Որոնել

«Եկեղեցին աղօթքի ուսուցիչ». Քահանայապետին ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

«Հաւատքին շունչը աղօթքն է. Մենք կ՛աճինք հաւատքի մէջ այնքանով որ աղօթել կը սորվինք։ Աղօթքը մեր ուժն է եւ այդպէսով է, որ Եկեղեցւոյ մէջ կը ծաղկին աղօթքի նուիրուած խումբեր եւ հասարակութիւններ ու ոմանք կոչումը կը զգան աղօթքը ընտրելու որպէս օրուան գործունէութիւն»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շարունակելով` հրապարակային ունկնդրութիւններու աղօթքի մասին իր խորհրդածութիւններու շարքը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը չորեքշաբթի 14 Ապրիլ 2021-ին, Առաքելական Պալատի մատենադարանէն ուղիղ եթերի միջոցաւ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան որպէս խորհրդածութեան նիւթ ընտրեց «Եկեղեցին աղօթքի ուսուցիչ» նիւթը։

Եկեղեցին աղօթքի դպրոց

Եկեղեցին, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, աղօթքի մեծ դպրոց մըն է։ Մեզմէ շատեր առաջին աղօթքները սորվեցան հեգել իրենց ծնողաց ու մեծ մօր ու մեծ հօր գիրկին մէջ… «ապա մեծնալով տեղի կ՛ունենան այլ հանդիպումներ այլ աղօթքի վկաներու ու դաստիարակներու հետ» նշեց Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով ժողովրդապետութեան ու քրիստոնեայ հասարակութիւններուն, ուր աղօթքը ունի հասարակական բնոյթ։

«Այս նուէրը, որ մենք պարզութեամբ ստացանք մանկութեան տարիներուն, շատ հարուստ ժառանգութիւն է, և արժանի է աւելի խորացնել այդ աղօթքի փորձը» շարունակեց Սրբազան Պապը դիտել տալով, որ հաւատքի զգեստը կը ծաւալի մեր հետ նոյնիսկ տագնապի եւ յարութեան պահերու ընդմէջէն։

Մենք կ՛աճինք հաւատքի մէջ այնքանով որ աղօթել կը սորվինք

«Հաւատքին շունչը աղօթքն է. Մենք կ՛աճինք հաւատքի մէջ այնքանով որ աղօթել կը սորվինք։ Աղօթքը մեր ուժն է եւ այդպէսով է, որ Եկեղեցւոյ մէջ կը ծաղկին աղօթքի նուիրուած խումբեր եւ հասարակութիւններ ու ոմանք կոչումը կը զգան աղօթքը ընտրելու որպէս օրուան գործունէութիւն»։

«Եկեղեցւոյ մէջ արդարեւ կան վանքեր, մենաստաններ, ճգնարաններ, ուր կ՛ապրին Աստուծոյ նուիրուած անձինք, որոնք յաճախ կը դառնան հոգեւորականութիւն տարածող կեդրոններ։ Փոքր ովասիսներ ուր կարելի է բաժնեկցիլ խոր աղօթք եւ ուր օրէ օր կը կառուցուի եղբայրական հաղորդութիւնը։ Անոնք կենսական բջիջներ են, ոչ միայն եկեղեցական հիւսուածքին համար, այլ նոյնինքն ընկերութեան համար» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հաստատելով որ «հասարակութեան մէջ աղօթելն ու աշխատիլը յառաջ կը տանի աշխարհը»։

Եթէ աղօթքը դադրի Եկեղեցին կը դառնայ դատարկ

«Եկեղեցւոյ մէջ ամէն ինչ ծնունդ կ՛առնէ աղօթքին մէջ ու ամէն բան կը զարգանայ շնորհիւ աղօթքին» յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տալով, թէ երբ «չարը` սատանան կ՛ուզէ պայքարիլ եկեղեցւոյ դէմ կը ջանայ չորցնել անոր աղբիւրը ու արգելք հանդիսանալ աղօթքին»։

«Եթէ աղօթքը դադրի, կամաց կամաց Եկեղեցին կը դառնայ դատարկ կապոց մը, անդրադառնալով թէ կորսնցուցած է յենասիւնը ու թէ այլեւս չունի ջերմութեան եւ սիրոյ աղբիւրը»։

Սուրբերը աղօթքի զէնքերով թիկունգ կը կանգնին աշխարհին

Սուրբերը աղօթքին մէջ գտան իրենց ուժը։ Անով կը սնանի անոնց հաւատքին բոցը, ինչպէս իւղը կը վարէ լապտերը։ Ու անոնք յառաջ կ՛ընթանան հաւատքով եւ յոյսով։ Սուրբերը յաճախ աշխարհի աչքերուն ոչնչութիւն են, բայց իրականութեան մէջ անոնք են, որոնք աշխարհին թիկունք կը կանգնին ոչ թէ դրամի եւ իշխանութեան զէնքերով այլ աղօթքի զինամթերքով։

«Արդարեւ հաւատքին լոյսը մշտապէս վարած կը մնայ աշխարհին մէջ այնքան ժամանակ որ աղօթքին իւղը գոյութիւն ունենայ» յարեց հուսկ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով`  «մենք որպէս քրիստոնեաներ պէտք է մենք մեզի հարց տանք եթէ կ՛աղօթենք եւ ի՞նչպէս կ՛աղօթենք։ Թութակի նման թէ սրտով։ Կ՛աղօթեմ այն ապահովութեամբ թէ մաս կը կամեմ Եկեղեցւոյ թէ կ՛աղօթեմ իմ գաղափարներուս համաձայն ու այնպէս կ՛ընե, որ անոնք աղօթք դառնան»։

«Այս մէկը քրիստոնէական աղօթք չէ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը վերահաստատելով որ «հաւատքին լոյսը մշտապէս վարած կը մնայ աշխարհին մէջ այնքան ժամանակ որ աղօթքին իւղը գոյութիւն ունենայ»։

Աղօթքը Եկեղեցւոյ հիմնական պարտականութիւն

Նորին Սրբութիւնը հուսկ խորհրդածութիւնը եզրափակեց նշելով, որ «Եկեղեցւոյ հիմնական պարտականութիւնն է աղօթել եւ ուսուցանել աղօթքը։ Սերունդէ սերունդ փոխանցել հաւատքին լապտերը աղօթքի իւղով։ Առանց այդ լապտերի լոյսին մենք չենք կարող տեսնել աւետարանելու ճանապարհը, չենք կրնար տեսնել այն եղբայրներուն դիմագիծերը զոր պէտք ենք մօտեցնել ու ծառայել...առանց հաւատքին ամէն ինչ կը փլուզուի եւ առանց աղօթքին հաւատքը կը մարի։ Ասոր համար Եկեղեցին որ հաղորդութեան դպրոց ու տուն է աղօթքի տուն ու դպրոց է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/04/2021, 09:37

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >