Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Տէրը կ՛ուզէ որ Իրեն նայինք ու վերագտնենք ողորմութիւնը» Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը:

Յիսուս Սրբուհի Ֆաուսթինային ըսած է. «Ես նոյնինքն սէրն ու ողորմութիւնն եմ։ Չկայ խեղճութիւն մը որ կարող է չափուիլ իմ ողորմութեանս հետ (Օրագիր 14 սեպտեմբեր 1937)։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Տէրը չի փափաքիր, որ մենք շարունակական կերպով մեր անկումներուն մտածենք, այլ կ՛ուզէ, որ Իրեն նայինք, Անոր` որ անկումներուն մէջ կը տեսնէ զաւակներ զոր պէտք է վերականգնել, ու խեղճութիւններուն մէջ կը տեսնէ զաւակներ զոր պէտք է սիրել ողորմածութեամբ։ #Աստուածայինողորմութիւն»

Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին շաբաթ 10 ապրիլին հրապարակած թուիթը նուիրուած Աստուածային Ողորմութեան տօնին զոր պիտի յիշատակուի վաղը` 11 ապրիլին, Զատկուայ տօնը յաջորդող առաջին Կիրակին, զոր հայկական ծէսի օրացոյցին համաձայն Նոր Կիրակի է։

Աստուածային Ողորմութեան տօնը

Աստուածային Ողորմութեան օրը յատուկ օր մըն է, ուր իւրաքանչիւր մեղաւոր առիթը ունի, իր անցեալը Ողորմած Աստուծոյ ձեռքին մէջ դնելու եւ ամէն բան նոր կերպով վերսկսելու:

Սրբազան Քահանայապետին թուիթին պարունակութիւնը քաղուած էր Անոր Աստուածային ողորմութեան տօնի առթիւ, անցեալ տարի Հռոմի «S. Spirito in Sassia» Եկեղեցւոյ մատուցած պատարագի քարոզէն։ Պատարագ զոր Սրբազան Պապը այս տարի եւս պիտի մատուցէ նոյն եկեղեցւոյ մէջ, վաղը` կիրակի 11 ապրիլի առաւօտեան եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն շատ սահմանափակ թիւով հաւատացեալներ որոնց շարքին Սուրիայէն, Նիճերիայէն եւ Եգիպտոսէն գաղթական երիտասարդներ։ Ղպտի եկեղեցիէն երկու երիտասարդներ, Սուրիական քարիթիասի կամաւոր մը ու Ասորի եկեղեցիէն երիտասարդ մը։ Պատարագին կը մասնակցին նաեւ Հռոմի Ռեճինա Չելի, Քազալ Տէլ Մարմօ եւ Ռեպիպիա բանտերէն կալանաւորներ ինչպէս նեաւ Ողորմութեան Հիւանդապահ Քոյրերու միաբանութեան անդամներն ու «Santo Spirito in Sassia» հիւանդանոցէն հիւանդապահներու պատուիրակութիւն մը։

Ողորմութեան Միսիոնարներ

Քահանայապետին հետ կը համապատարագեն Ողորմութեան Միսիոնարներէն մի քանի քահանաներ, ներկայացնելով աւելի քան հազար քահանաները, որոնց Սրբազան Քահանայապետը Ողորմութեան Արտակարգ Յոբելենական տարւոյն ընթացքին յանձնած էր յատուկ առաքելութիւն մը, հայող հաշտութեան, խոստովանանքի խորհուրդին եւ Աստուածային Ողորմութեան խորհուրդի քարոզութեան»։

Յիսուս Սրբուհի Ֆաուսթինային ըսած է. «Ես նոյնինքն սէրն ու ողորմութիւնն եմ։ Չկայ խեղճութիւն մը որ կարող է չափուիլ իմ ողորմութեանս հետ (Օրագիր 14 սեպտեմբեր 1937)։ Անգամ մըն ալ սրբուհին Յիսուսին գոհացումով յայտնեց՝ թէ ինք իր ամբողջ կեանքը նուիրած էր Անոր։ Սակայն Յիսուսին պատասխանը եղաւ. «Ինծի չի նուիրեցիր ինչ որ իսկապէս քուկդ է։ Աղջիկս ինծի տուիր քու խեղճութիւնդ» (10 հոկտեմբեր 1937)։

Տէրը կը սպասէ որ մենք Անոր տանինք մեր խեղճութիւնները, որպէսզի մեզի ցոյց տայ ու վերագտնել տայ իր ողորմութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/04/2021, 13:30