Քոլոմպիայի հարաւին մէջ բռնութիւններ Քոլոմպիայի հարաւին մէջ բռնութիւններ 

Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը Քոլոմպիայի հարաւին մէջ բռնութիւններու զոհերուն։

Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարի ստորագրութեամբ հեռագիրով մը, ուղղուած Քոլոմպիայի Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահին Քահանայապետը յիշեց եւ մօտիկութիւն արտայայտեց Քոլոմպիայի հարաւին մէջ տեղի ունեցած բռնութիւններու զոհերուն։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

«Ֆրանչիսկոս Պապը կը դատապարտէ «բռնութեան արարքները ու իր մօտիկութիւնը կը յայտնէ բոլոր անձերուն, որոնք կ՛ապրին տառապանքին մէջ» Քոլոմպիայի Խաղաղական ովկիանոսի հարաւ արեւմտեան շրջանին մէջ»։ Այս կը գրէ Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը Քոլոմպիյաի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ Գերապայծառ Օսքար Ուրպինա Օրթեկային ուղղած մէկ հեռագիրին մէջ յիշելով նաեւ «եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, կրօնաւորներուն ու աշխարհականներուն յանձնառումը այն շարունակական որոնումին ի սպաս` համայն տարածաշրջանին մէջ կառուցելու համար խաղաղութեան դաշինքներ։

Վերջին այս ժամանակահատուածին Քոլոմպիայի հարաւային շրջանին մէջ արձանագրուեցան բռնութիւններու տարբեր արարքներ։ Անցեալ 26 Մարտին տասնեակ քաղաքացիներ վիրաւորուեցան Քոլոմպիայի բնիկներու համայնքի խորհրդանշական վայրերէն մէկուն քաղաքապետարանին առջև ականապատ մեքենայի պայթումի պատճառաւ։

Տարածաշրջանը անցած տարիներուն եղած է թմրանիւթերու ապօրինի վաճառողներուն ամրոցը: Քորինթօ եւ Թորիպիօ քաղաքները պատմականօրէն ղեկավարուած են բնիկներու կողմէ։ 1984 թուականին Թորիպիոյի մէջ սպաննուեցաւ Քոլոմպիայի առաջին բնիկ քահանան։ Վերջերս հրապարակուած մէկ տեղեկագիր մը ի յայտ կը դնէ այն բռնութիւնները որուն կ՛ենթարկուին բոլոր այն եկեղեցական կազմակերպութիւններն ու անձնաւորութիւնները որոնք կը պայքարին եւ թիկունք կը կանգնին աղքատ խաւին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/04/2021, 09:00