Մարեմեան աղօթքը դարձեալ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։ «Քրիստոնեայ ըլլալը յարաբերութիւն է Յարուցեալ Տիրոջ հետ»։

Մենք Յիսուսին կը նայինք, կը դպչինք ու կը սնանինք Անորմէ, եւ փոխակերպուած անոր Սէրէն, կը նայինք, կը դպչինք ու կը կերակրենք միւսները, որպէս եղբայրներ ու քոյրեր»
Ունկնդրէ Լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Եւ մինչ այսպէս կը խօսէին, ինքը Յիսուս անձամբ անոնց մէջ եկաւ, կեցաւ եւ ըսաւ անոնց. «Խաղաղութի՜ւն ձեզի, ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք»։ Բայց անոնք սարսափած` կը վախնային ու կը համարէին ոգի մը տեսնել։ «Ինչո՞ւ կը խռովիք, ըսաւ անոնց, եւ ինչո՞ւ ձեր սրտին մէջ տարակոյս կը մտնէ։ Տեսէ՛ք ձեռքերս եւ ոտքերս. ես ի՛նքս եմ. շօշափեցէ՛ք զիս եւ տեսէ՛ք. որովհետեւ ոգին մարմին եւ ոսկոր չունի, ինչպէս կը տեսնէք որ ես ունիմ»։ Այս ըսելով` ցոյց տուաւ անոնց իր ձեռքերն ու ոտքերը։ Եւ մինչ տակաւին չէին հաւատար ուրախութենէն եւ զարմացեր էին` ըսաւ անոնց. «Ուտելիք բան մը ունի՞ք հոս»։ Անոնք ալ խորոված ձուկի կտոր մը տուին եւ մեղրի խորիսխ։ Առաւ եւ կերաւ անոնց առջեւ, եւ աւելցածը անոնց տուաւ»։

Մարկոս Աւետարանիչէն քաղուած վերոնշեալ հատուածը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Պապին 18 ապրիլի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան, զոր Քահանայապետը համաճարակին պատճառաւ դադարէ ետք, դարձեալ ներկայացուց իր գրասենեակի պատուհանէն, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Աւետարանական այս հատուածը, ըսաւ Ան, յատկանշուած է երեք բայերով, որոնք կը ցոլացնեն մեր կեանքի իմաստը. Տեսնել, դպչիլ եւ ուտել։ Երեք գործունէութիւն, որոնք կարող են ուրախութիւն պարգեւել կենդանի Յիսուսին հետ իսկական հանդիպումի բերումով։

Նայիլը միայն տեսնել չէ, աւելին է, կը նեռարէ նաեւ մտադրութիւնը, կամքը

«Նայեցէք ձեռքերուս ու ոտքերուս» կ՛ըսէ անոնց Յիսուս։ Նայիլը միայն տեսնել չէ, աւելին է, կը նեռարէ նաեւ մտադրութիւնը, կամքը։ Ասոր համար անիկա սիրոյ բայերէն մին է։ Մայրն ու հայրը իրենց մանուկին կը նային, սիրահարները իրարու կը նային, լաւ բժիշկը հիւանդին կը նայի ուշադրութեամբ…» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով, որ «Նայիլը անտարբերութեան դէմ առաջին քայլն է, քայլ ուրիշներու դժուարութիւններու ու տառապանքներուն դիմաց աչքերը այլուր դարձնելու փորձութեան դէմ»։

Սէրը մօտիկութիւն, շփում եւ կեանքի բաժնեկցութիւն կը պահանջէ

«Երկրորդ բայը դպչիլն է։ Յիսուս հրաւիրելով աշակերտները դպչելու իր վէրքերուն անոնց ու մեզի ցոյց կու տայ թէ Իր եւ մեր եղբայրներուն հետ յարաբերութիւնը չի կրնար մնալ «հեռաւորութեան» վրայ։ Սէրը մօտիկութիւն, շփում եւ կեանքի բաժնեկցութիւն կը պահանջէ։ Բարի Սամարացին չի գոհացաւ միայն նայելով ճամբու եզերքին վրայ գտնուող կիսամեռ մարդուն։ Ան հպեցաւ անոր վրայ, խնամեց վէրքերը, առաւ զայն ու տարաւ պանդոկ։ Յիսուս նոյնը կ՛ընէ, զԱյն սիրելը կը նշանակէ մտնել Անոր հետ կենդանի հաղորդութեան մէջ» յարեց Սրբազան Պապը եւ ակնարկեց երրորդ բային` ուտելը։

Սուրբ Հաղորդութեան ընթրիքը քրիստոնեայ հասարակութեան խորհրդանշական նշան

Այս մէկը կ՛արտայայտէ մեր մարդկութիւնը իր բնական բնոյթին մէջ, այսինքն սնանելու մեր պահանջը, որպէսզի ապրինք։ Ուտելն ալ կը դառնայ սիրոյ հաղորդութեան եւ տօնախմբութեան արտայայտութիւն, երբ զայն կը կատարենք միասին, ընտանիքին մէջ, կամ բարեկամներով» նշեց հուսկ Սրբազան Պապը հաստատելով, որ Սուրբ Հաղորդութեան ընթրիքը դարձաւ քրիստոնեայ հասարակութեան խորհրդանշական նշան։

Յիսուս ուրուական մը չէ, այլ կենդանի, ողջ անձ մըն է

Ան ապա խորհրդածութիւնը աւարտեց դիտել տալով, որ «աւետարանական այս էջը մեզի կ՛ըսէ թէ Յիսուս ուրուական մը չէ, այլ կենդանի, ողջ անձ մըն է։ Քրիստոնեայ ըլլալը ամէնէ առաջ բարոյական իտէալ կամ վարդապետութիւն չէ, անիկայ Անոր հետ կենսունակ յարաբերութիւն է, յարաբերութիւն Յարուցեալ Տիրոջ հետ։ Մենք Անոր կը նայինք, կը դպչինք ու կը սնանինք Անորմէ, եւ փոխակերպուած անոր Սէրէն, կը նայինք, կը դպչինք ու կը կերակրենք միւսները, որպէս եղբայրներ ու քոյրեր» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով, որ «Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզ օգնէ ապրելու համար այս շնորհքի փորձառութիւնը»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/04/2021, 12:08

«Թագուհի Երկնից» աղօթքը, Լատին Եկեղեցւոյ մարեմեան չորս կցուրդներէն մին է (միւս կցուրդներն են՝ «Մայր Փրկչին», «Ողջոյն Թագուհի Երկնից» եւ «Ողջոյն Թագուհի»)։

1742 թուականին, Բենեդիկտոս ԺԴ. քահանայապետ նշանակած է, թէ «Թագուհի Երկնից» աղօթքը պէտք է կատարուէր յոտնկայս, զատկական ժամանակամիջոցին մէջ՝ Զատիկի կիրակիէն մինչեւ Պենտեկոստէ, «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքի տեղ, որպէս նշան յաղթութեան մահուան վրայ։
Այս աղօթքը, Հրեշտակ Տեառնի նման կը կատարուի օրը երեք անգամ՝ այգաբացին, կէսօրին եւ մայրամուտին՝ օրը նուիրելու համար Աստուծոյ եւ Աստուածածնի։
Այս հին կցուրդը յառաջ եկած է բարեպաշտ աւանդութենէ մը, 6-10 դարերուն, մինչ անոր տարածումը կատարուած է 13րդ դարու առաջին կէսէն սկսեալ, երբ մուծուած է ֆրանսական ժամագրքին մէջ։ Ան բաղկացած է չորս փոքր յանգատողերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կʼաւարտի «Ալէլուիա» կանչով։ Այդ աղօթքով, հաւատացեալները կը դիմեն Մարիամի՝ Երկնքի Թագուհիին, անոր հետ ուրախանալով Քրիստոսի Յարութեան համար։
2015 թուականի ապրիլի 6ին, Զատիկի յաջորդ օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը երբ կʼաղօթէր Թագուհի Երկնից աղօթքը, խորհուրդ տուաւ հաւատացեալներուն թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ սրտի կեցուածքը երբ կʼարտասանենք այս աղօթքը։
«Կը դիմենք Մարիամի, զայն հրաւիրելով որ ուրախանայ, որովհետեւ Ան, զոր Մարիամ իր արգանդին մէջ կրեց, յարութիւն առաւ, ինչպէս խոստացած էր, եւ մեր անձերը կը վստահինք Մարիամի բարեխօսութեան։ Իրականին, մեր ուրախութիւնը Մարիամի ուրախութեան ցոլացումն է, որովհետեւ Ան է որ պահպանեց եւ հաւատքով կը պահպանէ Յիսուսի կեանքին եղելութիւնները։ Հետեւաբար այս աղօթքը արտասանենք զաւակներու յոյզերով, որոնք կʼուրախանան, որովհետեւ իրենց մայրը ուրախ է։»

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >