Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Սաատ Հարիրի Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Սաատ Հարիրի 

Ֆրանչիսկոս Պապ առանձնական հանդիպումով ընդունեց նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրին։

Ֆրանչիսկոս Պապ վերահաստատեց Լիբանանը այցելելու փափաքը՝ երբ պայմանները ներեն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 22 ապրիլին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն, Տիար Մաթէօ Պրունի պատախանելով լրագրողներուն հարցումներուն հաստատեց թէ այսօր առաւօտեան, ֆրանչիսկոս Պապ առանձնական հանդիպումով ընդունեց նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրին։ կէս ժամ տեւող զրոյցի ընթացքին, ֆրանչիսկոս Պապ վերահաստատեց իր մօտիկութիւնը Լիբանանի ժողովուրդին որ կ՝ապրի դժուար ու անկայուն վիճակի մէջ, Նորին Սրբութիւնը յիշեց քաղաքական բոլոր ուժերուն պատասխանատուութիւնը՝ շտապ յանձնառու դառնալու ի շահ ազգին։

Ունկնդրէ լուրը

Վերահաստատելով Լիբանան այցելելու փափաքը՝ երբ պայմանները ներեն, ֆրանչիսկոս Պապ մաղթեց, որ Լիբանանը, միջազգային ընտանիքի զօրակցութեամբ, մարմնանայ մայրիներուն ուժը, բազմազանութիւնը, որ տկարութեան ուժ կը դառնայ հաշտուած ժողովուրդին մէջ ու իր կոչումով դառնայ հանդիպումի, համակեցութեան եւ բազմակարծութեան երկիր։ Ըսաւ Տիար Մաթէօ Պրունի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/04/2021, 12:38