Ֆրանչիսկոս Պապ ու կրօնաւորուհիներ Ֆրանչիսկոս Պապ ու կրօնաւորուհիներ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Փականիքա շրջանի Քլարիս միաբանութեան կրօնաւորուհիները։

Անհրաժեշտ է վերսկսիլ Աստուծոյ եւ եղբայրսիրութեան զօրակցութեան շնորհքով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 26 ապրիլին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Փականիկա շրջանին Քլարիսա միաբանութեան կրօնաւորուհիները։ Այս առթիւ փոխանցած գրաւոր  պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց կրօնաւորուհիներուն աղօթքներուն ինչպէս նաեւ Սանթա Մարթա մատրան համար պատրաստած մոմերուն համար

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադառնալով 2009 թուականին Աքուիլա մարզէն ներս տեղի ունեցած երկրաշարժին, յիշեց երկրաշարժին պատճառաւ կրօնաւորուհիներուն վանքին կործանումը ու մահը քոյր ժեմմա Անթոնուչիին ու երկրաշարժին հետեւանքով վիրաւորուած մայրապետները։

«Այդ ողբերգութիւնէն Աստուած ձեզ զօրեղ դուրս հանեց։ Ցորենի հատիկի նման, որ պէտք է մեռնի պտուղ տալու համար այպէս նաեւ եղաւ ձեր վանքի հասարակութեան համար։ Փորձարկեցիք մեծ վիշտը ինչպէս նաեւ երկնային Հօր Աստուծոյ սիրելի ամոքումն ու շատ մը անձերուն զօրակցութիւնը ըսաւ Ֆրանչիսկոս պապ աւելցնելով որ այդ գիշեր ամէն ինչ կորսնցուցիք, Աստուծմէ ու եղբայրսիրութենէն զատ, որոնցմով քաջութեամբ վերսկսաք։

Այժմ ձեր հասարակութիւնը պտղաբեր է կազմուած  12 երիտասարդ կրօնաւորուհիներէն։ Այս է պատգամը, որ տուիք ժողովուրդին, ողբերգութեան դիմաց «պէտք վերսկսիլ Աստուծմով եւ եղբայրսիրութեան զօրակցութիւնով։»

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց չյոգնիլ, տառապող ժողովուրդը մխիթարելէ ու խանդավառելէ, որոնք կարիքի ունին քաջութեան։ Մաղթեց որ երանելի Անթոնիայի օրինակը օգնէ դառնալու համար աղքատ ու ուրախ կիներ, աղքատ Քրիստոսին սիրոյն համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով կրօնաւորուհիներուն այցելութեան համար, հայցելով Սուրբ Հոգիէն, որ լուսաւորէ ու զօրակցի մայրապետներուն ուղեւորութեան, ապա շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց, որ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/04/2021, 11:41