Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Յիսուս կ՛ապրի, Սէրը յաղթեց». Հրեշտակի Երկուշաբթի օրուայ «Ողջ լեր Թագուհի» Մարեմեան աղօթքը։

Քրիստոսը գտնելը կը նշանակէ վերագտնել սրտի խաղաղութիւնը այնպէս ինչպէս պատահեցաւ կիներուն դիտել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապը բոլորին մաղթելով որ այս զատկական շրջանին ապրին հոգեկան միեւնոյն փորձառութիւնը իրենց սրտին, տուներուն եւ ընտանիքներուն մէջ ընկալելով Զատկուայ ուրախ աւետիսը. «Յարուցեալ Քրիստոսը այլեւս չի մեռնիր։ Մահը անոր վրայ ոչ մէկ իշխանութիւն ունի»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 5 ապրիլ 2021-ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնի յաջորդող երկուշաբթին, Լատինաց մօտ կը կոչուի «Հրեշտակի Երկուշաբթի», որ կը  յիշատակէ Յիսուսին Յարութենէն ետք գերեզման այցելող կիներուն հրեշտակին աւետիսը «Ի՞նչու ողջը կը փնտռէք մեռելներուն մէջ։ Հոս չէ Ան. Յարութիւն առաւ» (Մատթէոս 28, 1-15)։

Օրուան առթիւ Սրբազան Պապը, առաքելական պալատի մատենադարանէն, ուղիղ եթերի սփռումով գլխաւորեց «Ողջ լեր Թագուհի» Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուց օրուան ծիսակատարութեան ու պատգամին վրայ կեդրոնացած խորհրդածութիւն մը։

Հոս չէ՛, որովհետեւ յարութիւն առաւ

Հրեշտակը կիներուն կ՛ըսէ «գիտեմ որ խաչուած Յիսուսը կը փնտռէք։ Հոս չէ՛, որովհետեւ յարութիւն առաւ» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ « յարութիւն առաւ» խօսքը աւելի անիդն կ՛երթայ մարդկային կարողութիւններէն ու թէ այդ աւետիսը կարող էր տալ միայն հրեշտակ մը։

Սրբազան Պապը ներկայացուց ապա Մատթէոս աւետարանիչէն (Մատթ. 28. 1-15) քաղուած Յիսուսի Յարութիւնը պատմող դրուագը որ կը խօսի Յիսուսին գերեզմանը փակող գլորուած ժայռի մասին, որուն վրայ նստաւ հրեշտակը։ Այս պատկերը ըսաւ Նորին Սրբութիւնը  շօշափելի եւ տեսանելի յայտութիւնն է Աստուծոյ չարին վրայ յաղթանակին, Քրիստոսի՝ այս երկրի իշխանի յաղթանակին, լոյսին խաւարին վրայ յաղթանակին։

Երբեք չի յոգնինք որոնելէ  յարուցեալ Քրիստոսը

Յիսուսին գերեզմանը բացուած էր Տիրոջ միջամտութեան շնորհիւ եւ Աստուծոյ այս միջամտութիւնը ունի կրկնակի արձագանք։Մէկ կողմէն պահակները, որոնք չեն կարող դիմադրել Աստուծոյ ճնշիչ ուժին եւ միւս կողմէ կիներուն արձագանքը, որոնք կը հանդիպին Տիրոջ հրեշտակին, որ զանոնք կը հրաւիրէ չի վախնալու եւ Յիսուսը չի փնտռելու գերեզմանին մէջ։

Հրեշտակին այս խօսքերէն կարող ենք ընկալել արժէքաւոր ուսուցում մը. «Երբեք չի յոգնինք որոնելէ  յարուցեալ Քրիստոսը, որ կեանք կը պարգեւէ առատութեամբ անոնց, որոնք իրեն կը հանդիպին»։

