Սրբուհի Թերեզա Տավիլացի Սրբուհի Թերեզա Տավիլացի

Ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամը Սրբուհի Թերեզա Տավիլայի մասին գումարուած համագումարի առիթով։

Ամէն հաւատացեալ անհրաժեշտ է, որ զատորոշէ իր ճամբան, ամէն մէկ անձ ունի սրբութեան ուղին, տիրոջ հետ հանդիպումի ուղին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սրբուհի Թերզեա Տավիլայի եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակումի 50-րդ ամեակի առիթով, տեղի ունեցաւ համագումար, «բացառիկ կին» տիտղոսով։ Այս առթիւ, հինգշաբթի, 15 ապրիլին, ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամ մը յղեց նշեալ համագումարին մասնակիցներուն, որուն սկիզբը նկատել տուաւ, որ համագումարին տիտղոսը «բացառի կին» նախապէս օգտագործուած է Սուրբ Պօղոս Զ Պապի կողմէ աւելցնելով, որ Սրբուհի Թերեզան բացառիկ ու զատորոշուած անձ մըն էր Յիսուսի հետ ունեցած յատուկ յարաբերութեան համար՝ աղօթքի շնորհիւ Սրբուհի Թերեզան բացառիկ է նախ եւ առաջ, որովհետեւ սրբուհի է ու Սուրբ Հոգիին հեզ էր։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ կ՝ապրինք փոփոխութեան շրջանին մէջ։ Մեր օրերուն ապրած կեանքը կը նմանի Սրբուհի Թերեզային ապրած օրերուն։

Համայն քրիստոնեաները հրաւիրուած են ապրելու քրիստոնեայ կեանք ու սիրոյ լիութիւնը։ Այդ կատարումին հասնելու համար հաւատացեալները կանչուած են օգտագործելու Քրիստոսի տուած ուժը, որպէսզի ամբողջութեամբ նուիրուինք Աստուծոյ Փառքին եւ ուրիշներու ծառայութեան։ Սուրբեր մեծ կը խթանեն այդ նպատակին հանելու համար։ Ամէն հաւատացեալ անհրաժեշտ է որ զատորոշէ իր ճամբան, ամէն մէկ անձ ունի սրբութեան ուղին, տիրոջ հետ հանդիպումի ուղին։

Սրբուհի Թերեզան հլու էր Սուրբ Հոգիին

Սրբուհին Թերեզան իր քոյրերուն կը յորդորէ որ աղօթքը՝ բացառիկ փորձառութիւն կատարել չէ այլ միացում է Քրիստոսին, ու այս միացումին նշանն է եղբայրսիրութիւնը։

Սրբուհին Թերեզան ուսուցանեց, որ աղօթքի ճանապարհը բաց է բոլորին, անոնց որոնք հլու են Սուրբ Հոգին իրենց կեանքին մէջ։ Մեղաւոր ըլլալու ճանաչումը, ճանապարհն է սրբութեան։ Աստուած երբեք չյոգնիր մեզ ներելէ։ մենք ենք որ կը յոգնինք ներում հայցելէ, սակայն Տէրը միշտ մեզ կը ներէ։ Տիրոջ ողորմածութիւնը յաւիտենական է։

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց մեր սիրտերը բանալ հեզութեան։ Աղօթքն է որ սրբութեան հասցուց սրբուհի թերեզան զայն դարձնելով բացառիկ, ստեղծարար կին։ Սրբուհին աղօթքէն բացայայտեց եղբայրութեան գաղափարականը, ու զայն իրականացուց իր վանքերու մէջ ըսելով որ հոտ բոլորս պէտք են բարեկամներ դառնալ, պէտք են իրար զիրար սիրել, իրար օգնել։

Աղօթքի միջոցաւ Սրբուհի թերեզանա ինքզինք զգաց Յարուցեալ Քրիստոսի բարեկամուհին ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տալով, որ կ՝ապրինք դժուար ժամանակներուն մէջ ու կարիքը ունինք Աստուծոյ հաւատարմութեան։

Աղօթքի զօրութիւնը

Նորին Սրութիւնը նշեց որ աղօթքը մեզի համտեսել կու տայ Աստուծոյ մեծութիւնը , բարութիւնը ու սէրն ու ցոյց կու տայ որ պատմութիւն աստուծոյ ձեռքերուն մէջ էջ։

Անհրաժեշտ է Տիրոջ ընկերակցութեամբ, ընթանալ առանց վախնալու, որովհետեւ Տէրը մեր կ՝առաջնորդէ դէպի բոլորս փափաքած ուղին՝ յաւիտեանկան կեանք։

Աստուծոյ ընկերակցութեամբ է որ կրնանք հասնիլ որեւէ մարտահրաւէրի, որովհետեւ իրականութեան մէջ միայն իր ընկերակցութիւն է, որ մեր սիրտի փափաքն է ու կը շնորհէ լիութիւն ու ուրախութիւն որուն համար ստեղծուած են։ Այս է համառօտութիւնը սրբուհիին թերեզային աղօթքին։

Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտեց պատգամը հայցելով Սրբուհի թերեզայի բարեխօսութիւն ու շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրելով որ աղօթենք իրեն համար

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/04/2021, 17:50