Հրապարակային ունկնդրութիւն. «Ձայնիւ աղօթքը` պարզ մարդոց աղօթք»։

«Քրիստոնէական կը հաստատէ «Ձայնիւ աղօթքը անհրաժեշտ մէկ տուեալն է քրիստոնեայ կեանքին։ Իրենց Վարդապետին լուր աղօթքէն հմայուած աշակերտներուն, Յիսուս կը սորվեցնէ ձայնիւ աղօթք մը` Հայր մերը» (2701)
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Աղօթքը Աստուծոյ հետ երկխօսութիւն է եւ իւրաքանչիւր արարած ձեւով մը Աստուծոյ հետ երկխօսութիւն կը կատարէ։ Մարդ արարածին մէջ աղօթքը կը դառնայ խօսք, աղերս, երգ եւ բանաստեղծութիւն… Աստուածային Բանը մարմին առաւ եւ իւրաքանչիւր մարդու մարմնին մէջ խօսքը Աստուծոյ կը վերադառնայ աղօթքին մէջ»։ Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Պապը սկիզբ տուաւ 21 ապրիլի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութեան, զոր Ան ներկայացուց Առաքելական Պալատի Մատենադարանէն, շարունակելով կեդրոնանալ աղօթքի նիւթին վրայ։

Սուրբ Գրութիւնները մեզի կը սորվեցնեն աղօթել համարձակ բառերով

«Խօսքերը կը ծնին մեր անձնական փորձառութենէն, անոնք մեր ստեղծագործութիւններ են… անոնք ծնունդ կ՛առնեն մեր զգացումներէն», ըսաւ ապա Քահանայապետը դիտել տալով, որ «Սուրբ Գրութիւնները մեզի կը սորվեցնեն աղօթել նաեւ համարձակ բառերով»:

«Ոչ ոք սուրբ ծնած է, և երբ վատ զգացմունքները կը թակեն մեր սրտին դուռը, մենք պէտք է կարողանանք մեղմացնել զանոնք աղօթքով և Աստծոյ խօսքով» թելադրեց Սրբազան Պապը:

Ձայնիւ աղօթքը կը մնայ ամէնէն ապահովը 

«Մարդկային առաջին աղօթքը միշտ եղած է ձայնային աղօթք։ Նախ շրթունքները կը շարժին։ Նոյնիսկ եթէ բոլորս գիտենք թէ աղօթել չի նշանակեր բառերը կրկնել, ամենայնդէպս ձայնային աղօթքը կը մնայ ամէնէն ապահովը ու միշտ կարելի է զայն ի գործ դնել» նշեց ապա Սրբազան Պապը դիտել տալով, որ «զգացումները որքան ալ որ ազնիւ ըլլան կը մնան միշտ անորոշ։ Կ՛երթան ու կու գան, մեզ կը թողուն ապա ետ կը վերադառնան։ Անոնք անկանխատեսելի են շնորհիւ աղօթքին։ Սրտին աղօթքը խորհրդաւոր է եւ որոշ պահերու ընթացքին թաքուն։ Շրթնային աղօթքը սակայն, ան` որ կ՛արտասանուի շշուկով կամ խմբային, միշտ մատչելի է և միշտ ալ կարելի, նման ձեռքի աշխատանքին»:

«Քրիստոնէական կը հաստատէ «Ձայնիւ աղօթքը անհրաժեշտ մէկ տուեալն է քրիստոնեայ կեանքին։ Իրենց Վարդապետին լուր աղօթքէն հմայուած աշակերտներուն, Յիսուս կը սորվեցնէ ձայնիւ աղօթք մը` Հայր մերը» (2701)

Տարեց մարդոց շշուկով աղօթքը

«Բոլորս պէտք է ունենանք որոշ տարեց մարդոց հեզութիւնը, որոնք եկեղեցւոյ մէջ, մի գուցէ որովհետեւ իրենց լսողութիւնը ծանրացած է, իրենց մանկութեան հասակին սորված աղօթքները կը կրկնեն եկեղեցիներու կամարները լեցնելով իրենց շշուկներով։ Այդ աղօթքը չի խանգարեր լռութիւնը այլ կը վկայէ աղօթքի պարտականութեան հաւատարմութիւնը, զոր անոնք գործադրեցին իրենց համայն կեանքի ընթացքին» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով, որ «այդ խոնարհ աղօթքով աղօթողները յաճախ կը դառնան ժողովրդապետութիւններուն բարեխօսները։ Անոնք կաղնիներ են, որոնք տարիէ տարի կ՛ընդլայնեն իրենց տերեւները, ստուեր նուիրելու համար միշտ աւելիով մեծ թիւով մարդոց»։

«Միայն Աստուած գիտէ որքանով անոնց սիրտը միացած է այդ արտասանուած աղօթքներուն ու որքանով անոնք հաւատարիմ են ձայնիւ աղօթքին։ Մենք միշտ կարող ենք հաւատարիմ մնալ ձայնիւ աղօթքին» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ու նշեց նաեւ թէ «Բոլորս ալ սորվելիք բան մը ունինք այն ռուս ուխտաւորէն, որուն մասին կը խօսի յայտնէ մէկ հոգեւորականութեան հայող երկ մը, պատմելով` թէ ան աղօթելու արուեստը սորված է մշտապէս ու առանց կանգնելու կրկնելով միշտ նոյն աղերսանքը. «Յիսուս, Քրիստոս, Աստուծոյ Որդի, ողորմէ մեզի, մեղաւորներուս»։

Ձայնային աղօթքը պարզ մարդոց աղօթք է

«Այդ մարդը միայն այս աղօթքը կը կրկնէր, ան մաս դարձած էր անոր նոյնինքն շնչառութեան» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը նշելով նաեւ թէ եթէ անոր կեանքին մէջ շնորհքներ կը յայտնուին, եթէ անոր աղօթքը այնքան ջերմ կը դառնայ զգալով մեր մէջ Աստուծոյ թագաւորութեան ներկայութիւնը, եթէ անոր հայեացքը կը փոխուի ու կը դառնայ մանուկի հայեացք, այս բոլորը կը պարտի այդ աղօթքին։

«Կը թելադրեմ կարդաք այդ գիրքը, ձեզ պիտի օգնէ հասկնալու համար թէ ի՞նչ ըսել է ձայնիւ աղօթք» յարեց Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով, որ «Մենք երբեք պէտք չէ արհամարհենք ձայնային աղօթքը, անիկայ պարզ մարդոց աղօթքն է, աղօթքը զոր մեզի սորվեցուց Յիսուս... Հայր մեր որ երկինքն ես...»։

«Այս աղօթքները  միակ խօսքերն են, որոնք վստահելի կերպով Աստուծոյ կ՛ուղղեն հարցումներ, զոր Ինք կ՛ուզէ ունկնդրել։ Յիսուս արդարեւ մեզի ըսաւ. «Դուք երբ աղօթէք այսպէս ըսէք ու մեզի սորվեցուց հայր մեր աղօթքը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/04/2021, 10:05

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >