Սպանա-Ամերիկեան հաստատութեան 27-րդ ընդհանուր վեհաժողովը Սպանա-Ամերիկեան հաստատութեան 27-րդ ընդհանուր վեհաժողովը 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Աղքատները թող չվճարեն ողբերգութիւններու բարձր գինը »։

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Սպանա-Ամերիկեան հաստատութեան 27-րդ ընդհանուր վեհաժողովին մասնակիցներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 21 ապրիլին, ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը յղեց Սպանա-Ամերիկեան հաստատութեան ընդհանուր քարտուղար, Տիկին Ռեպեքա Կրինփան Մայուֆիսին, հաստատութեան 27-րդ ընդհանուր վեհաժողովին առիթով։

Ունկնդրէ լուրը

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ողջունելով պետական իշխանութիւնները ու կառավարական անձնաւորութիւնները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին սոյն վեհաժողովին, անդրադարձաւ համաճարակի տագնապին նշելով, որ աշխարհը կ՝ապրի դժուար կացութեան մէջ ու բոլոր ազգերը պէտք ենք ամէն բան ու մեծ զոհողութիւններ կատարել դիմագրաւելու համար ներկայ եւ ապագայի մարտահրաւէները, գրեց ֆրանչիսկոս Պապ։ Ան ապա յիշեց միլիոններով համաճարակի հիւանդները ու զոհերը ու անոնգ ընտանեկան պարագաները, նկատել տալով որ համաճարակը չխնայեց ոչ մէկ մշակոյթ՝ ըլլայ տնտեսական, ըլլայ ընկերային մարզերէն ներս։

Ֆրանչիսկոս Պապ բարձր գնահատեց բժիշկներու, հիւանդապահներու, կամաւորներու աշխատանքը, որ կատարեցին դժուար պայմաններուն մէջ խնամք տանելով հիւանդներուն։ Անդրադարձաւ Քովիտ 19ին դէմ պատուաստանիւթին փափաք յայտնելով, որ անիկա տարածուի բոլորին ու հասանելի դառնայ տիեզերական հասարակութեան ու այս կատարելու համար պահանջը կայ շօշափելի գործողութիւններուն։

Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն ձեռնակներուն, որոնք նպատակ ունին ստեղծել զօրակցութեան ձեւեր միջազգային գետնի վրայ, ձեւեր որոնք կ՝երաշխաւորեն հաւասար տարածում պատուաստանիւթերու, որ չէ հիմնուած տնտեսական չափանիշերուն վրայ այլ նկատի կ՝առնէ բոլորին պահանջները, յատուկէն խոցելիներուն ու կարիքաւորներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ դարձեալ ընդգծեց, որ համաճարակէն անհրաժեշտ է դուրս գալ լաւագոյն ձեւով, նկատել տալով որ ներկայ տագնապը առիթ է վերամտածելու անձի եւ տնտեսութեան միջեւ յարաբերութեան մասին։ Քաջալերեց միացնել ուժերը ստեղծելու համար նոր հորիզոններ, որոնց մէջ տնտեսական շահը սկզբնական նպատակ չէ, այլ պաշտպանութիւն է մարդկային կեանքին։

Յորդորեց վերատեսել միջազգային պարտքի ճարտարապետութիւնը, որովհետեւ կարիքաւոր երկիրներուն պարտքի կշիռքի վերատեսումը ժէսթ մըն է , որ կ՝օգնէ ժողովուրդներուն զարգացումին, պատուաստանիւթերուն ստացման եւ առողջապահութեան ։

Ֆրանչիսկոս Պապ անհրաժեշտ նկատեց ուժեղ քաղաքականութիւնը, որ ունի քաջութիւն իրողութիւնները փոխելու, առաջնահերթութիւն նկատելով,  թէ աղքատները պէտք չէ որ չվճարել մարդկային ընտանիքը հարուազող  ողբերգութիւններու սուղ գինը։

Ապահովուելով Իր աղօթքը ժողովի մասնակիցներուն ֆրանչիսկոս Պապ բոլորին ու անոնց ներկայացուցած ազգերուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/04/2021, 15:25