La Soufrière հրաբուխը La Soufrière հրաբուխը 

Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛աղօթէ հրաբուխի պատճառաւ սպառնալիքի տակ տեղահանուածներուն համար

Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող նամակով մը Սրբազան Պապը Սան Վինչենցօ է Կրէնատինի պետութեան Ղեկավարներուն ուղղած է զօրակցական հեռագիր մը

Վատիկան Նիուզ

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պետական Քարտուղար կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող պատգամով մը ուղղուած Քարայիպեան Փոքր Անթիլեան կղզիներու Սան Վինչենցօ է Կրէնատինի իշխանութիւններուն, իր «հոգեւոր մօտիկութիւնը» արտայայտեց` «La Soufrière» հրաբուխի ժայթքումին պատճառաւ տուժած բնակչութեան, յատուկէն աղօթքներ ապահովելով անոնց որոնք ստիպուած եղան թողուլ ու հեռանալ իրենց տուներէն ինչպէս նաեւ անոնց շտապ օգնութիւն մատուցողներն։ Նորին Սրբութիւնը համայն բանուկութիւն յանձնեց Մենականալ Աստուծոյ սիրալիր նախախնամութեան»

La Soufrière հրաբուխը ունի 1.220 մեթր բարձրութիւն ու իր գործունէութիւնը սկսած է անցեալ 9 ապրիլն 40 տարիներ դադարէ ետք։ 1902 տեղի ունեցած ժայթքումը պատճառած էր 1680 մահ մինչ վերջինը որ տեղի ունեցաւ 1979-ին ոչ մէկ զոհ պատճառեց տրուած ըլլալով որ բնակչութիւնը կարողացաւ ժամանակին դուրս գալ տուներէն։ Այս օրերու ժայթքումին պատճառաւ եւս տեղական իշխանութիւնները հրահանգած են հեռանալ վտանգաւոր համարուած վայրերէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/04/2021, 09:00