Որոնել

1619345296608.JPG

Մարեմեան աղօթք. «Յիսուս Բարի Հովիւը՝ որ կը պաշտպանէ, կը ճանչնայ եւ կը սիրէ ոչխարները»

Յիսուս Բարի Հովիւը կը պաշտպանէ, կը ճանչնայ ու յատկապէս կը սիրէ իր ոչխարները։ Ասոր համար ան իր կեանքը կու տայ անոնց համար։ Սէրը հանդէպ իր ոչխարներուն զինք կը մղէ մինչեւ մահ խաչին վրայ, որովհետեւ ասիկա իր Հօր կամք է, որ չուզեր որ ոչ մէկը կորսուի։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 25 ապրիլ 2021 կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց «Ուրախ Լեր Թագուհի Երկնից» Մարեմեան աղօթքը որուն սկիզբը սովորութեան համաձայն ներկայացուց յաւուր պատշաճի խորհրդածութիւնը զոր կեդրոնացուց Յովհաննէսի Աւետարանէն քաղուած  Աւետարանական հատուածին վրայ, ուր «Յիսուս կը ներկայացուի որպէս իսկական Հովիւ, որ կը պաշտպանէ, կը ճանչնայ եւ կը սիրէ ոչխարները» ըսաւ Սրբազան Պապը  դիտել տալով թէ «անոր կը հակազդէ վարձկանը, որ հովիւ չէ եւ հոգ չի տանիր ոչխարներուն։ Երբ քայլը կու գայ ան կը թողու ոչխարները եւ կը փախչի։ Մինչ Յիսուս՝ իսկական հովիւը մեզ կը պաշտպանէ ու մեզ կը փրկէ շատ մը դժուար ու վտանգաւոր կացութիւններէն, իր խօսքի լոյսին միջոցաւ ու իր ներկայութեան զօրութեան միջոցաւ, զոր մենք կը փորձարկենք մասնաւորապէս Խորհուրդներուն մէջ» յարեց Սրբազան Պապը։

Բարի Հովիւը կը ճանչնայ իր ոչխարները 

Երկրորդ երեւոյթը ան է՝ թէ Յիսուս, Բարի Հովիւը կը ճանչնայ իր ոչխարները եւ ոչխարներն ալ զինք կը ճանչնան։ Որքան մխիթարական է իմանալ, որ Յիսուս մեզ կը ճանչնայ մէկիկ մէկիկ։ Անոր համար մենք բազմութիւն մը չենք։ Մենք եզակի անձեր ենք։ Ան մեզ կը ճանչնայ ու կը ճանչնայ նաեւ մեր սիրտը, գիտէ մեր դիտաւորութիւնները, ու մեր ամենաթաքուն զգացումները։ Յիսուս գիտէ մեր արժանիքներն ու դերութիւնները ու միշտ պատրաստ է խնամք տանելու մեզի, բուժելու համար մեր սխալներուն վէրքերը իր շնորհքներուն առատութեամբ։

Բարի Հովիւը կը սիրէ իր ոչխարները

Յիսուս Բարի Հովիւը կը պաշտպանէ, կը ճանչնայ ու յատկապէս կը սիրէ իր ոչխարները։ Ասոր համար ան իր կեանքը կու տայ անոնց համար։ Սէրը հանդէպ իր ոչխարներուն զինք կը մղէ մինչեւ մահ խաչին վրայ, որովհետեւ ասիկա իր Հօր կամքն էր, որ չուզեր որ ոչ մէկը կորսուի։

Յիսուս բոլորին հովիւն է, Ան կ՛ուզէ որ բոլորը ընդունին Հօր Աստուծոյ սէրը ու կեանք ունենան։

Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը

Եկեղեցին կանչուած է յառաջ տանելու  Քրիստոսի այս առաքելութիւնը։ Մեր հասարակութիւնները յաճախողներէն անդին կան բազմաթիւ մարդիկ, որ այդ մէկը չեն կատարեր սակայն անոնք եւս Աստուծոյ զաւակներ են զոր Հայրը կը յանձնէ Քրիստոսին Բարի Հովիւին որ իր կեանքը տուաւ բոլորի եւ իւրաքանչիւրին համար եւ մենք քրիստոնեաներս,  բոլորին ու իւրաքանչիւրին պէտք է վկայենք Անոր սէրը, խոնարհ ու եղբայրական վերաբերմունքով։

Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, Յիսուս կը պաշտպանէ, կը ճանչնայ ու կը սիրէ իր ոչխարներէն իւրաքանչիւրը։

Թող Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը մեզ օգնէ որպէսզի մենք ըլլանք առաջինները, որոնք կ՛ընկալեն եւ կը հետեւին Բարի Հովիւին ըսաւ Սրբազան Պապը եւ արտսանեց Մարեմեան աղօթքը։

 

Ուրախ լեր Թագուհի երկնից

Ալէլուիա։

Քանզի զոր ի քեզ կրել արժանի եղեր.

Ալէլուիա։

Յարեաւ ահա որպէս ասացն.

Ալէլուիա։

Աղաչեա վասն մեր զԱստուած.

Ալէլուիա։

Խնդա եւ ուրախ լեր, Կոյս Մարիամ.

Ալէլուիա։

Զի ճշմարտապէս յարեաւ Տէրն.

Ալէլուիա։

Աստուած, որ յարութեամբ Որդիոյ քո Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի արժանի համարեցար ուրախ առնել զաշխարհ։ Տուր մեզ, աղաչեմք, զի ի ձեռն ծնողի նորին Կուսին Մարիամու, հասանիցեմք յաւիտենական ուրախութեանցն յերկինս. Տերամբ մերով Յիսուսիւ Քրիստոսիւ. ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2021, 12:06

«Թագուհի Երկնից» աղօթքը, Լատին Եկեղեցւոյ մարեմեան չորս կցուրդներէն մին է (միւս կցուրդներն են՝ «Մայր Փրկչին», «Ողջոյն Թագուհի Երկնից» եւ «Ողջոյն Թագուհի»)։

1742 թուականին, Բենեդիկտոս ԺԴ. քահանայապետ նշանակած է, թէ «Թագուհի Երկնից» աղօթքը պէտք է կատարուէր յոտնկայս, զատկական ժամանակամիջոցին մէջ՝ Զատիկի կիրակիէն մինչեւ Պենտեկոստէ, «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքի տեղ, որպէս նշան յաղթութեան մահուան վրայ։
Այս աղօթքը, Հրեշտակ Տեառնի նման կը կատարուի օրը երեք անգամ՝ այգաբացին, կէսօրին եւ մայրամուտին՝ օրը նուիրելու համար Աստուծոյ եւ Աստուածածնի։
Այս հին կցուրդը յառաջ եկած է բարեպաշտ աւանդութենէ մը, 6-10 դարերուն, մինչ անոր տարածումը կատարուած է 13րդ դարու առաջին կէսէն սկսեալ, երբ մուծուած է ֆրանսական ժամագրքին մէջ։ Ան բաղկացած է չորս փոքր յանգատողերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կʼաւարտի «Ալէլուիա» կանչով։ Այդ աղօթքով, հաւատացեալները կը դիմեն Մարիամի՝ Երկնքի Թագուհիին, անոր հետ ուրախանալով Քրիստոսի Յարութեան համար։
2015 թուականի ապրիլի 6ին, Զատիկի յաջորդ օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը երբ կʼաղօթէր Թագուհի Երկնից աղօթքը, խորհուրդ տուաւ հաւատացեալներուն թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ սրտի կեցուածքը երբ կʼարտասանենք այս աղօթքը։
«Կը դիմենք Մարիամի, զայն հրաւիրելով որ ուրախանայ, որովհետեւ Ան, զոր Մարիամ իր արգանդին մէջ կրեց, յարութիւն առաւ, ինչպէս խոստացած էր, եւ մեր անձերը կը վստահինք Մարիամի բարեխօսութեան։ Իրականին, մեր ուրախութիւնը Մարիամի ուրախութեան ցոլացումն է, որովհետեւ Ան է որ պահպանեց եւ հաւատքով կը պահպանէ Յիսուսի կեանքին եղելութիւնները։ Հետեւաբար այս աղօթքը արտասանենք զաւակներու յոյզերով, որոնք կʼուրախանան, որովհետեւ իրենց մայրը ուրախ է։»

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >