Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Ինտոնեզիոյ մէջ ջրհեղեղի զոհերը ապա կոչ ուղղեց մարզանքի միջազգային օրուան առիթով։

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց շարունակել եղբայրութեան մշակոյթի յանձնառութիւնը մարզանքի ծիրէն ներս, նկատի առնելով միշտ տկար անձերը։

Վազգէն Աբարդեան -  Վատիկան

Չորեքշաբթի, 7 ապրիլին, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց ու իր աղօթքը ապահովեց Ինտոնեզիոյ եւ Թիմոր կղզիէն ներս տեղի ունեցող ջրհեղեղի պատճառաւ զոհերը, հայցելով Աստուծմէ որ ընդունի մեռեալները, մխիթարէ տառապողներն ու ընտանեկան պարագաները ու զօրակցի տնանկներուն։ Սրբազան Հայր ապա կոչ ուղղեց մարզանքի միջազգային օրուան առիթով որ յիշատակուեցաւ երեքշաբթի, 6 ապրիլին։

Ունկնդրէ լուրը

Կոչին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ, երեկ, նշուեցաւ մարզանքի միջազգային օրը, խաղաղութեան եւ զօրակցութեան ի սպաս, հիմնուած Միացեալ ազգերու կողմէ։ կը մաղթեմ որ այդ օրը սլացք տայ մարզանքի փորձառութեան իբրեւ խմբային ձեռնարկ, նպաստելու համար մշակոյթներու եւ ժողովուրդներու միջեւ համերաշխութեան երկխօսութեան։

Այս հեռանկարով, ուրախ եմ ու կը քաջալերեմ Վատիկանեան մարզանքի խումբը, որ շարունակեն տարածել եղբայրութեան մշակոյթի յանձնառութիւնը մարզանքի ծիրէն ներս, նկատի առնելով միշտ տկար անձերը ու դառնալով խաղաղութեան վկաներ։ Ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ մարզանքի համաշխարհային օրուան կոչին մէջ։

Յայտնենք թէ մարզանքի միջազգային օրը հիմնուած է ՄԱԿի կողմէ 23 օգոստոս 2013ին, թիւ 67.296 բանաձեւի որդեգրումով, ըստ որուն 6 ապրիլին կը յիշատակուի մարզանքի միջազգային օրը խաղաղութեան եւ զարգացումի ի սպաս, ճանչնալով որ մարզանքը կարող է ազդել ընկերային փոփոխութեան եւ հասարակութեան զարգացումին վրայ, աշխարհագրական եւ մշակութային տարբեր միջավայրերէն ներս։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/04/2021, 10:15