Յիսուս կ՛ապրի, Սէրը յաղթեց

Քրիստոսը գտնելը կը նշանակէ վերագտնել սրտի խաղաղութիւնը այնպէս ինչպէս պատահեցաւ կիներուն դիտել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապը բոլորին մաղթելով, որ այս զատկական շրջանին ապրին հոգեկան միեւնոյն փորձառութիւնը իրենց սրտին, տուներուն եւ ընտանիքներուն մէջ ընկալելով Զատկուայ ուրախ աւետիսը. «Յարուցեալ Քրիստոսը այլեւս չի մեռնիր։ Մահը անոր վրայ ոչ մէկ իշխանութիւն ունի»։ Այս օրերուն լաւ կկ՛ըլլայ որ մենք յաճախ կրկնենք այս խօսքերը. «Յիսուս կ՛ապրի» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ աւեեցուց. «Այս վստահութիւնը մեզ կը մղէ այսօր եւ զատկական ամբողջ շրջանին աղօթելու «Ողջ լեր Թագուհիի» աղօթքը։ Մարիամին ուրախութիւնը այժմ լիակատար է, Յիսուս կ՛ապրի, Սէրը յաղթեց։ Թող որ այս ըլլայ նաեւ մեր ուրախութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/04/2021, 12:10

«Թագուհի Երկնից» աղօթքը, Լատին Եկեղեցւոյ մարեմեան չորս կցուրդներէն մին է (միւս կցուրդներն են՝ «Մայր Փրկչին», «Ողջոյն Թագուհի Երկնից» եւ «Ողջոյն Թագուհի»)։

1742 թուականին, Բենեդիկտոս ԺԴ. քահանայապետ նշանակած է, թէ «Թագուհի Երկնից» աղօթքը պէտք է կատարուէր յոտնկայս, զատկական ժամանակամիջոցին մէջ՝ Զատիկի կիրակիէն մինչեւ Պենտեկոստէ, «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքի տեղ, որպէս նշան յաղթութեան մահուան վրայ։
Այս աղօթքը, Հրեշտակ Տեառնի նման կը կատարուի օրը երեք անգամ՝ այգաբացին, կէսօրին եւ մայրամուտին՝ օրը նուիրելու համար Աստուծոյ եւ Աստուածածնի։
Այս հին կցուրդը յառաջ եկած է բարեպաշտ աւանդութենէ մը, 6-10 դարերուն, մինչ անոր տարածումը կատարուած է 13րդ դարու առաջին կէսէն սկսեալ, երբ մուծուած է ֆրանսական ժամագրքին մէջ։ Ան բաղկացած է չորս փոքր յանգատողերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կʼաւարտի «Ալէլուիա» կանչով։ Այդ աղօթքով, հաւատացեալները կը դիմեն Մարիամի՝ Երկնքի Թագուհիին, անոր հետ ուրախանալով Քրիստոսի Յարութեան համար։
2015 թուականի ապրիլի 6ին, Զատիկի յաջորդ օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը երբ կʼաղօթէր Թագուհի Երկնից աղօթքը, խորհուրդ տուաւ հաւատացեալներուն թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ սրտի կեցուածքը երբ կʼարտասանենք այս աղօթքը։
«Կը դիմենք Մարիամի, զայն հրաւիրելով որ ուրախանայ, որովհետեւ Ան, զոր Մարիամ իր արգանդին մէջ կրեց, յարութիւն առաւ, ինչպէս խոստացած էր, եւ մեր անձերը կը վստահինք Մարիամի բարեխօսութեան։ Իրականին, մեր ուրախութիւնը Մարիամի ուրախութեան ցոլացումն է, որովհետեւ Ան է որ պահպանեց եւ հաւատքով կը պահպանէ Յիսուսի կեանքին եղելութիւնները։ Հետեւաբար այս աղօթքը արտասանենք զաւակներու յոյզերով, որոնք կʼուրախանան, որովհետեւ իրենց մայրը ուրախ է։»

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >