Որոնել

 Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Դուք ձեզ զգացէք ողորմութիւն ընդունածներ ու դարձէք ողորմած». Ֆրանչիսկոս Պապ

Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհակալական խօսքը Մարեմեան աղօթքէն առաջ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 11 ապրիլ 2021-ի առաւօտեան, Աստուածային ողորմութեան կիրակիին առթիւ «Santo Spirito in Sassia» Եկեղեցւոյ մէջ մատուցած Սուրբ Զոհի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը նոյն վայրէն արտասանեց Յինանց շրջանին նախատեսուած «Ողջ Լեր Թագուհի» կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը եւ աղօթքէն առաջ ուզեց յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց, որոնք համագործակցեցան արարողութիւնը պատրաստելու եւ ուղիղ եթերով սփռումը ապահովելու համար։

«Կ՛ողջունեմ բոլոր անոնք որոնք հաղորդամիջոցներու միջոցաւ կապաւած են մեր հետ ու յատուկ ողջոյն մը կ՛ուղղեմ ձեզի` Աստուածային ողորմութեան սրբավայր, «Santo Spirito in Sassia» Եկեղեցւոյ մէջ ներկաներուդ. Կանոնաւոր հաւատացեալներ, հիւանդապահներ, բանտարկեալներ, անկարներ, փախստականներ եւ գաղթականներ, Աստուածին Ողորմութեան Հիւանդապահ քոյրեր եւ կամաւորներ» ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը նկատել տալով, որ անոնք կը ներկայացնեն որոշ իրականութիւններ, որուն մէջ ողորմութիւնը կը դառնայ շօշափելի, «ան կը դառնայ մօտիկութիւն, ծառայութիւն եւ ուշադրութիւն դժուարութեան մէջ գտնուող անձերուն նկատմամբ» յարեց Սրբազան Պապը մաղթելով, որ անոնք իրենք զիրենք զգան մշտապէս ողորմութիւն ընդունածներ, որպէսզի իրենց կարգին դառնան ողորմած։

«Թող որ Սուրբ Կոյսը, Ողորմութեան Մայրը այս շնորհքը ընդունի ձեզի համար» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եւ ներկաներուն մասնակցութեամբ արտասանեց Մարեման աղօթքը.

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/04/2021, 11:54

«Թագուհի Երկնից» աղօթքը, Լատին Եկեղեցւոյ մարեմեան չորս կցուրդներէն մին է (միւս կցուրդներն են՝ «Մայր Փրկչին», «Ողջոյն Թագուհի Երկնից» եւ «Ողջոյն Թագուհի»)։

1742 թուականին, Բենեդիկտոս ԺԴ. քահանայապետ նշանակած է, թէ «Թագուհի Երկնից» աղօթքը պէտք է կատարուէր յոտնկայս, զատկական ժամանակամիջոցին մէջ՝ Զատիկի կիրակիէն մինչեւ Պենտեկոստէ, «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքի տեղ, որպէս նշան յաղթութեան մահուան վրայ։
Այս աղօթքը, Հրեշտակ Տեառնի նման կը կատարուի օրը երեք անգամ՝ այգաբացին, կէսօրին եւ մայրամուտին՝ օրը նուիրելու համար Աստուծոյ եւ Աստուածածնի։
Այս հին կցուրդը յառաջ եկած է բարեպաշտ աւանդութենէ մը, 6-10 դարերուն, մինչ անոր տարածումը կատարուած է 13րդ դարու առաջին կէսէն սկսեալ, երբ մուծուած է ֆրանսական ժամագրքին մէջ։ Ան բաղկացած է չորս փոքր յանգատողերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կʼաւարտի «Ալէլուիա» կանչով։ Այդ աղօթքով, հաւատացեալները կը դիմեն Մարիամի՝ Երկնքի Թագուհիին, անոր հետ ուրախանալով Քրիստոսի Յարութեան համար։
2015 թուականի ապրիլի 6ին, Զատիկի յաջորդ օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը երբ կʼաղօթէր Թագուհի Երկնից աղօթքը, խորհուրդ տուաւ հաւատացեալներուն թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ սրտի կեցուածքը երբ կʼարտասանենք այս աղօթքը։
«Կը դիմենք Մարիամի, զայն հրաւիրելով որ ուրախանայ, որովհետեւ Ան, զոր Մարիամ իր արգանդին մէջ կրեց, յարութիւն առաւ, ինչպէս խոստացած էր, եւ մեր անձերը կը վստահինք Մարիամի բարեխօսութեան։ Իրականին, մեր ուրախութիւնը Մարիամի ուրախութեան ցոլացումն է, որովհետեւ Ան է որ պահպանեց եւ հաւատքով կը պահպանէ Յիսուսի կեանքին եղելութիւնները։ Հետեւաբար այս աղօթքը արտասանենք զաւակներու յոյզերով, որոնք կʼուրախանան, որովհետեւ իրենց մայրը ուրախ է։»

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >