Որոնել

«Մտածականի աղօթքը» առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Պապին ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութեան։

Քրիստոնեայի մը համար «խորհրդածել» կը նշանակէ մենք մեզ դնել Յայտնութեան մեծ էջին դիմաց փորձելով իւրացնել ու զայն մերը դարձնել։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 28 ապրիլ 2021-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Առաքելական Պալատի Մատենադարանէն սփռուած ուղիղ եթերի միջոցաւ ներկայացուց հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը, որուն առանցքը կազմեց ինչպէս նախորդ վերջին ունկնդրութիւններուն աղօթքը` ու մասնաւորապէս մտածականը։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, այսօր պիտի խօսինք այն աղօթքի ձեւի մասին որ է մտածականը։ Քրիստոնեայի մը համար «խորհրդածել» կը նշանակէ մենք մեզ դնել Յայտնութեան մեծ էջին դիմաց փորձելով իւրացնել ու զայն մերը դարձնել։

Քրիստոնեան ընկալելէ ետք Աստուծոյ Խօսքը, իր մէջ փակ չի պահեր զայն, որովհետեւ այդ Խօսքը պէտք է հանդիպի այլ գիրքի հետ զոր Քրիստոնէականը կը կոչէ «կեանքի գիրք» (Քրիստոնէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ թիւ 2706).

Մտածականի ոճը տարածուած բոլոր կրօններուն մէջ

«Մտածականի ոճը վերջին տարիներուն մեծ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։ Անոր մասին կը խօսին ոչ միայն քրիստոնեաները այլեւ աշխարհի գրեթէ բոլոր կրօնները ու ան տարածուած է նաեւ անձերու մէջ` որոնք կրօնական տեսակէտ մը չունին կեանքի մասին» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հաստատելով, որ «բոլորս կարիքը ունինք խորհրդածելու, մտածելու ու մենք մեզ գտնելու»։

Մտածականը նման է շնչառութեան։

«Մենք արդարեւ չենք եղած միայն անընդհատ վազելու համար ու մեր ներքին կեանքը պէտք չէ արհամարհել» աւելցուց Սրբազան Պապը դարձեալ ընդգծելով թէ խորհրդածելը, խոկալը բոլորի համար կարիք մըն է։  «Մտածականը  նման է կեանքին մէջ պահ մը կանգնելու եւ շունչ առնելու» յարեց Նորին Սրբութիւնը։

Քրիստոնէական մտածականը հանդիպում Յիսուսին հետ

Քրիստոնեաներուն համար մտածականը նախ եւ առաջ հանդիպում է Յիսուսին հետ, որ իր շնորհքով մեզի կը պարգեւէ ներքին խաղաղութիւնը, վերահսկողութիւն մենք մեր վրայ եւ լոյսը` ընտրուելիք ճանապարհին վրայ եւ այս բոլորը քրիստոնէական աղօթքի շնորհքին կողմնակի հետեւանքներն են, որ է հանդիպում Յիսուս Քրիստոսի հետ։

Պատմութեան ընթացքին մտածականը ունեցաւ տարբեր իմաստներ։ Քրիստոնէութեան մէջ եւս ան կը հայի հոգեւոր տարբեր փորձառութիւններու։ Մտածականին տարբեր մեթոտները նոյնքան զանազան են որքան հոգեւոր հայրերը… բայց մեթոտ մը միայն ուղեցոյց մըն է. Կարեւորը` յառաջանալն է Սուրբ Հոգիին հետ, աղօթքին միակ ուղիով, որ Քրիստոս Յիսուս է (2707)։

Մտածականը գործի կը լծէ մարդուն միտքը, երեւակայութիւնը, յուզումը եւ բաղձանքը

Մեթոտները ուրեմն բազմաթիւ են, ոմանք աւելի մտաւորական այլք աւելի յուզական կամ մտերմիկ։ Բոլորն ալ կարեւոր են եւ ի գործ դրուելու արժանի, որովհետեւ կարող են օգնել հաւատքի փորձառութիւնը, որպէսզի ան դառնայ մարդուն համապարփակ արարք։ «Մտածականը գործի կը լծէ մարդուն միտքը, երեւակայութիւնը, յուզումը եւ բաղձանքը։ Այս զօրաշարժը անհրաժեշտ է խորացնելու համար հաւատքին համոզումը, խթանելու համար սրտին դարձը եւ զօրացնելու համար քրիստոսին հետեւելու կամքը։ Քրիստոնէական աղօթքը նախընտրաբար կը կեդրոնանայ Քրիստոսի խորհուրդներուն խորհրդածութեան վրայ (2708)։

Սուրբ Հորգին առաջնորդ ու շարժիչ ուժ

«Առանց Սուրբ Հոգիին անկարելի է քրիստոնէական մտածականը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ընդգծելով թէ քրիստոնէական աղօթքին շնորհքը կը կայանայ այն իրականութեան մէջ որ Քրիստոս հեռու չէ, այլ մշտապէս մեր հետ կապի մէջ է։ Աղօթքի շնորհքին միջոցաւ Յիսուսին երկրային կեանքի ամէն մի պահ կարող է դառնալ ժամանակակից։

Շնորհիւ Սուրբ Հոգիին, մենք եւս ներկայ ենք Յորդանան գետի եզրին, երբ Յիսուս մխրճտուեցաւ անոր մէջ ընդունելով մկրտութիւնը։ Մենք եւս հիւրեր ենք Կանայի հարսանիքին երբ Յիսուս պարգեւեց ընտիր գինին ամուսնացեալներու ուրախութեան համար։ Մենք եւս կը մասնակցինք Վարդապետին կողմէ իրագործուած հազարաւոր բուժումներուն։ Եւ աղօթքի միջոցաւ մենք մաքրուած բորոտներ ենք, աչքերը բացուած Բարտիմէոսներ ենք, գերեզմանէ դուրս եկող Ղազարոսներ ենք…

Մասնակից Յիսուսի կեանքին

Աւետարանին մէջ չկայ էջ մը որուն մէջ մենք տեղ չի գտնենք։ Մտածականը քրիստոնեաներու համար Յիսուսին հանդիպելու ձեւ մըն է։ Միայն այդպէսով է որ մենք կը վերագտնենք մենք զմեզ: Այս մէկը կը նշանակէ երթալ դէպի Յիսուս ու Անոր մօտ հանդիպինք մենք մեզի, բուժուած, յարութիւն առած, զօրեղ, Յիսուսին շնորհքով։  «Եւ հանդիպիլ Յիսուսին բոլորին փրկիչը ու նաեւ իմ փրկիչս» ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով թէ այս բոլորը կարելի է շնորհիւ Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեան։ 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/04/2021, 09:42

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >