնք աշխատանքը կորսնցուցին, կամ կ’ապրին տնտեսական ճգնաժամ մը ու զուրկ են ընկերային պատշաճ պաշտպանութիւններէ», ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը, հայցելով, որ Տէրը ներշնչէ իշխանութիւնները, որպէսզի «բոլորին երաշխաւորուին պէտք եղած օգնութիւնները»։

Համաճարակը, ըսաւ Սրբազան Պապը, ողբերգական կերպով աճեցուց աղքատներուն թիւը եւ հազարաւոր մարդոց յուսահատութիւնը։ «Հարկաւոր է, որ ամէն տեսակի աղքատները վերագտնեն յոյսը» ըսած էր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը Հայիթի կատարած ճամբորդութեան առթիւ։ Եւ ճիշդ Հայիթիի սիրելի ժողովուրդին է, որ կ՛ուղղուի այսօր մտածումս եւ քաջալերանքս, որպէսզի չի ծանրաբեռնուի դժուարութիւններով, այլ նայի ապագային՝ յոյսով եւ վստահութեամբ։ «Ձեզի մօտիկ եմ սիրելի Հայիթիի եղբայրներ» ըսաւ Քահանայապետը մաղթելով որ հարցերը շուտով լուծում գտնեն։

Երիտասարդները, Միանմարը

Յիսուս, յարուցեալը, յոյս է բազմաթիւ երիտասարդներուն համար, որոնք ստիպուած եղան երկար ժամանակ հեռու մնալ դպրոցէն ու համալսարանէն ու չկարողացան ժամանակ անցնել իրենց բարեկամներուն հետ։

«Բոլորս ալ կարիքը ունինք ապրելու ոչ թէ վերացական այլ իսկական մարդկային փոխյարաբերութիւններ, յատկապէս այն տարիքին մէջ երբ կը կազմուի անձնականութիւնն ու բնաւորութիւնը», նշեց Սրբազան Հայրը մօտիկութիւն արտայայտելով աշխարհի բոլոր երիտասարդներուն, եւ «այս ժամերուն մասնաւորապէս Միանմարի երիտասարդներուն, որոնք յանձնառու են ի նպաստ ժողովրդավարութեան եւ խաղաղ կերպով լսելի կը դարձնեն իրենց ձայնը, այն գիտակցութեամբ, որ ատելութիւնը կարող է ցիր ու ցան ըլլալ միայն սիրոյ միջոցաւ» յարեց Նորին Սրբութիւնը։

Գաղթականները եւ զանոնք հիւրընկալող երկիրները

«Յարուցեալին լոյսը ըլլայ աղբիւր վերածնունդի գաղթականներուն համար, որոնք փախուստ կու տան պատերազմէն եւ թշուառութիւններէն» ըսաւ հուսկ Քահանայապետը նշելով, որ «անոնց դէմքերուն մէջ կը տեսնենք դէպի գողգոթայ բարձրացող Տիրոջ այլանդակ եւ տառապող դէմքը»։

«Թող անոնց չպակսին զօրակցութեան եւ մարդկային եղբայրութեան շօշափելի նշանները», մաղթեց Սրբազան Պապը, շնորհակալութիւն յայտնելով այն երկիրներուն, որոնք վեհանձնութեամբ ընկալեցին զանոնք ու այդ երկիրներու շարքին յիշեց Լիբանանն ու Յորդանանը, «որոնք կը հիւրընկալեն սուրիական պատերազմէն փախուստ տուող բազմաթիւ գաղթականներ»։

Լիբանանին կոչումը ու զէնքերու շառաչիւնը

«Թող որ Լիբանանցի ժողովուրդը, որ դժուարութեան եւ անորոշութեան շրջան մը կ՛ապրի, զգայ յարուցեալ Տիրոջ մխիթարութիւնը եւ աջակցութիւն ստանայ միջազգային հասարակութիւնէն իր հանդիպումի, համակեցութեան եւ բազմակարծութեան երկիր ըլլալու կոչումին մէջ», ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ու կոչ ուղղեց նաեւ, «որպէսզի վերջնականապէս դադրին զէնքերու շառաչիւնը «սիրեցեալ ու մարտիրոս Սուրիոյ մէջ, ուր միլիոնաւոր մարդիկ կ՛ապրին ծանր իրավիճակի մէջ», «Եմենի մէջ, որուն իրադարձութիւնները շրջապատուած են գայթակղեցուցիչ ու խուլացնող լռութեամբ», «Լիպիայի մէջ, ուր ի վերջոյ կը յայտնուի ելքի ճանապարհ մը»։

«Ներգրաւուած բոլոր կողմերը թող յանձնառու ըլլան դադրեցնելու հակամարտութիւնները եւ պատերազմէն ուժասպառ դարձած բնակչութեան առիթ տրուի ապրելու խաղաղութեամբ եւ վերակառուցելու իրենց երկիրները» կոչ ուղղեց Սրբազան Քահանայապետը։

Սուրբ Երկիր

Յարութիւնը մեզ բնականաբար կը տանի Երուսաղէմ։ Անոր համար մենք Տիրոջմէ կը հայցենք խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն, որպէսզի ան համապատասխանէ իր կոչումին ըլլալու վայր՝ հանդիպումի, ուր բոլորն ալ իրենք զիրենք զգան եղբայրներ, եւ ուր Իսրայէլացիներն ու Պաղեստինցիները վերագտնեն երկխօսութեան ուժը, հասնելու համար կայուն լուծումի մը, որ տեսնէ երկու պետութիւններ, որոնք կ՛ապրին իրար կողքին, խաղաղութեան և բարգաւաճման մէջ:

Իրաքը եւ մարդկային մէկ ընտանիքի երազը

Այս տօնական օրուան առթիւ իմ մտածումս կ՛երթայ նաեւ Իրաքին, որ ուրախութիւնը ունեցայ այցելել անցեալ ամիս եւ կ՛աղօթեմ, որ ան կարողանայ շարունակել սկիզբ առած հաշտութեան ճանապարհը, որպէսզի իրականանայ հիւրընկալ եւ բոլոր զաւակներուն նկատմամբ հիւրամեծար մարդկային ընտանիքի մը Աստուծոյ երազը։

Ափրիկեան ցամաքամասի մէջ խաղաղութեան իղձ

«Յարուցեալին զօրութիւնը թիկունք կանգնի նաեւ Ափրիկէի ժողովուրդներուն որոնց ապագան վտանգի տակ է, ներքին բռնութիւններու պատճառաւ ու միջազգային ահաբեկչութեան բերումով, յատկապէս Սահելի եւ Նիճերիայի մէջ, ինչպէս նաեւ Թիկրէյ եւ Քապօ Տելկատօ նահանգներուն մէջ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը կոչ ուղղելով, որ չի դադրին բոլոր այն ջանքերը,« հակամարտութիւններուն համար որոնելու խաղաղ լուծումներ, յարգելով մարդկային իրաւունքները ու կեանքին սրբութիւնը, եղբայրական ու կառուցողական երկխօսութեան մը միջոցաւ, հաշտութեան եւ գործնական զօրակցութեան հոգիով»։

Կոչ Լեռնային Ղարաբաղի ռազմագերիներուն տուն վերադարձին ի սպաս

«Տակաւին շատ պատերազմներ ու բազմաթիւ բռնութիւններ կան աշխարհի մէջ», դիտել տուաւ հուսկ Սրբազան Պապը։ «Տէրը, որ մեր խաղաղութիւնն է, օգնէ մեզի որպէսզի յաղթահարենք պատերազմի մտայնութիւնը»։

«Հակամարտութիւններու պատճառաւ գերութեան մէջ գտնուող անձերուն, ու յատկապէս Արեւելեան Ուկրանիայի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, Տէրը թոյլ տայ, որ անոնք ողջ առողջ վերադառնան իրենց ընտանիքներուն մօտ եւ ոգեշնչէ աշխարհի ղեկավարները `սանձելու նոր զէնքերու մրցավազքը» կոչ ուղղեց հուսկ Սրբազան Պապը յիշելով նաեւ, որ «այսօր՝ չորս ապրիլին կը նշուի «ականներու դէմ համաշխարհային օրը», որոնք արգելք են, որ մարդկութիւնը միասին քալէ կեանքի արահետներուն վրայ, առանց վախնալու ոչնչացման և մահուան վտանգներէն» ընդգծեց Սրբազան Քահանայապետը իղձ յայտնելով, թէ «որքան աւելի լաւ պիտի ըլլար աշխարհ մը` առանց մահուան այս գործիքներուն»:

Կրօնի ազատութիւնը

Պատգամի աւարտին Սրբազան Պապը յիշեց աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ քրիստոնեաներուն Սուրբ Զատկուայ տօնակատարութիւնը սահմանափակումներով կատարելու դժուարութիւնները եւ այս ուղղութեամբ հրաւիրեց աղօթել` որպէսզի «սահմանափակումները» ինչպէս որեւէ կրօնի եւ դաւանանքի ազատութեան սահմանափակում աշխարհին մէջ, վերացուին եւ «իւրաքանչիւրին տրուի հնարաւորութիւն, ազատօրէն աղօթելու եւ փառաբանելու Աստուած»։

«Երբեք չի մոռնանք, որ մենք դարման գտած ենք Քրիստոսի վէրքերով» յանձնարարեց ապա Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, որ «Յարուցեալի լոյսին դիմաց մեր տառապանքները այլակերպուած են։ Այնտեղ ուր մահ կար այժմ կայ կեանք, այնտեղ ուր սուգ կար այժմ կայ մխիթարութիւն»։

Յիսուս խաչը ողջագուրելով մեր տառապանքներուն իմաստ տուաւ եւ այժմ աղօթենք, որպէսզի այս օգտակար բժշկութեան ազդեցութիւնները տարածուին համայն աշխարհին մէջ։

 

Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ բոլորիդ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/04/2021, 12:18