«Աղօթել Սուրբերու հետ հաղորդութեամբ». Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

Սուրբերը մեզմէ հեռու չեն։ Անոնք վկաներ են, որոնք հազար ձեւերով մեզ կ՛ուղղեն Յիսուս Քրիստոսին ՝ Աստուծոյ և մարդկանց միջև եզակի Տիրոջ և Միջնորդին: Անոնք մեզի կը յիշեցնեն, որ մեր կեանքին մէջ, նոյնիսկ դիւրաբեկ եւ դրոշմուած մեղքով, կարելիութիւն կայ, որ սրբութիւնը ծաղկի։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան- Վատիկան

Չորեքշաբթի 7 մարտ 2021-ին, Ֆրանչիսկոս Պապը, Վատիկանի առաքելական պալատի մատենադարանէն առցանց կապով գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը, որուն ընթացքին շարունակելով աղօթքի մասին իր խորհրդածութիւնները ակնարկեց  աղօթքի եւ Սուրբերու հետ հաղորդութեան միջեւ կայացած կապին։

Անանուն եւ անուանի սուրբեր կ՛աղօթեն մեր հետ։

«Երբ աղօթենք զայն միայնակ չենք կատարեր, եւ նոյնիսկ առանց մտածելու, մենք մխրճուած ենք աղերսանքներու վիթխարի գետի մը մէջ, որ մեզ կը կանխէ եւ կը շարունակէ նաեւ մեզմէ ետք», ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ ամէն անգամ, որ մենք մեր ձեռքերը կը միացնենք ու մեր սիրտը կը բանանք Աստուծոյ, մենք մեզ կը գտնենք անանուն ու անուանի սուրբերուն հետ միասին, որոնք կ՛աղօթեն մեզի հետ եւ կը բարեխօսեն մեզի համար, որպէս մեր աւագ եղբայրներն եւ քոյրերը, որոնք արդեն անցան մեր մարդկային նոյն արկածախնդրութեան մէջէն։

Եկեղեցւոյ մէջ աղօթքը առանձին չէ

Եկեղեցւոյ մէջ չկայ սուգ մը, որ կը մնայ առանձին, չկայ արցունք` որ մոռցուի, որովհետեւ ամէն ինչ կը շնչէ ու մասնակից է միասնական շնորհքի մը։  Պատահական չէ, որ հին եկեղեցիներուն մէջ թաղումները կը կտարուէին սրբազան կառոյցի շրջակայքը գտնուող պարտէզին մէջ, կարծես ըսելու համար. «մեր նախորդներրը  եւս կը մասնակցին իւրաքանչիւր պատարագին»։ Անոնց շարքին են  մեր ծնողները, մեր մեծ մամիկ մեծ պապիկները, մեր կնքամայր կամ կնքահայրերը, մեր կրօնուսոյցները ու միւս դաստիարակները։

Սուրբերը մեզի մօտիկ են

Սուրբերը մեզմէ հեռու չեն։ Անոնք վկաներ են, որոնք հազար ձեւերով մեզ կ՛ուղղեն Յիսուս Քրիստոսին ՝ Աստուծոյ և մարդկանց միջև եզակի Տիրոջ և Միջնորդին:  Սուրբ մը, որ Յիսուս Քրիստոսին չ՛ուղղեր մեզ, սուրբ չէ եւ ոչ ալ քրիստոնեայ։ Սուրբերը մեզի կը յիշեցնեն, որ մեր կեանքին մէջ, նոյնիսկ դիւրաբեկ եւ դրոշմուած մեղքով, կարելիութիւն կայ, որ սրբութիւնը ծաղկի, նոյնիսկ վերջին վարկեանին։ Աւետարանին մէջ կը կարդանք թէ սրբադասուած առաջին սուրբը աւազակ մըն էր եւ սրբադասուեցաւ ոչ թէ Քահանայապետի մը կողմէ, այլ նոյնինքն Յիսուս Քրիստոսի կողմէ։ Սրբութիւնը կեանքի ուղեւորութիւն մըն է, Յիսուսին հետ հանդիպումի ուղեւորութիւն։ Սուրբը վկայ մըն է, որ հանդիպեցաւ Յիսուսին ու հետեւեցաւ Անոր։ Երբեք ուշ չէ դարձի գալու Տիրոջ, որ բարի է եւ որուն սէրը մեծ է։

Քրիստոնէականը մեզի կը բացատրէ (2683) որ սուրբերը «ունին Աստուծոյ վերահայեցողութիւնը, կը գովաբանեն զինք, եւ չեն դադրիր հոգալէ զանոնք զորս թողուցին երկրի վրայ։… Անոնց բարեխօսութիւնը իրենց մեծագոյն ծառայութիւնն է ի սպաս Աստուծոյ ծրագրին։ Մենք կարող ենք ու պարտինք աղօթել անոնց, որպէսզի բարեխօսեն մեզի եւ համայն աշխարհի համար»։

Սուրբերու ե աշխարհի ուխտաւորներու միջեւ խորհրդաւոր զօրակցութիւն

Քրիստոսի մէջ կայ խորհրդաւոր զօրակցութիւն մը անդենական կեանքի մէջ գտնուողներուն ու մեր միջեւ, որ տակաւին ուխտաւորներ ենք այստեղ այս կեանքին մէջ. Մեր սիրելի ննջեցեալները կը շարունակեն Երկինքէն հոգ տանիլ մեզի։ Անոնք կ՛աղօթեն մեզի համար ու մենք կ՛աղօթենք անոնց համար։

Այս աղօթքի կապը կը փորձարկենք այստեղ երկրային կեանքին մէջ, կ՛աղօթենք մէկը միւսին համար, աղօթք կը խնդրենք ու կը նուիրենք զայն. Մէկու համար աղօթելու առաջին ձեւը Աստուծոյ հետ խօսիլն է  անոր մասին։ Եթէ այս մէկը կատարենք յաճախակի կերպով, ամէն օր, մեր սիրտը չի փակուիր, կը մնայ բաց եղբայրներուն։

Մէկու համար աղօթելը կը նշանակէ սիրել

Աղօթել ուրիշներուն համար առաջին կերպն է զանոնք սիրելու ու մեզ կը մղէ շօշափելի մօտիկութեան։ Նոյնիսկ բափումներու պահուն, այդ հակամարտութիւնը լուծարելու ու մեղմացնելու կերպերէն մին, աղօթքն է, աղօթել այն անձին համար որուն հետ բախումի մէջ եմ։ Եւ աղօթքով անպայման բան մը կը փոխուի։ Արդարեւ առաջին բանը որ սիրտս կը փոխէ իմ վերաբերմունքս է։ Տէրը զայն կը փոխէ կարելի դարձնելու համար հանդիպում մը, նոր հանդիպում մը, որ խուսափի հակամարտութիւնը անվերջ պատերազմ դարձնելէ։

Սուրբ Մկրտութեան առթիւ տրուած անունները զարդարանք մը չեն այլ Սուրբ Կոյսին կամ սուրբերու անուններ են, որոնք ուրիշ բան չեն սպասեր եթէ ոչ մեզի ձեռք երկարել, որպէսզի Աստուծմէ ընդունին մեզի պէտք եղած շնորհքները։

Եթէ կեանքի փորձութիւնները չի գերազանցեցին գագաթնակէտը, եթէ մենք դեռ ունակ ենք հետեւողականութեան, եթէ հակառակ ամէն ինչին մենք վստահօրէն առաջ կ՛ընթանանք, գուցէ այս բոլորը, մենք կը պարտինք բազմաթիւ սուրբերու բարեխօսութեան ու ոչ թէ մեր արժանիքներուն, սուրբեր որոնցմէ ոմանք Երկնքի մէջ են եւ այլք մեզ նման ուխտաւոր երկրի վրայ, որոնք մեզ պաշտպանեցին ու մեզի ընկերացան:

Սուրբը՝ Աստուծոյ տաճար

Թող Օրհնեալ ըլլայ Յիսուս Քրիստոսը, աշխարհի միակ Փրկիչը, երկիրը բնակող այս սուրբերու հսկայական ծաղկեփունջի հետ միասին, որոնք իրենց կեանքը դարձուցին փառաբանութիւն Աստուծոյ։

Որովհետեւ ինչպէս կը հաստատէ Սուրբ Բարսեղը, «սուրբը հոգիին համար յատուկ վայր է, քանի, որ Ան ինքզինք կը նուիրէ Աստուծոյ բնակութեան կոչուելով Անոր տաճարը (Քրիստոնէական,  2684)»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/04/2021, 09:34

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >