Միշտ յիշենք Յիսուսին  խօսքը «խաղաղութիւն ձեզի»։ Միշտ յիշենք Յիսուսին խօսքը «խաղաղութիւն ձեզի»։ 

«Խաղաղութիւն ձեզի». Ֆրանչիսկոս Պապին 13 Ապրիլի թուիթը։

Միշտ յիշենք Յիսուսին խօսքը «խաղաղութիւն ձեզի»։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

«Ամենօրեայ մեր դիմագրաւած Հակասութիւններու և անհասկացողութիւններու ներքոյ, խորասուզուած ու նոյնիսկ ապշած այնքան բազմաթիւ բառերէ ու կապերէ, թաքնուած է Յարուցեալի ձայնը` որ մեզի կ՛ըսէ . «Խաղաղութիւն ձեզի»:

Ֆրանչիսկոս Պապին երեքշաբթի 13 Մարտի թուիթն է սա, որուն պարունակութիւնը քաղուած է Նորին Սրբութեան անցեալ տարուայ մայիսին Հռոմի Թեմի քահանաներուն ուղղած նամակէն, որով Ան, համաճարակի այդ ճգնաժամային օրերուն, ուզեց իր յատուկ մօտիկութիւնը արտայայտել Քահանաներուն ու անոնց միջոցաւ նաեւ Աստուծոյ ժողովուրդին, յորդորելով միշտ յիշել Յիսուսին խօսքը «խաղաղութիւն ձեզի»։

«Այսօր՝ ինչպէս երէկ, կը զգանք որ այսօրուան մարդոց ուրախութիւնները, յոյսերը, տխրութիւնները եւ անձկութիւնները, յատուկէն աղքատներունը եւ բոլոր անոնց որոնք կը տառապին, Քրիստոսի առաքեալներուն անձկութիւններն ու ուրախութիւններն են» գրած էր Սրբազան Պապը այդ նամակին մէջ դիտել տալով նաեւ, որ «դիւրին չէ այսպիսի դժուար պայմաններուն մէջ գտնել կեանքի ուղղութիւնը» ի տես յատկապէս այն իրողութեան, որ համաճարակին կանխարգիլման ուղղութեամբ առնուած որոշումներն ու սահմանափակումները հարցականի տակ դրին « յարաբերութեան, կազմակերպութեան եւ աղօթքի սովորական ձեւերը»։

Քահանայապետը նամակին մէջ ակնարկած էր ապա Յիսուսին Յարութենէն ետք Անոր աշակերտներուն երեւման դրուագին շեշտը դնելով Յիսուսին անոնց ուղղած խօսքին վրայ «Խաղաղութիւն ձեզի» եւ ասկէ մեկնելով հաստատած էր «Յիսուսի Յարութիւնը, անցեալի պատմական եղելութիւն մը չէ՝ անիկա փրկութեան աւետումն է նոր ժամանակի մը, որ կ՝արձագանգէ մեր օրերուն»։

«Իբրեւ քահանաներ, որդիներ եւ անդամներ քահանայական ժողովուրդի մը մեր պարտականութիւնն է ստանձնել ապագային պատասխանատուութիւնը եւ զայն ցոլացնել որպէս եղբայրներ» հաստատած էր Սրբազան Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/04/2021, 13:30